
Read Time:14 Second
անահիտ սարգիսեան
Փարիզ, Յունուար 17, 2016
արձագանգն ենք
մենք
կիսատ վանկ մը
այն երգին
որ լուռ է`
մարած
շուքն ենք
մենք
մութ ուրուագիծ մը
այն լուսանկարին
որ գունատ է`
խամրած
շուքեր դարձած
կը փորձենք անվերջ
կերտել
մեր երգը
վանկ առ վանկ