Յօդուածներ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 111-ԱՄԵԱԿԸ

Այս շաբաթավերջին, Հայ ժողովուրդը ի մայր Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի պիտի ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարեդարձը՝ Ս. Պատարագով, դասախօսութիւններով ու քայլարշաւներով, անգամ մը եւս հրապարակային կերպով բարձրացնելով իր ձայնը յանուն արդարութեան եւ պահանջատիրութեան։

Անցեալ շաբաթ հարցազրոյց մը ունենալով եւրոպական հեռատեսիլի մը կայանէն, այսօր կ՛ուզեմ ձեր հետ բաժնել միայն երկու հարց ու պատասխաններ, վստահ ըլլալով որ մեր ժողովուրդի զաւակներն ալ կը հետաքրքրեն։

Առաջին հարցումը այն էր, թէ քրիստոնէական ներողամտութեան պրիսմակէն դիտուած որքա՞ն հաշտ է արդարութիւն ու ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջելը։  Պատասխանս հետեւեալն էր. «Կը հաւատամ, թէ Աստուածաշունչը յստակ լուծում կը հայթայթէ այս երկընտրանքին ուղղութեամբ, զոր կը կարդանք Ղուկասու Աւետարանին մէջ։ Երբ Զաքէոս մաքսաւորը իր տունը կը հիւրընկալէ Քրիստոս, հետեւեալ յայտարարութիւնը կ՚ընէ. «Որեւէ մէկը եթէ անիրաւաւած եմ, քառապատիկ պիտի հատուցանեմ»։ Ի հետեւումն այդ խօսքին, Յիսուս կ՚ըսէ. «Այսօր այս տունը փրկուեցաւ, քանի այս մարդն ալ Աբրահամի զաւակն է»։

Զաքէոս անկեղծօրէն զղջալով անցեալի իր կատարած սխալները, կը խոստովանի զանոնք, կը յեղաշրջէ իր կեանքը, եւ պատրաստ կ՚ըլլայ հատուցում ընել բոլոր անոնց որոնց հանդէպ անիրաւ գտնուած էր (Ղկ 19:8-9)։ Իր սխալներուն ճանաչումով եւ հատուցմամբ, ան ներում գտնելով նոր կեանք կը սկսի որպէս Աբրահամի զաւակ։

Սուրբ գրային այս դէպքին մէջ շատ յստակ կը տեսնենք, թէ ներողամտութիւնը եւ սխալներու ճանաչումն ու հատուցումը երբեք զիրար չեն ժխտեր, այլ կ՚ամբողջացնեն։ Հայ ժողովուրդը ամենայն համբերութեամբ կը սպասէ Թուրքիոյ իշխանութիւններէն այն խիզախութիւնը, որ խոստովանին իրենց հայրերու գործած ցեղասպանութիւնը եւ արդար հատուցում ընեն, որուն կը հետեւի ներողութիւնը։ Ափսո՜ս, մինչեւ օրս անոնք նման բան չեն միտած ընել։ Աւելին. ո՛չ միայն որեւէ պատասխանատուութիւն չեն ստանձներ, այլ շարունակաբար պատմութիւնը կը խեղադիւրեն։

Երկրորդ հարցումը այն էր, թէ մեր երիտասարդութիւնը ի՞նչ պէտք է քաղէ անցեալի պատահած այս ցեղասպանութենէն․ ինքնութեան գիտակցութիւ՞ն, դիմադրողականութի՞ւն, երկխօսութի՞ւն, թէ՞ արթնամտութիւն։ Պատասխանս եղաւ՝ բոլորն ալ կարեւոր հաստատումներ են, որոնց մէջէն կ՛ուզեմ առանձնացնել երկխօսութիւնը, որովհետեւ կը հաւատամ, թէ ամենէն ազդու միջոցն է անհատներու թէ ազգերու միջեւ դրական յարաբերութիւն մշակելու։ Ինչպէս որ մետալը երկու երեսներ ունի, նմանապէս երկխօսութեամբ նոյն հարցը միակողմանի չի դիտուիր, որով աւելի ամբողջական եւ առարկայական կ՛ըլլայ։ Զիրար մեղադրելու փորձութենէն հեռու, երկխօսութիւնը հասարակաց յայտարար կը ստեղծէ բաժնեկցելու փոխադարձ մտահոգութիւնները եւ ձերբազատելու սխալ հասկացողութիւններէ, հարթելով խաղաղութեան, համագործակցւթեան եւ բարգաւաճումի ճանապարհը։

Advertisement Subscribe Today

Ցանկալի է որ օր մը, երբ անցեալը արդար եւ բարոյապէս ընդունելի լուծում գտնէ, զոյգ ազգերու երիտասարդները ուր որ հանդիպին իրարու, փոխանակ թշնամանքի փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ հաշտ կերպով զիրար ողջունեն։

Մինչ այդ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Չարչարանքի եւ Յարութեան հաւատքով ու յոյսով մեր դիմադրողականութիւնը զօրացնելով, քալենք Գողգոթայի Խաչը Կրողին հետ, միշտ հաւատալով արդարութեան ու բարութեան գերագոյն յաղթանակին։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button