Լրահոս

«Պայքարը Կը Շարունակուի» Կարգախօսով Ջահերթ

 

ԵՐԵՒԱՆ,- 23 Ապրիլին, Հանրապետութեան հրապարակէն սկսաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններու նախաձեռնած աւանդական ջահերթը, որ այս տարի կը կրէր «Պայքարը կը շարունակուի» խորագիրը: Երթը կ՛առաջնորդէր հոգեւոր դասը: Երթին մասնակցողները Հանրապետութեան հրապարակին մէջ այրեցին Թուրքիոյ դրօշակը։

Մասնակցողները բարձրացուցած էին դրօշները այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ երթին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան աւելի քան 1.5 միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին: Երթին մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:

Երթէն առաջ,Հանրապետութեան հրապարակին վրայ խօսք առաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը:

Խօսքեր արտասանեցին նաեւ Հ.Յ.Դ.-ի անդամ Սեւակ Նազարեանը եւ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Ժորա Աւտալեանը:

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button