Յօդուածներ

20 Փետրուար 1988. Արցախեան Շարժումի ­Հերոսական ­Շղթայազերծման 30-ամեակը

Ն.

Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րե­րուն, Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն մին­չեւ հա­յաշ­խար­հի հե­ռա­ւոր ա­փե­րը, մեր ժո­ղո­վուր­դը կը տօ­նէ 30ա­մեա­կը Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մի հե­րո­սա­կան շղթա­յա­զեր­ծու­մին։
Կը տօ­նէ՝
— թէ՛ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րը, թէ՛ նոյ­նինքն Ար­ցա­խի հա­յա­պատ­կան ինք­նիշ­խա­նու­թիւ­նը սե­փա­կան ու­ժե­րով վե­րա­կանգ­նած Ազ­գի ինք­նավստա­հու­թեամբ,
— թէ՛ ի­րեն պար­տադ­րո­ւած ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով պա­տե­րազ­մէն յաղ­թա­կան դուրս ե­կած հե­րո­սա­տիպ ­Ժո­ղո­վուր­դի հպար­տու­թեամբ,
— թէ՛ հա­զա­րա­ւոր նո­ւի­րեալ­նե­րու գե­րա­գոյն անձ­նա­զո­հու­թեամբ յա­ռաջ մղո­ւած Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան ­Շար­ժու­մը շա­րու­նա­կե­լու, Ար­ցա­խի ան­կա­խա­ցու­մը Հա­յաս­տա­նի հետ միաց­ման ճամ­բով ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեամբ պսա­կե­լու Պե­տա­կան Ազ­գի հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ։
Պատ­մու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րեց, որ 1988 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւար 20ին, այդ ժա­մա­նակ Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մարզ կար­գա­վի­ճա­կով ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան մաս կազ­մող, բայց ստա­լի­նեան հրա­հան­գով ատր­պէյ­ճա­նա­կան ուղ­ղա­կի հա­կակշ­ռի տակ դրո­ւած հա­յոց հայ­րե­նի Ար­ցա­խը ծա­ռա­ցաւ ի­րեն պար­տադ­րո­ւած ստոյգ կոր­ծան­ման վտան­գին դէմ։
Պատ­մա­կերտ այդ օ­րը, «ար­տա­յայ­տե­լով ժո­ղովրդին կամ­քը` Լ.Ղ.Ի.Մ. ­Մարզ­խորհր­դի 20րդ ­գու­մար­ման ար­տա­հերթ նստաշր­ջա­նը ըն­դու­նեց պատ­մա­կան ո­րո­շում, ո­րով ազ­դա­րա­րո­ւե­ցաւ իր ճա­կա­տա­գի­րը տնօ­րի­նե­լու ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վճռա­կա­մու­թիւ­նը»:
Պատ­մա­կան այդ ո­րո­շու­մին հե­տե­ւե­ցան օր­հա­սա­կան պայ­քա­րի ա­րիւ­նա­լի տա­րի­ներ, ո­րոնք յատ­կան­շո­ւե­ցան մէկ կող­մէ ա­զե­րի փան-թուր­քա­կան­նե­րու գոր­ծադ­րած հա­յաս­պա­նա­կան ո­ճիր­նե­րով եւ Ար­ցա­խի հա­յա­թափ­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով, իսկ միւս կող­մէ հա­մաթր­քա­կան այդ մո­լեգ­նու­թեան ֆե­տա­յա­բար դի­մադ­րող, թշնա­մին պար­տու­թեան մատ­նող եւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան կռո­ւի շղթա­յա­զերծ­ման յաղ­թա­կան խո­յան­քի հե­րո­սա­պա­տու­մով։
Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մին շղթա­յա­զեր­ծու­մը իր յաղ­թա­կան պսա­կու­մին ար­ժա­նա­ցաւ 1991 թո­ւա­կա­նի ­Դեկ­տեմ­բեր 10ի հան­րա­քո­ւէով, երբ «Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը ամ­րագ­րեց ինք­նո­րոշ­ման իր ճա­նա­չո­ւած ի­րա­ւուն­քը` հաս­տա­տե­լով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը` որ­պէս ա­զատ, ան­կախ, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պե­տու­թիւն»:
Փետ­րո­ւար 1988ի օրհ­նա­բեր այդ օ­րե­րէն աս­դին 30 տա­րի­ներ թա­ւա­լած են եւ, Ար­ցա­խի հետ, ողջ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ազ­գա­յին վե­րա­կանգ­նու­մի ու ինք­նա­հաս­տատ­ման Ու­ղին հար­թած են։ ­Վե­րան­կա­խա­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։ Հռչա­կո­ւած ու կա­յա­ցած է ա­զատ ու ան­կախ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։
Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի նո­րա­գոյն փու­լին շնոր­հիւ, ի­րո­ղա­պէս նուա­ճո­ւած է հայ­կա­կան Ար­ցա­խի ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը։ Հաս­տա­տո­ւած ու ար­մա­տա­ւո­րուած է Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ ա­պա­հո­վո­ւած է Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հետ ա­նոր ցա­մա­քա­յին ա­նար­գել եր­թե­ւե­կի՝ ի­րո­ղա­կա՛ն միաց­ման կա­պը։
Թէեւ ա­զա­տագ­րեալ տա­րածք­նե­րու մեծ մա­սը տա­կա­ւին սուր կա­րի­քը ու­նի վե­րա­նո­րոգ­ման, վե­րաբնա­կեց­ման ու զար­գաց­ման, այ­սու­հան­դերձ՝ Ար­ցա­խը հաս­տա­տուն քայ­լե­րով կ­’ա­ռա­ջա­նայ պե­տա­կան շի­նա­րա­րու­թեան՝ տնտե­սա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան ընդ­հա­նուր վե­րա­կանգն­ման ուղ­ղու­թեամբ։
Ցե­ղաս­պա­նա­կան «մաք­րա­գործ­ման», տե­ղա­հա­նու­թեան, ա­ւեր­ման ու ա­ւար­ման ծան­րա­գոյն հա­րուած­ներ եւ վտանգ­ներ դի­մագ­րա­ւե­լու, պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ յաղ­թա­նա­կե­լու եւ մո­լեգ­նած ո­սո­խին զի­նա­դա­դար պար­տադ­րե­լու 30ա­մեակ մը ապ­րե­ցաւ հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խը։
Մեծ զրկանք­նե­րու եւ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գնով ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը ու­ղի հար­թեց։
Որ­քան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, նոյն­քան զի­նա­դա­դա­րի եւ խա­ղա­ղու­թեան տա­րի­նե­րը դժո­ւար ե­ղան։
Ար­տա­քին ու թշնա­մա­կան ճնշում­նե­րը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն փոր­ձե­ցին, յա­նուն Ար­ցա­խեան ­Հար­ցի բա­նակ­ցա­յին կար­գա­ւոր­ման, Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան պար­տադ­րել, որ ա­րեան գնով ա­զա­տագ­րո­ւած Ար­ցա­խը վերս­տին են­թար­կո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նի տի­րա­կա­լու­թեան։
30 տա­րի ա­ռաջ, ­Փետ­րո­ւա­րի 13էն սկսեալ, ժո­ղովր­դա­յին հա­ւաք­նե­րով ու եր­թե­րով՝ ­Մայր Հա­յաս­տա­նին միա­նա­լու պա­հան­ջով ոտ­քի ե­լաւ Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը։ Իսկ այ­սօր, Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն թափ ա­ռած ­Միաց­ման ­Շար­ժու­մէն 30 տա­րի ետք, ա­զատ ու ան­կախ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քին ար­դէն կազ­մա­ւո­րո­ւած է եւ ազ­գա­յին-հա­ւա­քա­կան մեր յաղ­թար­շա­ւը յա­ռաջ կը մղէ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու պե­տա­կա­նա­կերտ նոր ­Սե­րունդ, որ չու­նի իր նա­խորդ­նե­րուն ատր­պէյ­ճա­նա­կան լու­ծի տակ ապ­րո­ւած դառն ու դա­ժան ժա­մա­նակ­նե­րու յի­շո­ղու­թիւ­նը։
Ա­ւե­լի՛ն. ա­զատ ու ան­կախ Ար­ցա­խի ծնունդ եւ պա­հա­պան այդ ­Սե­րուն­դը ամ­բող­ջա­պէ՛ս ու­նի խոր գի­տակ­ցու­թիւ­նը իր ժա­ռան­գած մե­ծա­գոյն հարս­տու­թեան, որ սե­փա­կան ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին ու ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հին ան­բա­ժան մա­սը կազ­մե­լու, ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թեան ա­զատ եւ ան­կախ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քին ամ­րագ­րումն է։ ­Մա­նա­ւանդ որ այդ ժա­ռան­գու­թեան նո­ւա­ճու­մին հա­մար, ծան­րա­գոյն գին վճա­րո­ւած է սե­փա­կան ըն­տա­նի­քէն հա­րա­զա­տի կո­րուս­տով, որ­բա­ցու­մով եւ հաշ­ման­դա­մու­թեամբ…
Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մին 30ա­մեայ ա­ւան­դին ընդ­հա­նուր ար­ժե­ւոր­ման նո­ւի­րո­ւած ո­րե­ւէ անդ­րա­դարձ ան­պայ­ման իր հետ կը բա­նայ, նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ, հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ջրբա­ժա­նը հան­դի­սա­ցող հայ ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ու ­Հայ ­Դա­տի մեր ժա­մա­նակ­նե­րու ռազ­մա­վա­րու­թեան կի­զա­կէ­տին՝ Ար­ցա­խեան ա­րե­ւե­լու­մին նո­րո­վի ար­ժե­ւոր­ման մե­ծա­դիր հար­ցը։
Նախ յա­նուն պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան պէտք է ընդգ­ծել, որ Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տա­նին վե­րա­միաց­նե­լու գլխա­ւոր պա­հան­ջին ու ա­ռա­ջադ­րան­քին շուրջ միաս­նա­կան դիր­քո­րո­շում ու­նե­նա­լով հան­դերձ՝ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը, շարժ­ման ա­ռա­ջին իսկ պոռթ­կու­մի օ­րե­րէն, տա­րա­կար­ծիք ե­ղաւ պայ­քա­րի յար­մա­րա­գոյն ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը որ­դեգ­րե­լու հար­ցին շուրջ։
Սկզբ­նա­պէս զի­նեալ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան դի­մե­լու եւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քար շղթա­յա­զեր­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան շուրջ թեր ու դէմ տե­սա­կէտ­նե­րու եւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու ար­ծար­ծու­մով ծա­ւա­լե­ցաւ բա­նա­վէ­ճը։
Իսկ ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին եւ հայ­կա­կան-ատրպէյ­ճա­նա­կան հա­կա­մար­տու­թեան շի­կաց­ման ու բար­դաց­ման հետ՝ ջրբա­ժան ա­ռա­ջա­ցաւ մէկ կող­մէ այս­պէս կո­չո­ւած մե­ծա­պե­տա­կան ճնշում­նե­րուն հետ քայլ պա­հե­լու «ի­րա­տե­սու­թեան», իսկ միւս կող­մէ՝ ա­զա­տագ­րո­ւած հայ­րե­նա­կա­նը ա­մէն գնով պահ­պա­նե­լու «ծայ­րա­յե­ղա­կան» ո­րա­կո­ւած, բայց էա­պէ՛ս յե­ղա­փո­խա­կան ա­րե­ւե­լու­մին մի­ջեւ։
Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մի շրջա­դար­ձա­յին բո­լոր փու­լե­րուն կրնկա­կոխ հե­տե­ւե­ցաւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ներ­քին այս բե­ւե­ռա­ցու­մը, ի վեր­ջոյ 1997ին յան­գե­լու հա­մար Հ.Հ. անդ­րա­նիկ նա­խա­գահ ­Լե­ւոն ­Տէր-­Պետ­րո­սեա­նի «­Պա­տե­րա՞զմ, թէ՞ խա­ղա­ղու­թիւն» ձե­ւա­կեր­պու­մով յայտ­նի երկ­փեղ­կու­մին։ ­Թէեւ օ­րին ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ հա­մա­կեր­պու­մի եւ ձեռն­թա­փու­թեան ու­ղի ա­ռա­ջադ­րող այդ մո­լո­րան­քը՝ խա­ղաղ իշ­խա­նա­փո­խու­թեան ճա­նա­պար­հով, բայց Ար­ցա­խեան ­Հար­ցի կար­գա­ւոր­ման յար­մա­րա­գոյն ու­ղին ճշդո­րո­շե­լու եւ որ­դեգ­րե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ խնդի­րը կազ­մեց ու մնաց կի­զա­կէ­տը հայ քա­ղա­քա­կան մտքի Ար­ցա­խեան ­Պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ե­րես­նա­մեայ եր­թին։
Ա­ւե­լի՛ն. Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մի 30ա­մեայ ո­գո­րում­նե­րուն ճամ­բով հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը բիւ­րե­ղա­ցուց եւ ար­մա­տա­ւո­րեց հայ­րե­նի հո­ղի նոյ­նիսկ մէկ թի­զին պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ա­մէն բա­նէ վեր դա­ւա­նե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը։
Եւ որ­քան ժա­մա­նա­կը թա­ւա­լե­ցաւ ու ատր­պէյ­ճա­նա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րը յան­գե­ցան ա­մէ­նօ­րեայ ոտնձ­գու­թեանց վտան­գին, այն­քան հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը իր բո­լոր թե­ւե­րով ու հա­տո­ւած­նե­րով միա­հա­մուռ տէր կանգ­նե­ցաւ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան ա­րե­ւե­լու­մին։
Յատ­կա­պէս 2016ի Ապ­րի­լին ատր­պէյ­ճա­նա­կան յան­կար­ծա­կի՝ ա­նակն­կալ հա­րո­ւա­ծող ա­նարգ գրո­հէն, ան­զէն ու խա­ղաղ հայ մար­դոց խող­խո­ղու­մէն եւ ար­ցա­խեան հո­ղի – նոյ­նիսկ մէկ բուռ հո­ղի — բռնագ­րա­ւու­մէն ետք, հայ ժո­ղո­վուր­դը ի ­Հա­յաս­տան թէ սփիւռս աշ­խար­հի մէկ մար­դու պէս ոտ­քի կանգ­նե­ցաւ յա­նուն Ար­ցա­խի ե՛ւ ժո­ղո­վուր­դին, ե՛ւ սրբա­ցո­ւած հո­ղին պաշտ­պա­նու­թեան բո­լոր կռո­ւան­նե­րուն ա­մէն գնով ամ­րապն­դու­մին։
Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մի 30ա­մեա­կին կա­րե­ւո­րա­գոյն պար­գե­ւը ան­կաս­կած ա՛յս յաղ­թա­նակն է, որ ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը տա­րաւ իր ներ­սի­դին ծո­ւա­րած հա­մա­կեր­պու­մի ու պար­տո­ւո­ղա­կան «ի­րա­տե­սու­թեան» դէմ։
Ժա­մա­նա­կը, փաս­տօ­րէն, հիմ­նո­վին սրբագ­րեց 90ա­կան­նե­րէն ե­կած խար­խա­փու­մի ա­մէն կար­գի տա­րա­զում­ներն ու բե­ւե­ռաց­ման եզ­րե­րը։
Բիւ­րե­ղա­ցաւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի պա­հան­ջա­տի­րա­կան կողմ­նո­րո­շու­մը, ո­րուն հետ նաեւ պե­տա­կան այն մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, թէ Ար­ցա­խեան ­Հար­ցի բա­նակ­ցա­յին եւ ար­դար կար­գա­ւոր­ման ու­ղին կ­’անց­նի ի­րա­պէ՛ս փոխ-զի­ջում­նե­րու եւ ոչ թէ միայն հայ­կա­կան կող­մի զի­ջում­նե­րու կա­ծան­նե­րէն։
Ա­զա­տագ­րեալ Ար­ցա­խին ազ­գո­վին եւ պե­տա­կա­նօ­րէն տէր կանգ­նե­լու, դէ­պի ­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին ամ­բող­ջա­կան յաղ­թա­նա­կը յա­ռա­ջա­նա­լու ռազ­մա­վա­րա­կան այս ա­րե­ւե­լու­մին հու­նա­ւո­րումն ու ար­մա­տա­ւո­րու­մը կը յու­շէ Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մի հե­րո­սա­կան շղթա­յա­զերծ­ման 30ա­մեա­կը։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button