Հ.Մ.Ը.Մ. ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու 19րդ ՄիջՄասնաճիւղային մարզախաղերը, Յուլիսի առաջին շաբաթավերջին յիշատակելի օրեր պարգեւեցին Փրովիտենսի «Մաունթ Փլէզընթ Հայ Սքուլի եւ Ռոտ Այլընտ Քոլէճի մարզադաշտերը համախմբուած շրջանի հայութեան, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական խանդավառութեան բարձր մթնոլորտի մէջ, չորս օր շարունակ հետեւեցաւ ոտնագնդակի, կողովագնդակի, վոլիպոլի,լողարշաւի, վազքի, թենիսի եւ փինկփոնկի հետաքրքրական մրցումներուն:
Սոյն մարզախաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի 10 մասնաճիւղերէն աւելի քան 600 մարզիկմարզիկուհիներ, որոնք ժամանած էին Պոսթընէն, Շիքակոյէն, Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն, Ֆլորիտայէն, Ուաշինկթընէն, Փրովիտենսէն, Տիթրոյթէն, եւ Թորոնթոյէն: Մարզիկները իջեւանեցան Փրովիտենսի «Մարիօթ» պանդոկին մէջ ուր հիւրընկալուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղին կողմէ, որ այս առիթով, ճիգ չէր խնայած մարզական եւ ընկերային լաւագոյն մթնոլորտը ստեղծելու:
Միջմասնաճիւղային այս մարզախաղերը տեղի ունեցան Հինգշաբթի Յուլիս 2էն մինչեւ Կիրակի Յուլիս 5, 2009 ծիլ, փոքր, կրտսեր, երէց եւ վեթերան մարզիկմարզիկուհիներու դասակարգերով: Ծնողներ ու բարեկամներ ոգեւորիչ խանդավառութեամբ կը շրջէին դաշտէ դաշտ, քաջալերելով իրենց մարզիկները, որպէսզի նորանոր յաղթանակներ արձանագրեն իրենց մասնաճիւղերուն համար, առանց անդրադառնալու թէ իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամակցութիւնը ինքնին ամենամեծ յաղթանակն է մեր հայեցի ազգային դիմագիծի պահպանման ճիգերուն մէջ:
Բացման պարահանդէսին, ներկայ էին օրուան պատուոյ հիւրերը՝ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Պաղսարեան՝ Հովիւ Փրովիտենսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ, Պատուելի Յակոբ Մանճելիքեան, Օրուան «թագաւոր»՝ Պրն. Արամ Կարապետեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Ընկ. Ժանօ Աւետիսեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Եղբ. Վահրամ Դանիէլեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան, Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ընկ. Քնար Գիլէճեան, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ընկ,. Սարգիս Մինասեան, Հ.Ե.Դ. Փրովիտենսի մասնաճիւղի ատենապետ՝ Եղբ. Սարգիս Եփրեմեան եւայլն:
Շաբաթ, Յուլիս 4ի երեկոյեան, Ռոտ Այլընտի Քոնվէնշըն Կեդրոնին շքեղ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ յաղթանակի ճաշկերոյթպարահանդէսը հովանաւորութեամբ՝ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի Բարեջան Առաջնորդ Բարձ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի ու ներկայութեամբ, բազմաթիւ հրաւիրեալներու եւ աւելի քան եօթ հարիւր հայորդիներու:
Պարահանդէսի պաշտօնական բաժինով, օրուան հանդիսավար քոյր Մակի Նալպանտեան բացաւ երեկոն բարեգալուստ մաղթելով բոլոր ներկաներուն, մանաւանդ հայ երիտասարդութեան որոնց նուիրուած է 2009 տարին ըստ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Հայ Երիտասարդութեան Տարի»ի հռչակումով:
Ան հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փրովիտենսի մասնաճիւղի ատենապետը՝ Եղբ. Սարգիս Եփրեմեան, որ հակիրճ խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբերուն, որոնց տքնաջան աշխաստանքին շնորհիւ այս շաբաթավերջը ընթացաւ մեծ յաջողութեամբ:
Յաջորդ խօսք արտասանողը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան, որ ըսաւ. «Աւելի քան 90 տարիներ առաջ, խումբ մը գաղափարապաշտ, հաւատաւոր ու հեռատես հայորդիներու յղացումով ծնունդ առաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, որուն վսեմ նպատակը եղաւ ոչ միայն ֆիզիքական՝ այլ նաեւ բարոյական ու ազգային կրթութիւն ջամբել հայ պատանիին ու երիտասարդին, բարձրացնել անոնց հոգեմտաւոր պատրաստուածութիւնը եւ զանոնք զինել այն գիտակցութեամբ, որ իրենք եւս իրենց կարգին կարենան բարձրացնել իրենց շրջապատը: Գաղափարապաշտ հիմնադիրները հայ պատանին ու երիտասարդը ներգրաւելով այս հզօր կազմակերպութեան մէջ ուզեցին առաջքը առնել ջարդէն ճողոպրած ու հայրենի օրրանէն տեղահան եղած հայ զանգուածի ձուլումին:
Այսօր, հիմնադրութենէն նոյնիսկ 90 տարիներու հեռաւորութեան վրայ կանգնած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Շրջանային Վարչութեան անունով կ’ուզեմ հպարտութեամբ յայտարարել, թէ հաւատարիմ կը մնանք մեր հիմնադիրներու վեհ գաղափարին, սկզբունքներուն եւ տեսլականին, կը մնանք միշտ պատրաստ ծառայելու, միշտ ներկայ ու մասնակից ազգի ու հայրենիքի յառաջդիմութեան ու վերելքին նպատակաուղղուած գործին մէջ:
Ինչպէս այլ շրջաններու, այս շրջանին մէջ եւս Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը զերծ չէ մնացած դժուարութիւններէ: Գուցէ համեմատելով՝ այս շրջանի դժուարութիւնները եղած են աւելի մեծաթիւ: Սակայն, հակառակ բազմաբնոյթ դժուարութիւններու, հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր, կը մնանք հաւատաւոր ու անշեղ ջահակիրները մեր հիմնադիրներու գաղափարներուն, սկզբունքներուն ու ազգային արժէքներուն, որոնք, այս օտար ափերուն վրայ, մեր նորահաս սերունդի գոյատեւման կարեւորագոյն երաշխիքները կը հանդիսանան:
Շնորհիւ մեր անդամներու անսակարկ նուիրումին ու զոհաբերութեան, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի ազնիւ աջակցութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը մնայ մեր գաղութներու ազգային դիմագիծի պահպանման կարեւորագոյն հիմնաքարերէն մէկը: Այս կազմակերպութիւնը հետեւողականօրէն կը շարունակէ պատրաստել գիտակից հայը, որ անվերապահ տէր կը կանգնի մեր ազգային իրաւունքներուն եւ կը լծուի անժամանցելի ու արդար Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն:
Եթէ կ’ընդունինք, որ երիտասարդութիւնն է ազգի մը ապագան, ապա կրնանք ըսել թէ հայեցի արժէքներով զինուած գիտակից երիտասարդութիւնը երաշխիքն է մեր ազգի գոյատեւման ու հայրենիքի բարգաւաճման:
Ուրեմն, անհրաժեշտ է լայնօրէն բանալ մեր սրտերը Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուիրական առաքելութեան առջեւ, համախմբուիլ անոր շուրջ, մեր բարոյական ու նիւթական առաջկցութեամբ սատարել անոր, մեր մասնակցութեամբ ու ներկայութեամբ մղիչ ուժ դառնալ, որպէսզի այս հզօր կազմակերպութիւնը շարունակէ սերունդներ դաստիարակելու իր նուիրական երթը, որպէսզի երաշխաւորուած տեսնենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի նպատակներուն ու իղձերուն իրականացումը՝ ի խնդիր հայ ազգին ու Միացեալ Հայաստանին:
Այս առիթով կ’ուզեմ յարգել յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք նուիրաբերած են յանուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերելքին եւ խորին շնորհակալութիւն յայտնել անոնց, որոնք դեռ կը շարունակեն սատարել անոր: Այսօր, կ’ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Փրովիտենսի մասնաճիւղին, այս տարուան միջմասնաճիւղային խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ հիւրընկալ մարմնին: Եւ վերջապէս կ’ուզեմ շնորհաւորել բոլորիս՝ այս խաղերու յաջողութեան առիթով»:
Հ.Յ.Դ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկ. Ժանօ Աւետիսեան խօսք առնելով ըսաւ. «Իննիսուն տարիներն ու իննիսնամեակը թաւալած են եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը շարունակէ իր երթը, մերթ լայնատարած, ողորկ մայրուղիներէ, մերթ նեղլիկ ու բարակ արահետներէ, սակայն միշտ ինքնավստահ կամքով եւ անխորտակ բերկրանքով:
Անունի խորհուրդին հարազատ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղաւ արժանագոյնին արձագանգը:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղաւ ականատեսը՝ հայութեան ազգապահպանման…
Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղաւ տնակը՝ պանդուխտ հայորդիին…
Դարձեալ եւ միշ°տ պատնէշի վրայ է Հ.Մ.Ը.Մ.ը: Ի վերջոյ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ն է որ, իր հիմնադրութիւնէն ի վեր համարօրէն կը պայքարի կերտելու համար տիպար ու մաքրամաքուր մարդը, հայը, մարզիկն ու սկաուտը:
Սրընթաց թափով յեղաշրջուող նոր ժամանակներու ընկալչութիւնը պիտի պահանջէ աւելի զոհողութիւն եւ նուիրում: Բնականաբար անփոփոխ պիտի մնայ յանձնառութեան ուժը:
Որքա¯ն օրերը կը թաւալին, այդքան կը դժուարանայ այս պարտականութիւնը:
Աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ ապրող հայորդիներու միջեւ, այս մարմնակրթական միութիւնը իւրայատուկ կապ մըն է: Փաստը, այսօր հոս… Փրովիտենսի մէջ, տեւոյն մասնաճիւղի հովանիին տակ կը կատարենք մեր միջմասնաճիւղային մրցումները:
Ահա այս երեւոյթին մէջ է, պէտք է փնտռել բարձրանալու եւ բարձրացնելու հրամակայականը եւ այդ ալ մի°շտ պատրաստ տրամաբանութեամբ:
Պատի¯ւ այդ նշանաբանին…
Յարգա¯նք այդ պանծալի դրօշին…
Եւ…Հսկայ նուիրման տորմիղ հրաթեւ, կամաւոր բանակ»:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Եղբ. Վահրամ Դանիէլեան, իր պատգամին մէջ յայտնեց թէ դարձեալ եւ միշ°տ պատնէշի վրայ է Հ.Մ.Ը.Մ.ը: Ի վերջոյ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ն է որ, իր հիմնադրութիւնէն ի վեր համարօրէն կը պայքարի կերտելու համար տիպար ու մաքրամաքուր մարդը, հայը, մարզիկն ու սկաուտը: Ան շարունակեց իր խօսքը, նշելով թէ սրընթաց թափով յեղաշրջուող նոր ժամանակներուն հետ ընթանալով, Հ.Մ.Ը.Մ.ականէն կը պահանջուի յաւելեալ զոհողութիւն եւ նուիրում: «Բնականաբար անփոփոխ պիտի մնայ յանձնառութեան ուժը: «Կառչած իր բարձրացի°ր բարձրացու°ր նշանաբանին, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, պիտի շարունակէ սերունդներ պատրաստել եւ դաստիարակել, այդ ալ շնորհիւ ժողովուրդին՝ համակիրներուն տածած գուրգուրանքին եւ հետեւողական ու աննահանջ քաջալերանքին»: ըսաւ եղբ. Դանիէլեան:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Արեւելեան Մ. Նահանգներու Առաջնորդ՝ Բարձ. Տ.Օշական Արք. Չօլոյեան իր խրախուսիչ պատգամով գովքը հիւսեց 91 տարեկան երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, շեշտելով որ ան հայ երիտասարդին կու տայ հայու ինքնութիւն, հաւատարմութիւն մեր ազգային արժէքներուն, ու փոքր տարիքէն անոր կը սորվեցնէ կարգ ու կանոն, յարգանք օրէնքի նկատմամբ: Սրբազան հայրը աւելցուց թէ մեր պարտականութիւնն է յաջորդ տասնամեակներուն, պայքարիլ անտարբերութեան դէմ, տէր կանգնիլ մեր ազգային ամբողջական իրաւունքներուն, օժանդակել Հ.Մ.Ը.Մ.ին ամէն ձեւով, նամանաւանդ պահելով մեր զաւակները անոր խրոխտ շարքերուն մէջ, որպէսզի անոնք դառնան արժանաւոր պատպանները մեր կրօնքին, մշակոյթին ու հայրենիքին:
Յայտագրի պաշտօնական բաժինի աւարտին, ներկաները Քալիֆորնիայէն ժամանած երգիչ Սագոյի, իր նուագախումբի եւ D.J. Յարութի ճոխ երգերով ու պարերով խանդավառ պահեր ապրեցան մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր:
Կիրակի, Յուլիս 5.2009ի կէսօրին, «Հօփ Հայ Սքուլ»ի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ միջմասնաճիւղային 19րդ մարզախաղերուն փակման շքեղ հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ‘ Արեւելեան Մ. Նահնագներու թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձ. Տ. Օշական Չօլոյեանի եւ ներկայութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազմահարիւր համակիրներու: Իսկական վայելք մըն էր ականատես ըլլալ եօթհարիւրէ աւելի մարզիկներու, սկաուտներու, արենոյշներու, գայլիկներու եւ կակուղ թաթիկներու տողանցքին, հսկողութեամբ՝ Շրջանային սկաուտական խորհուրդի: Տողացնքը կ’առաջնորդուէր Փրովիտենսի սկաուտներու նորակազմ շեփորախումբի կողմէ:
Փակման հանդիսութեան հանդիսավարն էր Եղբ. Արա Նալպանտեան, որ Տօքթ. Նատին ԱբրահամեանԼօմպարտիի հետ փոխն ի փոխ արտասանուած հայաշունչ խօսքերով ներկայացուցին հպարտ ու բարձրաճակատ կերպով տողանցող ապագայ սերունդը: Տողանցողները կը հետեւէին ծածանող հայկական դրօշին, զինանշանին ու Փրովիտէնսի մասնաճիւղին պատրաստած‘ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շուշանածաղիկ յուշատախտակին, «ԲարձրացիրԲարձրացուր նշանաբանով թեւաւորուած: Սկաուտներու շարքին կը հետեւէր հայկական տարազով զարդարուն՝ մարզիկներու մետալները ձեռքին Լենա Մինասեան: Տողանցքին սկիզբը ծափահարութիւններով գնահատուեցաւ Փրովիտենսի գաղութին ծանօթ Տիկ. Տէպի Բժոժեան, որ տպաւորիչ ձեւով մեներգեց ամերիկեան, հայկական, գանատական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգները:
Եղբ. Արա Նալպանտեան տեղեկութիւններ կու տար իւրաքանչիւր մասնաճիւղի մասին, մինչ նոյն մասնաճիւղի անդամները հպարտօրէն կը տողանցէին պատուոյ հարթակին առջեւէն: Տողանցողներու վերջին խումբը կը ներկայացնէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու հաւաքական ոտնագնդակի, պասքէթի և լողի խումբերը որ պիտի մասնակցին Օգոստոս 2009ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Համա Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8րդ մարզախաղերուն:
Ապա ան ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրերը՝ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Պաղսարեան՝ Հովիւ Փրովիտենսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ, Պատուելի Յակոբ Մանճելիքեան, օրուան «թագաւոր»՝ Պրն. Արամ Կարապետեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Ընկ. Ժանօ Աւետիսեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Եղբ. Վահրամ Դանիէլեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան, Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ընկ. Քնար Գիլէճեան, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ընկ,. Սարգիս Մինասեան, Հ.Ե.Դ. Փրովիտենսի մասնաճիւղի ատենապետ՝ Եղբ. Սարգիս Եփրեմեան եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Պատուոյ հիւրերու շարքին էր նաեւ Րոտ Այլընտ Նահանգի ընդհանուր գանձապահ՝ Պրն. Ֆրէնգ Գաբրիօ :
Խօսք տրուեցաւ Հ.Ե.Դ. Փրովիտենսի մասնաճիւղի ատենապետ՝ Եղբ. Սարգիս Եփրեմեանին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց մարզախաղերուն նպաստած բոլոր յանձնախումբերու անդամներուն, որոնց համագործակցութեամբ մարզական այս մեծ ձեռնարկը իրագործուեցաւ: Ապա խօսք առին Հրաչ Մեսրոպեան եւ Ժանօ Աւետիսեան, որոնք փոխանցեցին յաջորդաբար Շրջանային վարչութեան եւ Հ.Յ.Դ. «Ա. Շիրակեան»ի խօսքերը: Անոնք փոխանցեցին շնորհակալութիւնները մարզիկներուն ու պատասխանատուներուն որոնք փայլուն նոր էջ մը արձանագրեցին այս շաբաթավերջին, իրենց Հ.Մ.Ը.Մ. ականի վայել կեցուածքով: Եղբ. Մեսրոպեան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց պատասխանատու մարմիններուն, որոնք ընդառաջելով Շրջանայինի անցեալ տարուայ կոչին այս տարի բազմապատկեցին իրենց շարքերը, մաղթելով որ անոնք ձգտին աւելիին, հասնելով ամէն հայ պատանիի ու երիտասարդի անոնց մէջ սերմանելով ազգի ու հայրենիքի ծառայելու գաղափարը:
Յայտագրի կիսուն, մարզախաղերու կազմակերպիչ Փրովիտենսի մասնաճիւղը գործադրեց գեղարուեստական բաժին մը, ներկայացնելով հայոց պատմութեան մէջ կարեւոր անդրադարձեր հայկական մարզախաղերու մասին, հին Նաւասարդեան եւ յունական ողիմպիական խաղերու օրերէն մինչեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութիւնն ու անոր կազմակերպած մարզախաղերը: Տօքթ. Նատին ԱբրահամեանԼօմպարտի պատշաճ եղանակի ընկերակցութեամբ ներկայացուց պատմականը, որուն հետ միաժամանակ ցուցադրուեցան հսկայ պատկերները թափնեկիր հերոսմարզիկին, Յունաստանի 286րդ ողիմպիական մրցումներու ըմբշամարտութեան ախոյեան Արշակունեաց տոհմի Տրդատ Գ. Թագաւորին, 291րդ ողիմպիական խաղերու կռփամարտութեան ախոյեան‘Վարազդատ թագաւորին, 1911ին անմահ Շաւարշ Գրիսեանի կողմէ հիմնուած «Մարմնամարզ» ամսաթերթին ու վերջապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի երեք հիմնադիրներուն‘ Շաւարշ Գրիսեանի, Գրիգոր Յակոբեանի եւ Յովհաննէս Հինդլեանի : Օրուայ ասմունքողը աւարտեց պատմական բաժինը ոգեւորելով ներկաները Մհեր Դաւիթեանի «Պատիւ ու Փառք Քեզ» Հ.Մ.Ը.Մ. քերթուածի տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ:
Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին, խօսք տրուեցաւ օրուան թագաւոր‘ Ռոտ Այլընտ նահանգի նախկին ծերակուտական ու Փրովիտենսի գաղութին հանրածանօթ ազգային Պրն. Արամ Կարապետեանին, որ Ռոտ Այլընտ նահանգի դպրոցներուն մէջ, հայկական ցեղասպանութեան ուսուցումի բանաձեւը անցնել տուաւ ու պաշտօնապէս օրէնք դարձուց մեր նահանգի կրթական նախարարութեան մէջ: Պրն. Կարապետեան, որ միշտ նեցուկ կանգնած է հայ երիտասարդական բոլոր կազմակերպութիւններուն,դառնալով դաշտին վրայ եղող մարզիկներուն ու սկաուտներուն, իր շնորհաւորական ու քաջալերական խօսքերը ուղղեց անոնց, շեշտելով որ երիտասարդ սերունդն է որ իր յարատեւութեամբ ու վճռակամութեամբ պիտի յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւններուն այս օտար ափերուն վրայ:
Եղբ. Վահրամ Դանիէլեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ շնորհաւորեց բոլոր մասնաճիւղերու պատասխանատուները, կարգադիր յանձնախումբերն ու մարզիկները:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Սրբազան Հայրը որ իր խրախուսիչ պատգամով օրուայ խանդավառութիւնը կը հասցնէր իր գագաթնակէտին: Ան իր դէմքը դարձնելով երիտասարդ մարզիկներուն, որոնք Ամերիկայի եւ Քանատայի ափերուն ծնած, կը մեծնան Հ.Մ.Ը.Մ.ի շուքին ներքեւ, կը վստահեցնէր թէ անոնք կը պատկանին հայ ցեղին ու հայ եկեղեցիին, թէ անոնք ունին Հայաստանը որպէս հայրենիք ու հայերէնը որպէս մայրենի լեզու: Ձեր ինքնութիւնը ծնողներէն տրուած շնորհք մը չէ միայն, աւելցուց Սրբազան հայրը, այլ պարտաւորութիւն մը ձեր անձը, ձեր եղբայրն ու քոյրը յարգելու, ձեր եկեղեցին, լեզուն, մայր հայրենիքն ու ձեր ծննդավայրը սիրելու, ու արժեւորելու դուք ձեզ: Սրբազան Հայրը, իր սրտանց շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսքերը կ’եզրակացնէր դարձեալ խօսքը ուղղելով հայ երիտասարդութեան, «Արարատը ձեզ կը սպասէ, քալեցէ°ք դէպի յաղթանակ , դուք էք մեր զրկուած հողին տէրը, քալեցէ°ք միշտ առաջ»:
Փակման հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ յուշատախտակներու բաշխում բոլոր մասնակցող մասնաճիւղերուն, Շրջանային Մարզական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ Եղբ. Յակոբ Սուլագեանի կողմէ: «Տիգրան Ա. Քհնյ. Խոյեան»ի շրջուն բաժակը շնորհուեցաւ Պոսթընի մասնաճիւղին որ առաջինը հանդիսացաւ բոլոր մարզախաղերու մէջ առաւելագոյն թիւով կէտեր հաւաքած ըլլալուն համար: «Յովհաննէս Ստամպուլեան»ի շրջուն բաժակը շնորհուեցաւ Ֆլորիտայի մասնաճիւղին, ամենէն տիպար եւ լաւ կազմակերպուած մասնաճիւղը ըլլալուն համար: Կէսօրէ ետք ժամը երկուքին, հանդիսավար Եղբ. Արա Նալպանտեան շնորհակալական խօսքերէն ետք, յայտարարեց թէ Յուլիս 2010ին Արեւելեան Շրջանի 20րդ ՄիջՄասնաճիւղային մարզական խաղերը տեղի պիտի ունենան Նիւ Ճըրզի նահանգին մէջ, ինչպէս նաեւ Օգոստոս 2009ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Համա Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8րդ մարզախաղերը և 9րդ Համա Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտական ընդհանուր բանակումը 2010ին Հայաստանի մէջ: Սրբազան Հօր աղօթքէն ետք, սկաուտները հպարտօրէն տողանցեցին դաշտէն դուրս արտացոլելով մուտքի տողանցքի ատեն արտասանուած Ք. Ժպտունիի քերթուածի հետեւեալ տողերը.
Դէմքիդ ժպիտ,աչքիդ հուր
Բարձրացի°ր բարձրացուր,
Քաջարի հոգիդ ցոյց տուր
Բարձրացի°ր, բարձրացուր:
Մ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ.-
1. Պոսթըն 75 կէտ
2. Փրովիտենս 33
3. Նիւ Ճըրզի 28
4. Թորոնթօ 19
5. Շիքակօ 18
6. Տիթրոյթ 17
7. Ֆիլատելֆիա 15
8. Նիւ Եորք 12
9. Ֆլորիտա 8
10. Ուաշինկթըն 7