Արուեստ Եւ ՄշակոյթԱրտերկիր
ՔԱՆՆԻ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ.- ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՍԵՐԺ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ՝ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
Ֆրանսահայ բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեան, Ֆրանսայի հարաւային շրջանի հանրածանօթ Քանն քաղաքի շարժապատկերի փառատօնին տիրացաւ, լաւագոյն կարճ ժապաւէնի «ոսկեայ արմաւենի» մրցանակին: Կենդանի գծանկարի ոճով պատրաստուած, Աւետիքեանի բեմադրած «Chienne d’histoire»ը («Պատմութեան Շուն», անգլերէնով ժապաւէնին անունն է «Barking Island»` «Հաչող Կղզի») կը ներկայացնէ հարիւր տարի առաջ, Կոստանդնոպոլսոյ մէջ հետաքրքրական իրադարձութիւն մը: Արդարեւ, Իշխանութեան տիրացած «Երիտասարդ Թուրք»երը կը նկատեն թէ քաղաքէն ներս կը վխտան անտէր եւ անտիրական շուները: Փողոցներուն մէջ, այս թափառական անասուններուն թիւը կը գերազանցէ երեսուն հազարը: Տեղւոյն կառավարութիւնը« կ°որոշէ տեղահանել այս շուները եւ փոխադրել անմարդաբնակ կղզիներէն մէկէն ներս:

