Հ․Օ․Մ․-ի «Սօսէ» Մանկապարտէզին Մէջ՝ Ձեւագիտութեան Եւ Ասեղնագործութեան Դասընթացք
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ («Ապառաժ») .- Օգոստոս 26-ին, «Սօսէ» մանկապարտէզին մէջ, 26 ազդանշանը տրուեցաւ Հ․Օ․Մ․-ի Արցախի միաւորին եւ Իրանի «Թեւանիկ» բարեսիրական հիմնարկին կողմէ նախաձեռնուած ձեւագիտութեան եւ ասեղնագործութեան դասընթացքը:

Մէկ շաբաթ տեւող դասընթացքին կը մասնակցին շուրջ յիսուն հայորդիներ, ժամանած Ստեփանակերտէն եւ Արցախի այլ շրջաններէն: Այս ծրագիրը Արցախի մէջ նախաձեռնուած է երրորդ անգամ ըլլալով:
Արցախի մէջ պատրաստուած արուեստի գործերը, ձեռային աշխատանքները Իրանի մէջ վաճառքի հանող «Թեւանիկ» խումբը զուգադիպութեամբ չէ, որ ձեռնարկած է նման դասընթացքի մը: Դասընթացքին ընթացքին օգտագործուող կարի մեքենաները եւ անհրաժեշտ յարակից բոլոր պիտոյքները տրամադրած է «Թեւանիկ» բարեսիրական հիմնարկը: Հ․Օ․Մ․-ի Արցախի միաւորը այս ծրագիրին իր մասնակցութիւնը կը բերէ շրջաններու մասնակցողներուն ճանապարհածախսը եւ դասընթացքի բոլոր մասնակցողներուն ճաշը հոգալով:

«Դասընթացը փորձի փոխանակման եւ նոր կարողութիւններ ձեռք բերելու հնարաւորութիւն է ընձեռնում, եւ ելնելով մասնակիցների խանդավառութիւնից, կարող եմ ասել, որ այն ծառայում է իր նպատակին», տեղեկացուց Հ․Օ․Մ․-ի Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան:
«Պատրաստի աշխատանքները վաճառքի ենք հանելու Իրանում: Բացի այդ, դասընթացը հնարաւորութիւն է տալիս տեղացիներին զարգացնել իրենց հմտութիւնները՝ լուծելով կանանց զբաղուածութեան հարցը», ըսաւ դասընթացքի մասնակցողներուն ձեւագիտութեան հմտութիւններ փոխանցելու նպատակով Իրանէն Արցախ գացած Սուետա Դանիէլեան:




