97-ԱՄԵԱԿԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՔՈՆԿՐԷՍԷՆ ՆԵՐՍ

0 0
Read Time:1 Minute, 10 Second


 ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան աւելի քան քսան անդամներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Ծերակոյտի հանրածանօթ “Քեննետի“ սրահին մէջ:

Քէն Խաչիկեան քոնկրէսականներ Աննայ Էշուի եւ Ճեքի Սփիրի հետ

Այս առթիւ, Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Քեն Խաչիկեան ողջունեց մեծաթիւ քոնկրեսականներու ներկայութիւնը եւ նախագահ Պարաք Օպամայի որդեգրած քաղաքականութեան նկատմամբ` անոնց որդեգրած դիրքը, յոյս յայտնելով, որ այս արշաւը շարունակելով` կարելի պիտի ըլլայ վերջ մը դնել ճշմարտութիւնը ծածկելու Անգարայի փորձերուն:

Ոգեկոչման ձեռնարկը կազմակերպուած էր Քոնկրէսին մէջ Հայկական հարցերու համախմբումին (համանախագահութեամբ` Էտ Ռոյսի եւ Ֆրենք Փալոնի), ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութեանց եւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի ու Արցախի ներկայացուցչութեանց համատեղ ջանքերով:

Ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէս եւ…

Ելոյթ ունեցող անձնաւորութիւնները խստօրէն քննադատեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը` շեշտելով Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչնալու եւ զայն դատապարտելու կարեւորութիւնը:

Յատկանշական ելոյթներ ունեցան Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեանը եւ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, որոնք շեշտեցին ու կարեւորեցին Քոնկրէսի հովանիին տակ կազմակերպուող այս ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու նպատակով տարուող աշխատանքներուն կարեւորութիւնը: Նշենք թէ, դեսպան Մարգարեան “Մխիթար Գոշ“ շքանշանը յանձնած է ծերակուտական Մարք Քըրքի,

Էտ Ռոյս` Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ

Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Աննա Էշուի ու Պրետ Շըրմընի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles