ԱմերիկահայԼրահոս
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ՝ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․-Ի ՄԷՋ (Բ․ՄԱՍ)
Կիրակի, Ապրիլ 27-ին, «Թայմզ» հրապարակին վրայ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման հաւաքին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Գեւ Իսքէճեան յայտարարեց, որ այսօր հայ ժողովուրդը սուգի մէջ չէ, այլ կ՛ըսէ, որ Հայաստանի հանրապետութեան ծաղկումը մեզմէ կախեալ է։ Ան շեշտեց, որ սին խոստումները չեն կրնար հատուցել հայ ժողովուրդին կրած վնասները։

