ՆԻՒ ԵՈՐ­ՔԻ ՄԷՋ` ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ ԱՐ­ՑԱ­ԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀ Բ. ՍԱՀԱ­ԿԵԱՆԻ ՀԵ­Տ

0 0
Read Time:39 Second

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, արդէն իսկ ժամանած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Ան ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրները:

Նախագահը ընդգծեց, թէ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ղարաբաղեան պետականութեան կարեւոր հիմքերէն է, եւ անոր շարունակական ամրապնդումը համայն հայութեան գերխնդիրներէն մէկը կը հանդիսանայ: Նախագահը, նոյն օրը Նիւ Եորքի մէջ հանդիպեցաւ նաեւ ամերիկացի բարերար Վըրճինիա Տէյվիսի հետ, քննարկելու համար Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուած հարցեր:

Նախագահ Սահակեան շեշտեց կարեւորութիւնը «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին՝ Արցախի զարգացման գործին մէջ, զայն որակելով որպէս ներհայկական միասնականութեան ամրապնդման ամէնէն կարեւոր օղակներէն մէկը:

Սահակեան այցելեց Նիւ Ճըրզի նահանգի Փարամուս քաղաքին մէջ գտնուող Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կեդրոնական գրասենեակը եւ հանդիպեցաւ կազմակերպութեան խումբ մը անդամներու հետ՝ գործադիր տնօրէն Լեւոն Ֆիլեանի գլխաւորութեամբ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles