ԱմերիկահայԼրահոս
Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզիի Համայնքը Կը Պատրաստուի Ընդունելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը
Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի շրջաններու համայնքը կը պատրաստուի ընդունելու Վեհափառ Հայրապետը։ Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբերին, գահակալութեան 30-ամեակի հանդիսութիւնները պիտի սկսին սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանի համերգով, հանրահռչակ «Քառնըկի հոլ»-ի մէջ, որուն պիտի հետեւին տարբեր ձեռնարկներ, յաջորդ երեք օրերուն ընթացքին։

