Արուեստ Եւ ՄշակոյթԼրահոս

Երեւան․- Ջաւախքեան Մեղեդիներ Կազմակերպութեամբ «Համազգային»-ի

 


25 Յուլիսին, «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, Երեւանի գրասենեակը  կազմակերպեց «Ջաւախքեան մեղեդիներ» խորագրով համերգ մը, որ նուիրուած էր հայրենաճանաչողական կարեւորագոյն ծրագիրներէն` ուսանողական հաւաքի 30-ամեակին եւ հայ մեծանուն բանաստեղծ Վահան Տէրեանի ծննդեան 140-ամեակին։

Համերգային երեկոյի ընթացքին հնչեցին հայոց Ջաւախք աշխարհի գուսաններ` Ջիւանի եւ Հավասի, ինչպէս նաեւ Վահան Տէրեանի շարք մը բանաստեղծութիւններու հիմամբ գրուած երգեր՝ սիրուած երգիչներ Մավր Մկրտչեանի, Վարդան Բադալեանի, Գուրգէն Դաբաղեանի, Աբել Աբելեանի, Արեգնազ Մկրտչեանի կատարմամբ եւ «Նովա» ազգային նուագարաններու համոյթի ուղեկցութեամբ։

Advertisement Subscribe Today

Բացման խօսքը կատարեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան։

«Մեզ վիճակուած է ապրել հայոց պատմութեան ճակատագրական ժամանակահատուածում, երբ կռիւը մղւում է մեր ազգային արժէքների եւ ինքնութեան պահպանման դէմ։ Այս առումով սեփական մշակոյթին կառչելն ու պահպանելը ձեռք է բերել քաղաքական իմաստ։ Եւ եթէ մենք այս անդունդից պէտք է վեր բարձրանանք դէպի ազգային նոր վերածննդի բարձունքները, ապա այդ վերելքը, առաջին հերթին, մշակոյթի ու կրթութեան հունով է ընթանալու»,- ըսաւ Շահպազեան։

Նաեւ խօսք առաւ «Արեւմտահայոց հարցերի ուսումնասիրութեան կեդրոնի» տնօրէն, հայագէտ Հայկազուն Ալվրցեանը` անդրադառնալով ջաւախքեան գուսանական արուեստի ստեղծման պատմութեանն ու ակունքներուն։

Վահան Տէրեանի թոռ, գրականագէտ Գէորգ Էմին Տէրեանն ալ անդրադարձաւ Վահան Տէրեան բանաստեղծի գործունէութեան, գրականութեան եւ հասարակական-քաղաքական կեանքին։

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button