Լրահոս

200 ՆՈՐԱԳԻՐՆԵՐ ՄԻԱՑԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐՈՒՆ

RANKS1

ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի պետականութեան զօրակցող Հ.Յ.Դ.-ի քաղաքական հաւաքին ընթացքին տարբեր տարիքի պատկանող աւելի քան 200 անձեր տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան կուսակցութեան շարքերուն:
Նորագիրներու կնքահայրն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու՝ Կիրօ Մանոյեան, որ յայտարարեց, թէ սին են այն յայտարարութիւնները, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը համալրողներ չկան` հաստատելով, որ վերջին ամիսներուն կուսակցութեան շարքերը բարձրացած են տաս առ հարիւր տոկոսով:RANKS2
«Հ.Յ.Դաշնակցութենէն պէտք չէ ակնկալութիւն ունենալ: Պէտք է բաւարարուիլ կատարուած աշխատանքին արդիւնքները տեսնելով», յայտարարեց Մանոյեան, որ նաեւ շեշտեց, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը չի ներեր պետութեան եւ պետականութեան դէմ զէնք բարձրացնողներուն` որո՛նք ալ ըլլան անոնք:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button