
28 մայիսին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման խորհրդանշական օրը կազմակերպուեցաւ երդման եւ խոստման արարողութիւն, որ կայացաւ սրբավայր դարձած` դաշնակցական Արտակ Իշխանեանի եւ անոր ընկերներուն նահատակութեան վայրին մէջ:
Արարողութեան ընթացքին 7 նորագիրներ համալրեցին Հ․Յ․Դ․-ի, իսկ հինգը` Արցախի երիտասարդական միութեան շարքերը:
Երդման եւ խոստման արարողութեան կնքահայրն էր Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սերգէյ Շահվերդեանը: Արցախի յետպատերազմեան դժուարին իրավիճակին մէջ Հ․Յ․Դ․ շարքերուն համալրումը վկայութիւն է առ այն, որ վերստին կ՛ամրանայ հաւատքը Հ․Յ․Դ․-ի հանդէպ` իբրեւ երկրի ազգապահպան, միասնական Հայաստանի գաղափարով առաջնորդուող եւ ժողովուրդի ճակատագրով մտահոգ միակ քաղաքական ուժը: Միասնական եւ կարող ուժերով կը շարունակուի պայքարը յանուն Հայաստանի եւ Արցախի յարատեւութեան: