Լրահոս

Կեանքի Կոչուած Է Սփիւռքահայերու Խորհրդատուութեան Գրասենեակը

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ, կեանքի կոչուած է Սփիւռքահայերու խորհրդատուութեան գրասենեակը:

Գրասենեակին գործառոյթն է խորհրդատուական օգնութիւն տրամադրել հայրենիքի մէջ հաստատուած հայրենակիցներուն, ճիշդ ձեւով ուղղորդել զանոնք` տարբեր հարցերու լուծման:

Գրասենեակը խորհրդատուութիւն կը տրամադրէ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու, կեցութեան, վարորդական իրաւունք ստանալու, գրանցման, հայկական բանակին մէջ ծառայելու, նաեւ կրթական, առողջապահական, ապահովագրութեան, աշխատանքային, շարժական եւ անշարժ գոյքի արձանագրութեան գծով, նաեւ այլ հարցերու մէջ:

Խնդիրներու լուծման համար գրասենեակը նաեւ պատրաստ է դիմելու պատկան մարմիններուն ու կառոյցներուն, պաշտօնատար անձերու:

Սփիւռքահայերու խորհրդատուութեան գրասենեակին հասցէն է` Հանրապետութեան 30, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն, առաջին յարկ, 16-րդ սենեակ:

Կայքէջ` www.hayrenatarts.am

Advertisement Subscribe Today

Դիմատետրի էջ` Հայրենադարձ/ Repat

Հեռաձայնի թիւեր` 094-94-519-119

Ել. հասցէ` hayrenatarts@gmail.com

Գրասենեակը բաց է ամէն օր` Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 11:00-15:00, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button