Արուեստ Եւ ՄշակոյթՅօդուածներ
«Թատրոնը Մեր Երկորդ Եկեղեցին Է, Ուր Մեր Բարքերը Կը Ներկայացուին» Կը Յայտնէ Հրանդ Մարգարեան
Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը, կատարուած «Երկիր» օրաթերթին կոմէ, Նիւ Եորքաբնակ թատերագիր, բեմադրիչ եւ դերասան Հրանդ Մարգարեանի հետ, որ Յուլիս 28-ին Երեւանի Գրողներու Միութեան սրահին մէջ կատարած էր «Խրիմեան Հայրիկ» գործի հայրենի հողին վրայ անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Նշենք թէ, այս ներկայացումը ներկայացուած էր նաեւ անցեալ Մայիսին Նիւ Եորքի մէջ, տեղւոյն «Համազգային»ի յիսնամեակին առթիւ:
Ասիկա պատճառ հանդիսացաւ, որ միւս հայ կիներն ալ գլխաբաց շրջէին: Իր վերջին կոնդակներէն մէկուն մէջ ալ Խրիմեան Հայրիկ կը գրէ, որ բոլոր եկեղեցական ընտրութիւններուն հայ կինը պէտք է քուէարկէ, եւ ասիկա 1907-ին էր: Խրիմեան նախասկիզբն էր ամէն ինչի, ան յեղաշրջում կ՛ընէր, բայց` գիտակից ձեւով: Կ՛ուզէր, որ մարդիկ ուղղակի լսէին իր խօսքը, ապա որոշէին, թէ համաձա՞յն են, թէ՞ ոչ:

