ԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Քրտնաթաթախ տուն մտաւ: Հանգիստը չէր գտներ: Աճապարանքով հասաւ ննջարան: Գրասեղանին քովի աթոռը քաշեց, տեղաւորուելով համակարգիչին պաստառին ծալքը բարձրացուց, ապա մկնիկին հպումներուն հետեւանքով պաստառը սպիտակ էջ մը բացաւ: Աջ բազուկով քրտինքի կաթիլները ցամքեցուց եւ առանց ընդհատումի սկսաւ հարուածել ստեղներուն:
Ձեռքերուն մատները հմուտ դաշնակահարի մը մատներուն պէս կ՚երթեւեկէին ստեղներուն վրայ եւ երաժշտութեան ազդեցութեան հետքերը կ՚երեւէին կարծես դէմքին՝ մէյ մը ժպիտ, մէյ մը թախիծ, պոռթկում, ցաւ… գծելով:
Կ՚ընդօրինակէր շարուածը միտքէն, կը թափէր ներսէն պարբերութիւնները, կը շարէր: Սիրտին արագ տրոփիւնը կը մասնակցէր աշխատանքին, միտքը կը դատարկէր խեղդոց պատճառող պատկերները եւ ձեռքը հլու-հնազանդ կ՚ենթարկուէր մարմնին ներսի ու դուրսի հրահանգներուն:
Չզգաց ժամանակին վազգը, շարունակեց, հետզհետէ արագութիւնը նուազեցաւ, հարուածները թեթեւութիւն մը հագան, քըր-տինքը չքացաւ եւ վերջին հպումներով սեւ վերջակէտ մը դրաւ: Կիրքը յագեցումը ստացած էր:
Ապրուած շրջան մըն էր թափածը, որ կեանքի սպիտակ էջ մը մրոտած էր:
Չոր զովութիւն մը համակեց իրեն: Հոսեցուց ծորակը եւ սառնորակ ջուրով լի բաժակ մը ըմպեց, ապա յաղթական նայուածքներով ուզեց վերազննել ստեղներուն շարածը, գտնել արագութենէն սպրդած վրէպները, սրբագրել:
Հիմա ընթերցող մըն էր ինք, որ տող առ տող, միտք առ միտք կը հետեւէր գրութեան: Առանձին չէր քիչ առաջուան պէս, այլ ամբողջութիւն մը, որ կ՚ընդգրկէ հանրակառքի երիտասարդը, որ գիրքը ձեռքը կը կարդայ, ուսանողները, փողոցի նստարանին նստած տարեցը, շէնքի դրացուհին, հանրախանութի վաճառողը, յաճախորդները…
Տեղ-տեղ սպրդումներ նկատեց, մշակումի համար բանալի ստեղները անցան կիրարկումի, պաստառին վերջին վրձնահարուածները տուող նկարիչի տեսք ունէր հիմա, կը խաղար կարծես առոգանութեան նշաններով, միջակէտով, վերջակէտով… կը հասունցնէր միտքերը մի առ մի:
Գրութեան մէջէն կը յստականային բառերը, երբեմն ctrl-x-ի օգնութեամբ կը փոխադրէր զանոնք եւ ctrl-v-ով կը տեղաւորէր յարմար գտած բառերուն քով: Երբեմն ջնջել կ՚ուզէր եւ delete ստեղով կը մաքրէր հիմա իրեն համար անդիւրը:
Ժամեր կրնային սահիլ, անցնիլ այս ընթացքով, ակնթարթներու մէջ կը փոխուէր միտքը, հայեացքը, ընկալումը… քիչ առաջուանը չէր ընդուներ կարծես:


