Վարդան Առաքելեանի Յաջող Ելոյթը Ռէտինկի Նուագախումբին Հետ

Բացատիկ էր երիտասարդ դաշնակահար Վարդան Առաքելեանի ելոյթը, Շաբաթ, Մարտ 21-ի երեկոյեան, Ռէտինկի (Մասաչուսէց) Memorial High School-ի սրահին մէջ: Ամէնայն համարձակութեամբ, ան նուագեց դժուար գործ մը՝ Սերժ Փրոքոֆիեւի դաշնակի առաջին քոնչերթոն, տեղւոյն համանուագային խումբին (Reading Symphony Orchestra) հետ, ղեկավարութեամբ Ճորճ Օկաթայի, որ նախքան այս կտորն ու Վարդան Առաքելեանը ներկայացնելը, իր խումբին հետ նուագեց սպանացի Մանուէլ Տը Ֆայայի հանրածանօթ «Ծիսական կրակի պարը» (Danza ritual del fuego) գործը։

Օկաթա հիացմունքով արտայայտուեցաւ Վարդան Առաքելեանի մասին, յայտնելով, թէ պատահմամբ տեսած էր անոր մէկ ելոյթը եւ կապ հաստատած հետը, որպէսզի իր ղեկավարած խումբին հետ, իբրեւ սոլօ երաժիշտ նուագէ։ «Վստահաբար կուշտ ու կուռ ըմբոշխնեցիք Վարդանը, որ իր առջեւ ունի փայլուն ապագայ մը։ Հպարտ եմ, որ գործակցեցայ այս երիտասարդ աստղին հետ եւ սրտանց յաջողութիւն կը մաղթեմ», ըսաւ Օկաթա, որ յայտագրի երկրորդ մասով ղեկավարեց համեմատաբար անծանօթ, բայց եզակի գործ մը՝ ամերիկացի յօրինող Փօլ Քրեսթընի երկրորդ համանուագը (Symphony No. 2, Op. 35)։

