Երբ Իրապաշտութիւնը Կը Վերածուի Ուրացման. Սփիւռքը «Երազ» Չէ

Մուրատ Մանուկեան
Պոսթըն – Մասաչուսէց
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի «Երեւանեան երկխօսութիւն» համաժողովին արտայայտած տեսակէտները (ի պատասխան այն հարցումին, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ որոշում տալու ատեն որքանո՛վ նկատի կ՛ունենան Սփիւռքի հայերուն կարծիքը) առաջին հայեացքով կրնան թուիլ որպէս «իրապաշտութեան» կոչ։ Սակայն աւելի մօտ քննութեան պարագային անոնք կը բացայայտեն ոչ միայն տրամաբանական խոցելիութիւններ, այլեւ պետական մտածողութեան մը վտանգաւոր նեղացում, որ անյարիր է անկախ պետութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչի մը։
Ոչ ոք երբեւէ պնդած է, թէ Սփիւռքը միատարր ամբողջութիւն մըն է։ Բնական է, որ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Աւստրալոյ հայ համայնքներու առօրեայ շահերը ամբողջովին չհամընկին։ Սակայն նախարարին փաստարկին հիմնական թերութիւնը այն է, որ ան կը շփոթէ տեղային կամ համայնքային շահերը՝ ազգային գերագոյն շահերուն հետ։ Հայ ժողովուրդի գոյաբանական, անվտանգային եւ ինքնութենական հարցերը չեն դադրիր համահայկական ըլլալէ միայն այն պատճառով, որ հայերը տարբեր պետութիւններու քաղաքացիներ են։
Եթէ նոյն տրամաբանութիւնը կիրարկենք Հայաստանի ներքին իրականութեան վրայ, պիտի ստիպուինք ընդունիլ, որ Սիւնիքի, Գիւմրիի, Երեւանի կամ Տաւուշի բնակիչներու շահերը նոյնպէս ամբողջովին չեն համընկնիր։ Բայց երբ խնդիրը կը վերաբերի Հայաստանի անվտանգութեան, պետականութեան կամ ազգային ինքնութեան, այդ տարբերութիւնները երկրորդական կը դառնան։ Անկախ պետութիւնները կը գոյատեւեն հէնց այն պատճառով, որ կը կարենան տեղային տարբեր շահերը միաւորել համազգային տեսլականի մը շուրջ։ Ուստի նախարարին փաստարկը տրամաբանական շարունակութեան մէջ կը քայքայէ ոչ միայն Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնը, այլ նաեւ ազգային միասնականութեան գաղափարը ընդհանրապէս։
Երկրորդ խնդրայարոյց կէտը Ցեղասպանութեան յիշողութիւնն ու պահանջատիրութիւնը «երազ» որակելն է։ Այստեղ կը գործածուի կեղծ երկընտրանքի դասական մեթոտը. կարծէք հայ ժողովուրդը պէտք է ընտրութիւն կատարէ պատմական յիշողութեան եւ խաղաղ ապագայի միջեւ։ Սակայն պատմական արդարութեան պահանջը ինքնաբերաբար չի նշանակեր անվերջ պատերազմ կամ տարածապաշտութիւն։ Աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներ՝ հրեաներէն մինչեւ յոյներ եւ արաբ ժողովուրդներ, կը շարունակեն իրենց պատմական յիշողութիւնը քաղաքական ու մշակութային մակարդակներու վրայ առանց այդ մէկը վերածելու մշտական զինուած հակամարտութեան։
Աւելին, նախարարին խօսքին մէջ կայ բարոյական վտանգաւոր ենթահող մը․ ան կը ներկայացնէ Սփիւռքը որպէս զգացական անցեալով առաջնորդուող զանգուած, մինչդեռ Հայաստանի իշխանութիւնը՝ որպէս «իրականութեան» միակ կրողը։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ Սփիւռքը տասնամեակներ շարունակ ոչ միայն պահպանած է ազգային ինքնութիւնը, այլեւ քաղաքական, տնտեսական եւ դիւանագիտական հսկայական աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի Հանրապետութեան։ Այդ ներդրումը «անհամընկնող շահերու» պարզ ձեւակերպումով նսեմացնելը ոչ թէ պետական իմաստութիւն է, այլ կարճատեսութիւն։
Առաւել մտահոգիչ է այն ենթադրութիւնը, թէ միայն Հայաստանի մէջ ապրողները իրաւունք ունին սահմանելու «իրական Հայաստանի» կարիքները։ Ազգը միայն աշխարհագրական տարածք չէ։ Հայ ժողովուրդը պատմականօրէն ձեւաւորուած է որպէս համաշխարհային ազգ, ուր հայրենիքն ու Սփիւռքը փոխլրացնող օղակներ են, ոչ թէ մրցակից իրականութիւններ։
Անկախ պետութեան արտաքին գործոց նախարարէ մը կը սպասուի միաւորող լեզու, ռազմավարական խորութիւն եւ համազգային մտածողութիւն։ Երբ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեան կը հակադրէ Սփիւռքը Հայաստանին, կամ ազգային յիշողութիւնը «անիրական երազ»ի կը վերածէ, ան ակամայ կը նեղցնէ ոչ միայն հայութեան քաղաքական հորիզոնը, այլ նաեւ Հայաստանի դիւանագիտական ուժի կարեւորագոյն աղբիւրներէն մէկը։
Սփիւռքը կրնայ բազմաձայն ըլլալ, ինչպէս բազմաձայն է իւրաքանչիւր ժողովրդավար հասարակութիւն։ Սակայն բազմաձայնութիւնը չի վերացներ միասնական ազգային շահի գոյութիւնը։ Ընդհակառակը՝ հասուն պետականութիւնը կը կայանայ այդ բազմաձայնութիւնը համազգային նպատակներու շուրջ համադրելու կարողութեան մէջ։

