Տիթրոյթի Հ.Ե.Դ.-ի «Կոպեռնիկ Թանտրճեան» Մասնաճիւղի 55-ամեակի Նշում՝ Տարեկան Պարահանդէսին Ընթացքին

![]()
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Տիթրոյթի «Կոպեռնիկ Թանտրճեան» մասնաճիւղը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 55-ամեակը, տարեշրջանի նոյեմբերեան պարահանդէսին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 28-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Regency Manor & Banquet Center-ի (25228 W. 12 Mile Rd., Southfield, MI 48034) մէջ։
Հիմնուած 1970-ին, գաղութէն ներս երկարամեայ գործիչ եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Կոպեռնիկ Թանտրճեանի անունով, Տիյթրոյթի մասնաճիւղը տարիներու ընթացքին մեծ դեր ունեցած է, Հ․Յ․Դ․-ի առաքելութիւնը յառաջ տանելու մէջ՝ կրթական ծրագրերու, Հայ Դատի աշխատանքներու, ընկերային ու մշակութային նախաձեռնութիւններու միջոցներով։ Այս յիշատակելի տարեդարձին ընթացքին պիտի մեծարուին Տիյթրոյթի Հ․Յ․Դ․-ի Երիտասարդական Միութան ողիմպիական խաղերու թագաւորներն ու թագուհիները, «Վարատեան» մրցանակի շահողները, եւ պիտի ներկայացուի Հ․Ե․Դ․-ի բաժակը, որ կրկնակի յաղթանակներէ ետքկը վերադարձուի համայնքին։
![]()
Ձեռնարկը պիտի սկսի երաժշտութեամբ՝ Նիկողոսեան Նուագախումբին ներկայացումով, որոնց պիտի միանան Արա Թոփուզեան, Ճոն Թոսոյեան եւ Կէրի Կերճէկեան, եւ Խաչիկ Գազարեան։ Ապա, բեմ պիտի բարձրանայ անզուգական մեկնաբան Էլի Պերպէրեան՝ հանդէսը յաւելեալ ոգեւորելու համար։
«Այս ձեռնարկը իսկական վերադարձ մըն է տուն՝ Հ․Յ․Դ․-ի Երիտասարդական Միութան բոլոր սերունդներուն համար, եւ առիթ՝ մեր միացեալ նուիրումը Հայ Դատին եւ գաղութային ծառայութեան վերանորոգելու։ Հրաւիրած է ամբողջ գաղութը՝ միանալու մեզի՝ յարգելու անցեալ սերունդները եւ ներշնչելու գալիքը», ըսաւ Սոֆիա Գազարեան, որ կը համադրէ միջոցառման կազմակերպչական աշխատանքները։ « ։»
Տոմսերը կարելի է ապահովել՝ https://givebutter.com/NOVDANCE25։ Սակ՝ $70 երիտասարդական աանդամներու համար եւ $100 համակիրներուն համար։ Հովանաւորութիւններ՝ արծաթեայ Թագէն (Silver Crown – $100) մինչեւ ադամանդ թագ (Diamond Crown – $1,000)։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կապ հաստատել Կարօտ Համակործեանի հետ՝ (248) 707-4208 հեռախօսով կամ՝ detroit@ayf.org հասցէին։

