Ընտրական Աճպարարութիւնը

0 0
Read Time:4 Minute, 18 Second

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ անցեալ նոյեմբեր 10-ին կապուտիլացիա ստորագրած իշխանութեան անդամները, վարչապետէն սկսեալ, ժողովուրդին ցասումէն սարսափած` չէին գիտեր` ո՛ր ծակը պահուըտիլ, քանի մը ամիս ետք իրենց դաւաճանութեան եւ հողային անհաւատալի զիջումներուն համար սկսան իրենց ընդդիմադիրները ամբաստանել: Անոնք այդ պատմական տխուր թուականին իրաւունք ունէին ահաբեկուած զգալու, որովհետեւ շատ լաւ գիտէին իրենց ստորագրած զիջումներուն տարողութիւնը եւ որքան ալ զիրենք նախորդողներու թերացումները մատնանշէին, գիտէին, որ բանակի հրամանատարութիւնը իրենք փոխած էին (չըսելու համար` գլխատած) եւ լուռ կամ հրապարակային բանակցութիւններու մէջ մտած Ազրպէյճանի հետ (չէ՞ որ լուծումը պէտք էր ընդունելի ըլլար երկու կողմին ալ): Սակայն պետական քարոզչական մեքենան շուտով գործի լծուեցաւ, սկիզբը հոսկէ հոնկէ բերուած «ցուցարար»-ներ սկսան պաշտպանել վարչապետին թեզերը, վերջը դիմակաւոր ու դիմածածկ թիկնապահներ` չես գիտեր ո՛ր օլիկարգին կողմէ տրամադրուած, մինչեւ… լաւ սպառազինուած, թոշակները համարեա՛ կրկնապատկուած ոստիկանութիւնը, որ այդքան խիտ ու կարգապահ շարքերով կը պաշտպանէր Փաշինեանը, կարծես ստանձնած ըլլար Շուշիի պաշտպանութիւնը:

Նախորդ իշխանութիւններու բացթողումները չեմ անտեսեր` փտածութենէն սկսեալ մինչեւ բանակի աւելի արդիական զրահաւորում եւ զինուորի սնունդի ու պայմաններու բարելաւումը, կը յուսամ, որ նախորդ իշխանութիւնները բան մը սորված են այդ բոլորէն: Սակայն «յեղափոխական» իշխանութիւն մը չի կրնար իր ընելիքը միմիայն նախկինները քննադատելով ու սպառնալիքներով արդարացնել, տարբեր հարց` որ չեմ գիտեր, թէ որքա՛ն նոր էին կամ «մաքուր» անդրանիկքոչարեանները, ջհանգուրեանները կամ աղազարեանները: Տակաւին չեմ յիշեցներ Փաշինեանի թատերական ձեւով ինքնաշարժներու արագաչափերը քակելու տեսարանը եւ խոստումը` զանոնք վերցնելու, կամ ամէն կարեւոր որոշում` ո՛չ գաղտնի, ժողովուրդին կամքով կայացնելու յայտարարութիւնը եւ նման բազմաթիւ խոստումներ, որոնք երբեք ալ չգործադրուեցան: Նման սուտերու առկայութիւնը ի՞նչ երաշխիք կու տայ, որ նոր խոստումներ պիտի յարգուին… Ա՞յս է Փաշինեանի ապագայի տեսլականը:

Այս օրերուն ընտրական քարոզչական մեքենան լայն թափով ամէն մակարդակի վրայ կը գործէ, եւ երբեմն քաղաքացին չի կրնար զանազանել ճշմարտութիւնը սուտէն: Այս մէկը քիչ մը կը յիշեցնէ ամերիկեան ծառահատման մեծ ընկերութիւններուն ծանուցումները, որոնք ամբողջ շրջաններ կը լերկացնեն ու կ՛ամայացնեն, սակայն իրենց հեռատեսիլի ծանուցումները այնպէս կը ներկայայցնեն զայն, որ կարծես իրենք կը պաշտպանեն բնութիւնը: Իշխանութիւնը անշուշտ հոս ունի մեծ առաւելութիւն մը, որ կու գայ իր նշանակած մարզպետներէն, գիւղապետներէն եւ այլ պետական պաշտօնեաներէն. այս մէկը Հայաստանի մէջ անցեալին ալ այսպէս եղած է եւ այսպէս ալ կը մնայ, մէկ տարբերութեամբ, որ անցեալին այսպէս պոռչտացող, բեմերու վրայ ցատկռտող վարչապետ կամ նախագահ չենք ունեցած. անոնք գոնէ այս պատշաճութիւնը կը յարգէին: Թերեւս ասոր համար է, որ ամենահամեստ խաւին մօտ կան անձեր, որոնք զինք կը նմանցնեն Աստուծոյ երկրորդ որդւոյն, երկրորդ Յիսուսի, տարբեր հարց, որ Փրկիչը սպասողը իր դիմաց կրնայ գտնել… հակաքրիստոսը:

Անշուշտ բոլորս ալ երեք տարի առաջ կ՛ուզէինք, որ գայ իշխանութիւն մը, որ մենաշնորհներէ, փտածութենէ եւ անարդար դատարաններէ փրկէ երկիրը, եւ Փաշինեանի ամենամեծ մեղքը այդ առիթը չարաշահելն է: Ասոր համար ալ այդ օրերուն ամենագեղեցիկ տողերը նուիրած բանաստեղծը` Յուսիկ Արան, կամ փողոց իջած, նախկին իշխանութիւններու դէմ պայքարած այլ բանաստեղծ մը` Դաւիթ Մշեցին, բազմաթիւ այլ գրողներու, համալսարանական դասախօսներու ու մտաւորականներու կողքին, կը պայքարին այս կեղծ յեղափոխութեան դէմ, որ պարզապէս աճպարարութիւն էր, իշխանափոխութիւն:

2018 մայիս 28-ին, երբ Սարդարապատ էի Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակի տօնակատարութեան` ձեռնարկի աւարտին կինս աճապարեց տօնախմբումէն դուրս եկող վարչապետին հետ ձեռնուելու, եւ զարմացաւ, որ իրեն չեմ ընկերանար: Անշուշտ, մէկ կողմէ ձեռնարկէն դժգոհ էի, միւս կողմէ` գիտէի բոլոր գունաւոր յեղափոխութիւններու գինը. Վրաստանը իր հողային ամբողջութեան կարեւոր մասը կորսնցուցած էր, նոյնը պատահած էր Ուքրանիոյ: Ի՞նչ կրնար պատահիլ մեզի. պատասխանը գիտէք արդէն:

Վերջերս Միացեալ Նահանգներ ապրող նախկին աշակերտուհիներէս մէկը Դիմատետրի իր էջին վրայ խանդավառ էր իմ քայլական Հայկ Կոնջորեանի ելոյթով, որ կը դատապարտէր ընդդիմութեան շահագործումը հայ բանակայիններու տրոններով ականահարման պատկերը քարոզարշաւի մէջ օգտագործման համար: Ես ալ, պէտք է ընդունիմ, որ ատիկա իմ կարծիքով ճիշդ ընտրութիւն չէր, տարբեր հարց, որ պետական մեքենան ինքն էր, որ նման պատկերներ օգտագործած էր պատերազմի ընթացքին` իբր թէ մենք կը հարուածէինք թշնամիին հրասայլերն ու զրահապետները: Ցաւալին այն է, որ նշեալ անձը կ՛անտեսէր նոյն օրերուն երեւան եկած տասնեակ-տասնեակ դիակները, որոնք տեղ մը նետուած կը նեխէին, մինչդեռ անոնց ծնողները ամիսներէ ի վեր գլուխնին հազար տեղ զարնելով` տագնապահար զանոնք կը փնտռէին: Մէկը վայրկեան մը ինքզինք այդ ծնողներուն տեղ թող դնէ եւ հարցնէ` ի՛նք ի՞նչ պիտի զգար, այդպէս ապագայ կա՞յ… չըսեմ` ի՛նչ կայ:

Այսօր անդունդի եզրին ենք, եւ յառաջիկայ ընտրութիւնները ճակատագրական են մեր հայրենիքին համար: Չեմ ըսեր, որ Հայաստանը կրնայ կորսուիլ, սակայն այս ընթացքը եթէ շարունակուի, չեմ գիտեր, թէ մէկ կամ երկու տարի ետք ի՞նչ սահմաններով եւ որքա՞ն անկախ երկիր մը կրնանք ունենալ: Մտահոգութիւնս ու տագնապս կը բխի հիմնականօրէն այն իրողութենէն, որ Փաշինեան չէ լսած ու չի լսեր ո՛չ իր իսկ նշանակած հրամանատարները, ո՛չ ալ` արտաքին գործոց նախարարը: Երբ ահա Փաշինեանի նշանակած արդէն երկրորդ Հայաստանի դիւանագիտութեան պետը կը հրաժարի իր փոխնախարարներով, այս կը նշանակէ, որ կա՛մ ասոնք համաձայն չեն իր քայլերուն, եւ կա՛մ ամբողջովին կ՛անտեսէ զիրենք: Երկիր մը կրնա՞յ բանակցութիւններու մէջ յաջողիլ առանց իր արհեստավարժ դիւանագէտներու ներդրումին: Թերեւս վարչապետին ձեռքը դուրսէն տրուած է ծրագիր մը, «ճամբու քարտէս» մը, որուն իրագործումը հեռու պէտք է պահել դիւանագէտներէն:

Եզրակացնելու համար. կորսնցուցինք Արցախի երկու երրորդը (թերեւս անոր մէկ մասը` անվերադարձ), վտանգուած են Սիւնիքի, Գեղարքունիքի, Տաւուշի կարեւոր բաժինները, շատ մը զինուորական արժէք ներկայացնող դիրքեր թշնամիին կը յանձնուին, հայ զինեալին կ՛արգիլուի թշնամիին դէմ կրակել, եւ ան կը ստորնացուի ու կը գերեվարուի: Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կարելի է կողմ քուարկել Փաշինեանին: Այո՛, ամէն ձեւով հակառակ եմ այս կործանարար վարչակարգին, սակայն համայնավարութեան օրերէն սորված եմ հայրենիքը չշփոթել իշխանութեան հետ: Ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ այս իշխանութիւններուն գծով սխալիմ կանխատեսումներուս մէջ, սակայն գիտեմ, որ անոր վերընտրութիւնը կրնայ միմիայն աղէտին շարունակականութիւնը ըլլալ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles