Օրը Օրին.- ՔԱ­ՌԱ­ՍՈՒՆ ՏԱ­ՐԻ ԱՆՑ ՎԻ­ԵԹ­ՆԱ­ՄԻ ՊԱ­ՏԵ­ՐԱԶ­ՄԷՆ

0 0
Read Time:8 Minute, 5 Second

Vietnam War  ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱՌ­ԵԱՆ

Նիւ Եորք 

Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը Վի­եթ­նա­մէն ի՞նչ շա­հե­ցաւ.  պատ­մա­բան­ներն ու քա­ղա­քա­գէտ­նե­րը ար­դէն տուած են իրենց հե­ղի­նա­կա­ւոր վճի­ռը. ոչինչ:

p10 b  Քա­ռա­սուն տա­րի­ներ առաջ, Նա­խա­գահ Ռի­չըրտ Նիք­սըն վերջ տուաւ քսա­նամ­եայ Վի­եթ­նա­մի պա­տե­րազ­մին: Երկ­րին օր­ուան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը, այդ օրե­րուն, հա­մոզ­ուած էին թէ Ամե­րի­կան այ­սու­հե­տեւ նման զի­նուո­րա­կան ար­կա­ծախն­դրու­թեան մէջ պի­տի չգտնուէր, երբ իր զա­ւակ­նե­րէն հա­զա­րա­ւոր­ներ (58,209) զոհ կ՛եր­թա­յին Հնդկա­չի­նի հե­ռա­ւոր այս ծայ­րա­մա­սի պա­տե­րազ­մին: Ու այդ­պէս ալ Ամե­րի­կա­յի Քոնկ­րէ­սը կրցաւ պա­հել իր այդ խոս­տու­մը երեք տաս­նամ­եակ­ներ շա­րու­նակ:  Բա­ւա­կա­նին սու­ղի նստած էր այդ պա­տե­րազ­մը Ամե­րի­կա­յի հա­մար. իր զի­նուո­րա­կան­նե­րու կո­րուստ­նե­րովն ու վնա­սո­վը հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին:

Քա­ռա­սուն տա­րի­ներ առաջ օգ­տուո­ղը եղած էր միայն Ամե­րի­կա­յի մար­տա­տենչ ռազ­մա­կան ճար­տա­րար­ուես­տի գոր­ծա­րա­նա­տէ­րե­րը: Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ քիչ մնա­ցած էր յայ­տա­րա­րե­լու թէ  ան պարտ­ուած դուրս կու գար Հա­նո­յէն:  Աշ­խար­հի առաջ մնա­ցած էր ամօ­թով: Գրե­թէ նոյն պայ­ման­նե­րու տակ Քո­րէա­յէն հե­ռա­ցած էր 1953ին, 36,516 դի­ակ­ներ տուն բե­րե­լով թե­րակղզի­էն:p10 b52_b-52_bombing_in_vietnam

Դժբախ­տա­բար, այդ խոս­տու­մը դարձ­եալ խախ­տե­ցաւ,  նա­խա­գահ­ներ հայր ու  որ­դի Ճորճ Պու­շե­րու օրե­րուն, երբ առա­ջի­նը Քուէյթ իջե­ցուց մեծ թիւով զին­եալ ու­ժեր եւ երկ­րոր­դը` Իրաք: 

Այ­սօր ամե­րի­կա­ցին իր պե­տու­թեամբն ու ժո­ղո­վուր­դո­վը ընդվ­զած է թէ 17 թրիլի­ոն տո­լա­րի ար­տա­քին պարտ­քի մը առաջ կը գտնուի: Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու աւե­լի քան 225 տար­ուան պատ­մու­թեան մէջ, եր­բե­ւի­ցէ ար­ձա­նագր­ուած ըլ­լար նման աստ­ղան­շա­յին պարտք, նոյ­նիսկ`  հա­մաշ­խար­հա­յին զոյգ, ապա քո­րէ­ա­կան թէ վի­եթ­նամ­եան պա­տե­րազմ­նե­րու օրե­րուն:

Նո­յեմ­բեր 11, 2001ի Նիւ Եոր­քի զոյգ երկ­նա­քեր աշ­տա­րակ­նե­րու օդա­նա­ւա­յին ռմբա­հա­րու­մով սկսած Իրաք­եան նա­խա­յար­ձա­կումն ու անոր յա­ջոր­դած` Աֆ­ղա­նիս­տա­նի տա­րած­քին վրայ մղուող ան­հա­մե­մատ ճա­կա­տում­նե­րուն ամե­րի­կա­ցի աւե­լի քան 6,000 զին­ծա­ռա­յող­ներ կորսն­ցու­ցին իրենց կեան­քը եւ միւս կող­մէն ՆԱ­ԹՕի ոյ­ժե­րու զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը բա­ւա­կա­նին սու­ղի նստան Ամե­րի­կա­յի պե­տու­թեան թէ ժո­ղո­վուր­դի տնտե­սու­թեան:

p10 c  Նախ, ան­շուշտ Քուէյ­թը ազա­տագ­րե­լու մար­տահ­րա­ւէ­րը Իրա­քի նա­խա­յար­ձա­կու­մէն թե­լադր­ուած նոր ախոր­ժակ մը յա­ռա­ջա­ցու­ցած էր դարձ­եալ ռազ­մա­տենչ այդ մեծ գոր­ծարա­նա­տէ­րե­րու մօտ: Սա­կայն, չու­շա­ցաւ Իրա­քի պա­տե­րազ­մը, երբ Մ.Ա.­Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու օր­ուան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը Զօր. Գո­լին Փաուլ իրեն ներ­կա­յաց­ուած սուտ տու­եալ­նե­րէ առաջ­նորդ­ուած, Կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րուն կը ջա­նար հա­մո­զել թէ Պաղ­տա­տի կա­ռա­վա­րու­թիւնը Սատ­տամ Հիւ­սէյ­նի իշ­խա­նու­թեամբ մի­ջու­կա­յին զէն­քի ար­տադ­րու­թիւն ձեռք բե­րած կը սպառ­նայ տար­ածաշր­ջա­նին, այ­սինքն` մէ­կին յստակ է թէ այդ սպառ­նա­լի­քը պի­տի եր­թար Ամե­րի­կա­յի թիւ մէկ դաշ­նա­կի­ցին` Իս­րա­յէ­լի: Ու այդ մտա­հո­գու­թիւնը ար­դա­րա­ցում նկա­տե­լով Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ սկսաւ իր զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն:APTOPIX IRAQ BOMBING

Իրա­քի հար­ցը դեռ չփակ­ուած, յա­ջոր­դեց Աֆ­ղա­նիս­տա­նը, ուր Ալ-Քա­յի­տան (ծայ­րա­յեղ իս­լա­մա­կան շար­ժու­մը) ու­նէր իր մար­տա­կան կեդ­րո­նա­ցում­նե­րը: Ամե­րի­կան իր հետ քա­շեց դարձ­եալ Հիւ­սի­սա­յին Ատ­լանտ­եան Ուխ­տի զի­նա­կից­նե­րը: Անց­եալ շա­բաթ, Ուա­շինկ­թը­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող հա­մա­ձայ­նու­թեամբ մը Քա­պու­լի մե­ծա­ւո­րին` Հա­միտ Քար­զա­յի հետ գրե­թէ որո­շու­մի մը եկաւ նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­ման, մին­չեւ եր­կու տա­րի իր բա­նակ­նե­րը հե­ռաց­նել Աֆ­ղա­նիս­տա­նէն: Ըսենք որ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ աշ­խար­հի մէջ ու­նի շուրջ հինգ հա­րիւր ռազ­մա­կա­յան­ներ աւե­լի քան հա­րիւր եր­կիր­նե­րու մէջ:

Ամե­րի­կա­յի նա­խա­գա­հը այ­լեւս իր ժո­ղո­վուր­դի ճնշում­նե­րուն տակ ստիպ­ուած կ՛ըլ­լայ այն հա­մայ­նա­կան պա­հան­ջին թէ այ­լեւս երկ­րին ար­տա­քին պարտ­քը փակ­ուե­լու է: Ու ասոր որ­պէս ար­դիւնք ալ ար­դէն ան կը փո­խա­րի­նէ արտ­գործ նա­խա­րա­րու­հին Հի­լը­րի Գլին­թը­նը`  Ճան Քերի­ով (Մե­սե­չու­սէ­ցէն հա­յա­սէր ծե­րա­կու­տա­կան), եւ պաշ­տօ­նի կը կո­չէ պաշտ­պա­նու­թեան նոր նա­խա­րա­րը` ծե­րա­կու­տա­կան Չաք Հէյ­կըլ, որ հա­մե­մա­տա­բար աւե­լի աւան­դա­պահ ըլ­լա­լուն ըն­թացք չ՛ու­զէր տալ Իս­րա­յէ­լի ճնշում­նե­րուն:  Իր խօս­քերն են. “Իս­րա­յէլ  թէ­եւ դաշ­նա­կից եր­կիր մըն է Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րուն, սա­կայն Ամե­րի­կան ու­նի իր ու­րոյն քա­ղա­քա­կան շա­հե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ եւ ազատ է գծե­լու իր ան­կախ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը“:  Այս կը վե­րա­բե­րի Նա­թան­ի­ահ­ուի ճնշում­նե­րուն նա­խա­յար­ձա­կում մը կազ­մա­կեր­պե­լու Իրա­նի վրայ:


p10 the-vietnam-war-in-picture-01  Կար­ծէք, Օպա­մա­յի նա­խա­գա­հու­թեան երկ­րորդ շրջա­նին բա­ւա­կա­նին փո­փո­խու­թիւն­ներ պի­տի ար­ձա­նագր­ուին երկ­րի տնտե­սու­թեան, ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ երկ­րի ներ­քին ըն­կե­րա­յին կարգ ու սար­գէն ներս: 

Արա­բա­կան գա­րուն­նե­րը ոչ միայն օգ­տա­կար չե­ղան Թու­նու­զի, Եգիպ­տո­սի, Լիպ­իոյ թէ Սուր­իոյ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, այլ ընդ­հա­կա­ռակն`  ծայ­րա­յե­ղ­ա­կան շար­ժում­նե­րը սկսան տա­րած­ուիլ շրջա­նի այլ խա­ղաղ եր­կիր­նե­րու մէջ, ինչ­պէս վեր­ջերս` Ափ­րիկ­եան Մալիի հան­րա­պե­տու­թե­նէն ներս:

Մի­ջին Արե­ւել­քի տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս, 1947էն ի վեր (Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան հռչա­կու­մով) կա­տա­րուող քա­ղա­քա­կան  ան­կա­յու­նու­թիւն­նե­րը եղան աղի­տա­բեր մանա­ւանդ քրիս­տոն­եայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար, որոնք դա­րեր ամ­բողջ ապ­րած էին իրենց այդ օր­րա­նե­րուն մէջ:  p10 vietnam-war-soldiersՈւղ­ղա­փառ թէ կա­թո­լիկ յոյ­ներ, ղպտի­ներ, ասո­րի­ներ, քիլ­տա­նի­ներ, մա­րո­նիթ­ներ, եթովպ­ի­ա­ցի­ներ եւ ասոնց վրայ վեր­ջին հա­րիւր տա­րի­նե­րուն պար­տադ­րա­բար աք­սոր­ուած հա­յեր ստիպ­ուած եղան հե­ռա­նալ այս տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րէն: Մի­ջին Արե­ւել­քի ազ­գագ­րա­կան քար­տէ­սը փոխ­ուե­ցաւ եւ տնտե­սա­կան ու ռազ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող արա­բա­կան աշ­խար­հի ղե­կը ան­ցաւ ազ­գայ­նա­կան ցե­ղա­պաշտ եւ  իս­լա­մա­կան ծայ­րա­յեղ տար­րե­րու ձեռ­քը:

Յոյ­սով ենք, որ նա­խա­գահ Օպա­ման իր ար­տա­քին նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ  պի­տի կա­րե­նայ այ­լեւս ինք­զինք հե­ռու պա­հել իս­րա­յէլ­եան ճնշում­նե­րէն եւ գծել իր երկ­րի ու­րոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը:  Վեր­ջա­պէս Ամե­րի­կա­յի հրեա­ներն ան­գամ սկսան զգալ տնտե­սա­կան այն ահա­ւոր կո­րուստ­նե­րը, որոնք յա­ռա­ջա­ցան ան­տե­ղի ու ան­հե­ռա­տես ամե­րիկ­եան նա­խա­յար­ձա­կում­նե­րու պատ­ճա­ռով:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles