ԳլխաւորՅօդուածներ

Ուրիշները Ի՛նչ Կ՚ըսեն Նահա՞նջ, Սնանկութի՞ւն, Թէ՞ Ձախողութիւն

Փիեռ-Փօլ Շարլըպուա եւ
Թիեռի Ժանտրոն-Տիւկրէ

Վրէժ – Արմէն

«Դրօշակ», թիւ 4 – 2026 

Հարցադրումը կատարողը իմաստասէր մըն է՝ ՓիեռՓօլ Շարլըպուա, Մոնրէալ հրատարակուող «Լը Տըվուար» (Le Devoir) օրաթերթի 24 Մարտ 2026-ի թիւին մէջ «Ժողովրդարութիւնը սնանկացա՞ծ է»1 վերնագրուած իր դիպուկ յօդուածի վերջաւորութեան։

Անոր անդրադառնալէս առաջ, սակայն, կ՚ուզեմ ներկայացնել անկէ քանի մը օր առաջ՝ նոյն թերթի  21-22 Մարտ շաբաթավերջի համարին մէջ իմաստասիրութեան դասախօսի մը՝ Թիեռի Ժանտրոն-Տիւկրէի ուշագրաւ յօդուածը՝ «Ռանսիէր եւ ժողովրդավարութեան ատելութիւնը»2, որ կը սկսի շեշտելով արհմիութիւններու կենսական դերակատարութիւնը ժողովրդավար կարգեր հաստատելու տեսակէտէն ու դրամատիրութեան ընդդիմութիւնը այդ նպատակին դէմ։

Ի տարբերութիւն խորհրդարանական վարչադրոյ թին, ուր պարզ քաղաքացիին ձայնը իր երեսփոխանին ճամբով միայն տեղ կը հասնի, կը գրէ հեղինակը, արհմիութիւններու անդամները անձամբ կ՚որոշեն իրենց նախապատւութիւնները եւ անձամբ կը քուէարկեն ընտրելու կամ պաշտօնանկ ընելու իրենց ղեկավարները. «արհմիութիւնները այն հազուագիւտ կազմակերպութիւններէն են, որոնք կրնան նկատուիլ ուղիղ ժողովրդավարութիւն»։

Երբ կառավարութիւններ կը ջանան սահմանափակել արհմիութիւններու գործելու միջոցները, այդ ընելով անոնք մասնակից կը դառնան «ժողովրդավարութեան ատելութեան», ինչպէս որ զայն կը կոչէ ֆրանսացի իմաստասէր Ժագ Ռանսիէր (Jacques Rancière) իր նոյնանուն գիրքին (2005) եւ յօդուածներու «Անփառունակ երեսուն տարիները» (Les trente inglorieuses, 2022) հատընտիրին մէջ։ Ըստ անոր, այդ ատելութիւնը «հաւասարութեան ատելութիւն» մըն է, համոզում մը, որ անոնք, որոնք «քաղաքականութեան մասնագէտներ» չեն, անկարող են հասարակաց բարօրութեան համար որոշումներ կայացնելու, ուստի քաղաքական իշխանութիւնը պէտք է ձգուի «ընտրանի»-ի մը, «քաղաքական դասակարգի» մը՝ բաղկացած մասնագէտներէ, որոնք միայն իրե՛նք են բաւարար հմուտ ու բանական՝ հասարակաց շահը պաշտպանելու համար։ Նոյնպէս, Ռանսիէրի համաձայն, մենք ոչ թէ ժողովրդավարութիւններու մէջ կ՚ապրինք, այլ սակաւապետութիւններու, այսինքն` քաղաքական հա մակարգերու՝ ղեկավարուած քաղաքական ու տնտեսական շրջանակներու ամուսնութենէն յառաջացած քաղաքական դասակարգի մը կողմէ։

Advertisement Subscribe Today

Այդ ատելութիւնը, կ՚ըսէ Ռանսիէր, օրին երեւան եկած է նոյնիսկ Պղատոնի մօտ, որ իր «Հանրապետութիւնը» գործին մէջ անիշխանութիւն կը նկատէր Աթէնքի մէջ առկայ ուղիղ ժողովրդավարութիւնը եւ կը ջատագովէր… ղեկավարութիւն մը կազմուած իմաստասէրներէ, որո՛նք միայն կրնային տիրապետել «քաղաքական գիտութեան», որով եւ գիտնալ ինչ որ արդարութիւնն ու հասարակաց բարիքը կը պահանջեն։

Ռանսիէր դիտել կու տայ թէ աշխարհայնացած դրամատիրութեան այս դարուն, «բազմագիտու թիւնը» կամ «գիտութիւնը», որ մեր ղեկավարները կը յաւակնին ունենալ, կը կայանան «լաւ հաւասարակշռութիւն» մը պահելուն մէջ տնտեսական անսահմանափակ զարգացման եւ այդ զարգացման սահմանափակման միջեւ, որ պէտք է պարտադրուի տեղական առումով՝ նուազեցնելու համար անոր [յոռի] հետեւանքները բնակչութեան վրայ։ Բայց Ժանտրոն Տիւկրէ կը կասկածի թէ նման ճշգրիտ գիտութիւն կայ արդարութեան եւ հասարակաց բարիքի վերաբերեալ։ Մինչդեռ, կ՚աւելցնէ ան, մեր ղեկավարները ժողովուրդը տգէտ կը համարեն, եթէ ան իր ձայնը լսելի դարձնէ հակադրուելու համար իրենց «գիտութեան»՝ ընդդիմանալով «խստամբերութեան միջոցառումնե րուն», մեծ ընկերութիւններուն շնորհուած առաւելու թիւններուն կամ բնութեան քանդումին։ Ռանսիէրի համար մեր սակաւապետական կառավարութիւննե րուն «մեծ փափագն» է «կառավարել առանց ժողո վուրդին, այսինքն՝ առանց ժողովուրդին բաժին հա նելու. կառավարել առանց քաղաքականութեան»։

Այժմ վերադառնամ Շարելըպուայի, որ անդրադառնալէ ետք Ռանսիէրի վերաբերեալ վերոնշեալ յօդուածին, կը գրէ. «Արդ, ժողովրդավարութիւնը ոչ միայն վտանգաւոր գրաւ մըն է, այլեւ կը հիմնուի խաբէութեան մը վրայ»։

Առաջին հերթին՝ որովհետեւ կ՚ենթադրուի, թէ բոլորը նոյն օրէնքներուն համաձայն կը գործեն. մինչդեռ գոյութիւն չունին նման հասարակաց օրէնքներ, ապա կը կարծուի թէ ժողովրդավարութիւնը «նուազ յոռին է բոլոր քաղաքական համակարգերէն», ինչպէս օրին հեգնած է Չըրչիլ, այլեւ թէ ժողովրդավարութեան կամ օրէնքի պետութեան առաւելութիւնը «ինքնաակնյայտ» է, ինչպէս կ՚ափսոսայ Անն Ափըլպօմ իր «Ինքնակալութիւն(ներ)» փորձագրութեան մէջ։

Երկրորդ հերթին, եւ որոշ հեգնանք մը կայ այդտեղ, մենք մեզ կը բացայայտենք, հակադարձաբար, մեր իսկ ինքնախաբէութեան մէջ ինկած, աւելի՝ պատրանքի ձեւի մը մէջ՝ մենք մեր նկատմամբ։ Կ՚ենթադրենք, թէ մեր ընտրած ներկայացուցիչներուն եւ մեր մի ջեւ գոյութիւն ունի արժէքներու համախոհութիւն մը։ Մինչդեռ այդ չէ իրականութիւնը, որ գրեթէ երբեք չի գործակցիր մեր իտէալներուն հետ։ Որովհետեւ միշտ կրկնուող հարցումը այն է, թէ ինչպէ՞ս ժողովրդա վար պետութիւն մը կրնայ նկատի ունենալ տեւաբար աճող եւ երբեմն հակադրուող, երբեմն անհամատեղելի տեսակէտներու եւ իւրայատկութիւններու բազմակիութիւնը, քաղաքական կառոյցի մը մէջ, որ յամենայն դէպս իբր օրինական ընկալուած է իր բո լոր անդամներուն կողմէ։ Կարճ՝ ինչպէ՞ս հաշտեցնել միասնութիւն եւ այլազանութիւն։

Այս հարցը ամերիկացի իմաստասէր Ճոն Ռոլզի (John Rawls) համար ժամանակակից քաղաքական իմաստասիրութեան ամենէն կարեւոր հարցերէն մէկն է։ Ինչպէ՞ս կարելի է, որ գոյութիւն ունենայ եւ յարատեւէ արդար ու կայուն ընկերութիւն մը՝ կազմուած ազատ ու հաւասար քաղաքացիներէ, որոնք սակայն  Թիեռի Ժանտրոն-Տիւկրէ խորապէս բաժնուած են իրենք իրենց միջեւ՝ իրենց ընդհանուր, բարոյական, իմաստասիրական եւ կրօ նական տեսութիւններուն պատճառաւ, տեսութիւններ որոնք իրարու հետ անհամատեղելի են, որքան ալ տրամաբանական ըլլան։ Թերեւս պէտք է ընդունիլ այն յարակարծութիւնը, թէ կարելի չէ ժողովրդավա րութիւնը պարտադրել։

Նաեւ պէտք է դադրիլ ունենալէ այն խաբկանքը, թէ աւելի բաց ու ներշաղկապուած աշխարհի մը մէջ ժո ղովրդավարութիւնն ու ազատական գաղափարները պիտի տարածուին ու խորապէս փոխեն ինքնակալա կան ու աւազակակալական պետութիւնները։ Ինչպէս կը հաստատէ Անն Ափըլպօմ, կը յարէ Շարլըպուա, հակառակն է, որ կը պատահի։

Այս գրաւը շահելու համար, բոլոր քաղաքացիները պէտք է նոյն սեղանին շուրջ ըլլան։ Մինչդեռ «բախտաւոր քիչերն» են, որ խաղի այդ սեղանին կրնան մատչիլ, ուստի մեր ժողովրդավարական իտէալը տեւաբար կը փշրուի դէմյանդիման ինքնակալներուն եւ աւազակակալներուն գայթակղեցուցիչ սուտերուն, ժողովրդահաճ բեւեռացման, իշխանապետական բռնութեան, կրօնական շահախումբերու ներթափանցման, տնտեսական անհաւասարութիւններուն, համակարգային նեխումին, շահ ու խայծին եւ այլն։

Յօդուածագիրը կ՚աւարտէ իր գրութիւնը հարց տալով, թէ ժողովրդավարութիւնը նահանջի մէ՞ջ է, սնանկացա՞ծ է, թէ՞ պարզապէս ձախողութիւն մըն է։ Եւ եթէ այդպէս է, կա՞յ այլընտրանք մը։

Հղումներ 1.  Pierre Paul Charlebois, La démocratie estelle en faillite?

                 2․ Thierry GendronDugré, Rancière et la haine de la démocracie

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button