ՓԱՇԻՆԵԱՆ՝ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԵԼԷՆ ԱՌԱՋ ԵՒ ԵՏՔ
Ա.Ա.
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին նկատմամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտեցումները եւ համոզումները իրարմէ բաւական կը տարբերին, եթէ ժամանակաշրջանները յստակօրէն իրարմէ բաժնենք։ Այլ խօսքով Փաշինեան ընդդիմութեան շարքերուն մէջ գտնուելու շրջանին բոլորովին այլ բան կը խօսի, իսկ իշխանութեան հասնելէն ետք՝ բոլորովին ուրիշ բան։
44 օրեայ պատերազմին հանգամանքներուն քննարկման նուիրուած՝ Ազգային Ժողովին նիստին ընթացքին Փաշինեան յայտարարեց, որ Արցախի տագնապին վերաբերեալ բանակցութիւններուն ընթացքին միշտ ալ Լեռնային Ղարաբաղը միջազգային ընտանիքին կողմէ համարուած է Ատրպէյճանի մէկ մասը, մինչ Երեւանի իշխանութիւնները եւ պետական պատասխանատուներ իրենց յայտարարութիւններուն ընթացքին պնդած են, որ Արցախը բնաւ Ատրպէյճանի կազմին մէջ պիտի չըլլայ։
Փաշինեան իր այս տեսակէտին փաստ բերաւ Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդին 1993-ի չորս բանաձեւերը, որոնց մէջ նշուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի շրջան կը ճանչցուի։Ան նաեւ յիշեցուց ԵԱՀԿի Լիզպոնի վեհաժողովին ընթացքին կազմակերպութեան գործող նախագահին յայտարարութիւնը։1996ի վեհաժողովին, որ կայացաւ Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ, Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան այդ օրերուն գործող նախագահի՝ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախագահ Ֆլավիօ Քոթիի յայտարարութեան մէջ կ՛ուրուագծուէին արցախեան տագնապի լուծման պատկերացումներ, որոնք կը համընկնէին Ատրպէյճանի ըմբռնումներուն եւ նպատակներուն հետ։ Յայտարարութեան դէմ քուէարկեց Հայաստան։
Հայաստանի վարչապետին այս մեկնաբանութիւնները սակայն երբեք չեն համընկնիր այն բոլոր յայտարարութիւններուն, զորս ան կատարած է ընդդիմադիր շարքերու մէջ գտնուած միջոցին եւ ընտրապայքարներու ընթացքին։Փաշինեան 2016ին, երբ թունդ ընդդիմադիր մըն էր, յայտարարեց, որ Ղարաբաղի տագնապը փոխադարձ զիջումներու հիմամբ լուծելու օրուան իշխանութիւններուն նպատակը ստորնացուցիչ էր։ «Ալիեւի յարձակողապաշտ դիրքորոշումներու ընդհանուր մթնոլորտին մէջ խօսիլ փոխադարձ զիջումներու մասին, կը նշանակէ խօսիլ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն անձնատուութիւններուն մասին։Բայց մենք թոյլ պիտի չտանք Հայաստանի հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի անձնատութիւնները», կը յայտարարէր ան։
Իսկ 2017ի խորհրդարանական ընտրարշաւին ընթացքին Փաշինեանի եզրափակիչ հաւաքին ընթացքին կը շեշտէր,որ «այն ինչ որ իրականութեան մէջ զիջում է, փոխադարձ զիջում կը կոչեն։ Իսկ ի՞նչ կը զիջի Ատրպէյճան։Երբ ատրպէյճանցիք կ՛ըսեն,որ Ստեփանակերտի եւ Երեւանի մէջ թէյ պիտի խմեն, նման պայմաններու մէջ տարածքներու վերադարձի մասին խօսիլը կը նշանակէ ատրպէյճանցիները առանց որեւէ խնդիրի Ստեփանակերտին եւ Երեւանին մօտեցնել»։
Նաեւ պէտք է յիշել, որ Փաշինեան առաջին անգամ վարչապետ ընտրուելու օրը՝ ութ մայիս 2018ին, յայտարարեց, որ Արցախի տագնապին խաղաղ լուծումը պէտք է հիմնուի ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ։Իսկ նման յայտարարութենէ մէկ տարի ետք, Փաշինեան Ստեփանակերտի մէջ յայտարարեց, որ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»։ Ընդդիմադիր որոշ շրջանակներ Հայաստանի վարչապետին այս յայտարարութիւնը գրգռիչ արարք մը համարեցին եւ երբ տարի մը ետք Արցախեան երկրորդ պատերազմը պայթեցաւ, անոնք ակնարկութիւն կատարեցին այս յայտարարութեան, թէ Փաշինեան նման դիրքորոշմամբ ատրպէյճանցիները պատերազմի մղեց։
Տեղին է շեշտել,որ Ստեփանակերտի իր յայտարարութենէն քանի մը ամիս ետք, Փաշինեան կը պնդէր,որ «բոլորը հասկցած են, թէ Արցախեան տագնապը զինուորական լուծում չունի, թէ հայկական բանակը առաւել քան մարտունակ է, զինամթերքն ալ՝ արդիականացած»։
Փաշինեան մինչ ներկայիս կը յայտարարէ, որ Արցախը բանակցութիւններուն ամբողջ ընթացքին միջազգային ընտանիքին կողմէ կը համարուէր Ատրպէյճանի մէկ մասը, թէ՛ 2018-ին եւ թէ՛ 2021-ին նախընտրական իր երկու ծրագրերուն մէջ խոստացաւ Արցախի հարցը լուծել ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին հիմամբ։
Հասկնալի է, որ իշխանութեան հասնելէ ետք Փաշինեան տարաբնոյթ յայտարարութիւններով եւ կեցուածքներով, ամբողջութեամբ մոռացութեան տուաւ նախորդ յայտարարութիւնները։ Ասիկա առաւելաբար ակնյայտ է Արցախի մասով։ Իսկ իշխանութեան վրայ գտնուող պետական պատասխանատուն իրաւունք ունի՞ այսօր բան մը յայտարարել, վաղը՝ ամբողջովին այլ կեցուածքով մը ինքզինք հակասել։ Ասիկա ալ ըստ երեւոյթին վարչապետին քաղաքականութեան առանցքն է։


