Լրահոս

Հայ Դատը Կը Քննադատէ Արցախի Անտեսումը

 

 ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէն քննադատեց Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած Հայաստան-Ատրպէյճան-Միացեալ Նահանգներ հռչակագիրը՝ զայն որակելով «վտանգաւոր համաձայնութիւն» մը։ Քննադատուեցաւ յատկապէս այն իրողութիւնը, որ հռչակագիրը ամբողջութեամբ անտեսած է Արցախի 150 հազար բնիկ հայերու վերադարձի իրաւունքին ապահովումը, ինչպէս նաեւ հայ գերիները ազատ արձակելը եւ Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելը։

«Նոյնինքն Տանըլտ Թրամփն էր, որ չկրցաւ կանգնեցնել Ատրպէյճանի 2020 թուականի յարձակումը Արցախի վրայ։ Եւ այսօր, ան կը պարգեւատրէ այս յարձակումը, կը վտանգէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ կը հաստատէ աւելի քան 150 հազար բնիկ հայ քրիստոնեաներու ցեղային զտումը։ Ամէնէն անհանգստացուցիչ դրոյթներէն մէկն է նախագահ Թրամփի որոշումը զիջելու Օրէնքի “Freedom Support Act”-ի 907-րդ յօդուածի կիրարկումը, որ կ՚արգիլէր Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին», յայտարարեց Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

Այս համաձայնագրի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք, Քոնկրէսի Հայկական Խմբակին առաջնորդները պահանջեցին Հայաստանի համար պարտադիր անվտանգութեան երաշխիքներ, հայ ռազմագերիներու ազատ արձակում եւ Արցախի տեղահանուած բնակչութեան պաշտպանութիւն։

Խմբակին հիմնադիր համանախագահ Ֆրանք Փըլոն (Դեմոկրատ – Նիւ Ճըրզի) շեշտեց ապագայ ատրպէյճանական խախտումներ կանխելու ամուր վերահսկողութեան կարիքը։ «Ամէն վերջնական համաձայնագիր պէտք է ներառէ ամուր վերահսկողութիւն եւ անվտանգութեան երաշխիքներ Հայաստանի համար, եթէ Ատրպէյճանը խախտէ իր պայմանները։ Այս առումով, սխալ է զիջիլ Օրէնքի 907-րդ յօդուածը։ Չկայ որեւէ պատճառ զինուորական օգնութիւն տրամադրելու Ատրպէյճանին։ Նաեւ, պէտք է աւելի ճնշում գործադրել, որ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ ազատ արձակէ գերիները եւ դուրս քաշէ իր զօրքերը Հայաստանի տարածքէն։ Ունինք բարոյական պարտաւորութիւն ապահովելու անվտանգ, արժանապատիւ եւ տեւական վերադարձ տեղահանուած հայերու՝ իրենց բնիկ Արցախին», ըսաւ ան։

Համանախագահ Պրետ Շըրմըն (Դեմոկրատ – Քալիֆորնիա) ընդգծեց, որ պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկել Ատրպէյճանը եւ ապահովել շօշափելի պաշտպանութիւններ Հայաստանի համար։ «Ատրպէյճան կը շարունակէ ապօրինի պահել հայ ռազմագերիներ։ Հայ ռազմագերը պէտք է անմիջապէս եւ անպայմանական ազատ արձակուին», ըսաւ Շըրմըն։

Advertisement Subscribe Today

Հայ Դատի յանձնախումբը, որ հռչակագիրին ստորագրութենէն մէկ օր առաջ կասկած յայտնած էր համաձայնութեան վերաբերեալ, անգամ մը եւս շեշտեց, որ անիկա Հայաստանի գերիշխանութեան սպառնալիք մը կը հանդիսանայ եւ գործնականին մէջ վարձատրութիւն մըն է Պաքուի ցեղասպանական գործողութիւններուն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button