ԱրտերկիրԼրահոս

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՎ ՀԱՐՑԱԽԱՂ 

 

Հինգշաբթի, 24 Սեպտեմբերի, երկրորդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ հայկական նիւթերով հարցախաղ մը, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ՝ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանի եւ հոգաբարձութեան։

Աւելի քան 50 հոգիի մասնակցութեամբ, կազմուեցան վեց խումբեր, որոնք իրենց գիտելիքները փորձարկեցին բազմաթիւ հայկական նիւթերու մէջ։ Իւրաքանչիւր խումբ հարցումներ կ՚ընտրէր հինգ տարբեր դասակարգերէ։ Յաղթական խումբը՝ 40 հարցումներու գլխաւոր հանգրուանէն եւ 5 յաւելեալ հարցումներէ ետք, շահեցաւ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի «Մեկնութիւն Հայ Եկեղեցւոյ Հաւատամքի» հատորը՝ հայերէն ու անգլերէն, եւ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի «Նիկիոյ տիեզերական ժողովը եւ Նիկիոյ հանգանակը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ» անգլերէն աշխատութիւնը, ինչպէս եւ նուռի ձեւով բաժակներ։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button