Յակոբ Մովսէս Կը Մնայ Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ
ԵՐԵՒԱՆ․- Փետրուար 13-ին, Ազգային ժողովը փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ չդադրեցուց Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովի անդամ Յակոբ Յակոբեանի (գրական ծածկանուն` Յակոբ Մովսէս) լիազօրութիւնները:
Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան հիմնաւորումով` Յակոբ Մովսէս` իբրեւ պետական անկախ մարմինի անդամ, խախտած է Սահմանադրութեան այն կէտը, որով այս յանձնաժողովի անդամը քաղաքական զսպուածութիւն պէտք է ցուցաբերէ, մինչդեռ հարցազրոյցներուն մէջ Յակոբ Մովսէս Հ․Յ․ Դաշնակցութեան դէմ կը խօսէր: Ան Հ․Յ․Դ․-ի գաղափարախօսութիւնը եւ կարգախօսը` «Մահ կամ ազատութիւն»-ը վտանգաւոր նկատած էր:
Այս հարցը բուռն բանավէճի դուռ բացած էր Ազգային ժողովին մէջ` պատճառ դառնալով միաժամանակ, որ իշխանական պատգամաւորներ հակադաշնակցական յայտարարութիւններ կատարեն:
Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորները քուէարկութեան չեն մասնակցած, իսկ ընդդիմադիրներու 28 կողմ ձայները բաւարար չեն եղած, որպէսզի Յակոբ Յակոբեանի լիազօրութիւնները դադրեցուին: Այսպիսով, ընդդիմադիրներու ներկայացուցած նախագիծը մերժուած է:

