ԱզգայինԱյլազան

ՈՉ ԵՒՍ Է ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՃԱՆԷՑԵԱՆ

p15 janissian
ՍԳԱԿԻՐ

Պոսթընի գաղութը կորսնցուց վաստակաշատ անձ մը, յանձին տոքթ. Յակոբ Ճանէցեանի: Ան ծնած է Թէլ Ապիատ 1942-ի Դեկտեմբերի 22ին: Սարգիս եւ Մաքրուհի Ճանէցեաններու անդրանիկ զաւակը, ունի 2 եղբայր` Գէորգ եւ Յովհաննէս, ինչպէս նաեւ 2 քոյր Արփինէ եւ Լուսին.ունեցած է եղբայր մը ` Գրիգոր Զօհրապ,որ դժբախտաբար երիտասարդ տարիքին մահացած է:
Յակոբը յաճախած է Թէլ Ապիատի տեղւոյն Խորէնեան Վարժարանը, ապա ընտանեօք փոխադրուած են Հալէպ երբ ինք ութ տարեկան էր: Հալէպի մեջ Նախակրթարանի ուսումը ստացած է Զաւարեան Վարժարանին մէջ, զորս աւարտելէ ետք յաճախած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան:
Իր բժշկական ուսումը ստացած է Գերմանիոյ Հայտըլպըրկ Համալսարանէն մասնագիտանալով սրտաբանութեան ճիւղին մէջ,ապա Գերմանիա զանազան հիւանդանոցներու մէջ աշխատած է մինչեւ 1976: Վերադարձած է Հալէպ, ուր բացած է իր անձնական բժշկական գրասենեակը, ինչպէս նաեւ իր ծառայութիւնը բերած է պետական եւ անձնական հիւանդանոցներէ ներս:
Իրեն համար կենսական էր հայ ընտանիք կազմելը,ուստի 1979ի Ապրիլի 22ին ամուսնացաւ Սեդա Տօնիկեանին հետ: Բախտաւորուեցան երկու աննման զաւակներով` Սարգիս եւ Մարիա:
1998-ի Դեկտեմբերին ընտանեօք փոխադրուեցան Ամերիկա,զաւակներուն փայլուն ապագայ կերտելու հեռանկարով:
Իր կեանքի երջանիկ օրերէն մէկը կը նկատէր իր աղջկան ամուսնութիւնը Լեւոն Շահնազարեանին հետ: Թոռնիկով` Վահանով բախտաւորուիլը մեծ հաճոյք պատճառեց իրեն նկատելով զայն Աստուծմէ պարգեւ մը:
Յակոբը փոքր տարիքէն եղած է Հ. Մ. Ը. Մ.ի անդամ, ըլլալով գայլիկներու աքելլա, սկաուտ պատասխանատու, եւ մաս կազմելով մարզական խումբերուն, ինչպէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ոտնագնդաակի Պատւոյ առաջինը:
Երիտասարդ տարիքին անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան,որուն հաւատարիմ մնաց մինչեւ մահ:
Հալէպի մէջ նուիրումով իր ծառայութիւնը բերած է Ազգային Առաջնորդարանէն ներս վերցնելով զանազան պատասխանատու պաշտօններ, ըլլալով Գաւառական ժողովի անդամ, ապա Քաղաքական ժողովի ատենապետ եւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալ:
Կամաւոր կերպով շաբաթը մէկ օր` Ուրբաթ օրերը կը ժամանէր Ճեմարան, աշակերտներու բժշկական քննութիւններ կատարելու եւ օգտակար ըլլալու իրենց:
Տեղին է յիշել եւ արդար իրաւունք որ Հալէպի Արամ Մանուկեան շէնքի կառուցման որոշումը կը պարտի իր վճռակամ եւ հաստատակամ որոշումին ու կեցուածքին:
Հողը թեթեւ գայ վրադ. Աստուած երկնային Արքայութեան արժանացնէ քեզ:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button