
Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք տեսարաններ Տիգրանակերտի (Տիարպաքիր) Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիէն:
Միջին Արեւելքի ամենէն մեծ եկեղեցիի համբաւը վայելող Սուրբ Կիրակոս անմասն չէ մնացած, շրջանի մէջ տիրող պայթուցիկ իրավիճակէն: Ամիսներ առաջ, հրատարակուած էին լուսնկարներ, ուր կարելի էր նկատել թէ թրքական բանակի յատուկ ջոկատներ կայք հաստատած էին եկեղեցւոյ մէջ:
Նշենք, թէ Սուրբ Կիրակոս տարիներ շարունակ աւերակ մնալէ ետք՝ թաղական խորհուրդին, նախկին Տիգրանակերտցիներու եւ Տիարպաքիրի քաղաքապետարանի ջանքերով՝ մեծ գումարներու ներդրումով վերանորոգուած եւ Հոկտեմբեր 2011-ին վերաբացուած էր։
«Հայրենիք»ի անգլերէն բաժնի՝ «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագրութիւնը ստացաւ գաղտնաբար առնուած այս լուսանկարները, որոնք առնուած են Յուլիս ամսուան ընթացքին։