ԳլխաւորԼրահոս

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ «ԽՈՃԱԼՈՒ 613» ՀԱՄԵՐԳԸ ՋՆՋՈՒԵՑԱԻ

paris tsouyts1ՓԱՐԻԶ («Նոր Յառաջ»).- Հայ երիտասարդներ յաջողեցան ձախողութեան մատնել ատրպէյճանական կեղծ քարոզչութեան փորձ մը: Արդարեւ, Կիրակի, Մարտ 20-ին,երբ «Լամուրէօ» նուագախումբը կը պատրաստուէր իրականցնել ատրպէյճանական քարոզչութեան կողմէ պատրաստուած, հովանաւորուած եւ մատակարարուած համերգ մը՝ նուիրուած այսպէս կոչուած «Խոճալուի դէպքերուն», Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Հայ Երիտասարդական «Նազարբէկ» միութիւնը բողոքի ցոյց մը կազմակերպեց, թատրոնին դիմաց:paris tsouyts2
«Լամուրէօ» հռչակաւոր նուագախումբը, «Թէաթր տէ Շան զ՚Էլիզէ»ի մէջ պիտի ներկայացնէր Փիէռ Թիլուայի «Խոճալու 613» յօրինումը, որ ատրպայճանական իսկական քարոզչութիւն մըն է, Խոճալուի կեղծիքին շուրջ հիւսուած:
Համերգին կազմակերպիչները ամենայն հաւանականութեամբ՝ ընկերային ցանցերու վրայ շրջող լուրերէն տեղեկացած ըլլալու են այս ցոյցին մասին, քանի որ վերջին պահուն ջնջած էին համերգը:paris tsouyts3
Այս առթիւ «Նազարբէկ»ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի.- «Հայ երիտասարդութիւնը կրնայ հպարտանալ այս արդիւնքով, քանի որ ճշմարտութիւնը յաղթեց կեղծիքին։ Ատրպայճանի նաւթատոլարները երբեք պիտի չկարենան ծանր կշռել հայ համայնքին արդարութեան եւ ճշմարտութեան կամքին դիմաց։ Պիտի չգոհանանք այս յաղթանակով։ Ատրպայճանական պետութիւնը շատ գործօն է հոս՝ Ֆրանսայի մէջ, ինչ կը վերաբերի կեղծիքի եւ հակահայ ատելութեան տարածման։ Պայքարը կը շարունակուի։ Վստահեցէ՛ք մեր յանձնառութեան»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button