ԱմերիկահայԼրահոս

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ ՄԵԾԱՐԵՑ ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԸ (1934-2021)

 

Վերջերս յիշատակելի անուանակոչութիւն մը կատարուեցաւ Նիւ Եորքի Հանրային Գրադարանին մէջ։ Արդարեւ, գրադարանի հոգաբարձուներու խորհուրդը որոշեց բարեգիտական (humanities) հետազօտութիւններու կեդրոնը կոչել պատմաբան եւ հանրային գործիչ Վարդան Գրիգորեանի (1934-2021) անունով:

Advertisement Subscribe Today

Նշենք, թէ Գրիգորեան մեծապէս նպաստած է Հանրային Գրադարանի վերականգնման ու վերածնունդին եւ արդարացիօրէն կոչուած է գրադարանի փրկիչը: Ան գրադարանի նախագահն էր 1981-1989 թուականներուն, երբ սնանկութեան եզրին գտնուող հաստատութիւնը ենթարկուած էր նիւթական ու կազմակերպական համապարփակ վերականգնման, վերագտնելով իր երբեմնի դիրքը աշխարհի գրադարանային մեծագոյն համակարգերու շարքին:

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button