Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Սեմին՝ Երեւան Եւրոմիութենէն Օգնութիւն Կը Խնդրէ
ՊՐԻՒՔՍԷԼ․- Խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին, Երեւան օգնութեան խնդրանքով դիմած է Եւրոմիութեան, որուն արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչը՝ Քայա Քալաս, տեղեկացուց, թէ այս հարցը քննարկուեցաւ անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ նոյն օրը տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Հանդիպումին մասին յայտարարութիւն մը հրապարակեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով, որ Եւրոպական Միութեան գործընկերներուն հրաւէրով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան մասնակցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ձեւաչափի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին:
Պրիւքսէլ արդէն յայտարարած էր, որ ընտրութիւններուն ընդառաջ 12 միլիոն եուրօ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Երեւանին` արտաքին միջամտութեան դէմ պայքարելու համար: Ճիշդ է, որ հայ պաշտօնատարներ երկրի անուն չեն տար, սակայն, եւրոպացի պաշտօնեաներ ուղղակիօրէն կը յայտարարեն, որ խօսքը Ռուսիոյ մասին է:
«Դուք գիտէք, որ Հայաստանի մէջ յաջորդ տարի տեղի պիտի ունենան ընտրութիւններ, եւ մենք պէտք է տեսնենք, թէ ի՛նչ կրնանք ընել անոնց օգնելու համար: Հայերը դիմած են մեզի` խնդրելով արտաքին միջամտութեան դէմ պայքարին մէջ ցուցաբերել նոյնպիսի աջակցութիւն, զոր մենք տրամադրած էինք Մոլտավիոյ», յայտարարեց Քալաս։
«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան փոխնախագահ Գէորգ Պապոյեան 15 Դեկտեմբերին, խորհրդարանին մէջ հաստատեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնը 2026-ի ընտրութիւններէն առաջ արտաքին վտանգները չէզոքացնելու համար օգնութեան կարիքը ունի:
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ քննարկելը, ըստ Հայաստանի ընդդիմադիրներուն, բացայայտ միջամտութիւն է պետութեան ներքին գործերուն.

