Սարաֆեան. «Հայաստանի Օրակարգին Վրայ ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Հարց Չկայ»

0 0
Read Time:56 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հարցին յայտնեց․ «ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու քննարկումներու ճշգրիտ ժամկէտը չեմ կրնար նշել, ըստ երեւոյթին ատիկա Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ քննարկուած է, կը կարծեմ` սեպտեմբերեան իրադարձութիւններու ժամանակ: Որոշում տրուած է այդ քայլը չընել ու շարունակել աշխատանքները, որովհետեւ կան հարցեր, որոնք հետագային քննարկուեցան ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովի ընթացքին: Շուտով յայտարարութիւն պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան առնչուած: Այս պահուն ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հարցը օրակարգի վրայ չէ: Կացութիւնը բարդ է. մենք, ըլլալով ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիր եւ ունենալով պարտաւորութիւններ, կը շարունակենք յոյս ունենալ, որ մեր աշխատանքները պիտի բերեն որոշակի արդիւնքներու, տակաւին կայ այդ յոյսը: Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ ՀԱՊԿ-ի կողմէ պէտք է կացութեան քաղաքական գնահատական տրուի, որոշ պահու այդ քննարկումները կրնան դարձեալ վերսկսիլ»:

Ան հաւաստիացուց, որ Հայաստանը Ռուսիայէն չէ ստացած անհրաժեշտ սպառազինութիւնը,որուն համար համար վճարած է միլիոնաւոր տոլարներ:

Անդրադառնալով Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել եռակողմ հանդիպումին` Սաֆարեան ըսաւ. «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը միշտ ալ ճանչցուած է, այստեղ նոր բան դժուար թէ ըլլայ այդ առումով։ Բանակցութիւնները կ՛ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան միջազգային մեքանիզմներու ապահովման շուրջ»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles