Յօդուածներ

Սփիւռքն Ու Հայաստանը Մէկ Ազգային Ամբողջութեան Երկու Անբաժանելի Բաղադրիչներն Են

Տարօն Տէր Խաչատուրեան

Ստորեւ յապաւումով կը հրատառակենք Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի խօսքը ներկայացուած Լոնտոնի մէջ՝ Մայիս 28-ին նուիրուած միջոցառման ժամանակ

Այսօր մենք կը նշենք Մայիս 28, 1918-ը՝ Հայոց Պատմութեան այն խի՛ստ ճակատագրական օրը, երբ վերածնաւ հայկական պետականութիւնը եւ երբ հայ ժողովուրդը վերահաստատեց իր տեղը ազգերու ընտանիքին մէջ։ Բայց Մայիս 28-ի նշանակութիւնը միայն անկախութեան հռչակումը չէ։ Ան արդի հայկական ազգային պետութեան ծնունդն էր։

Ինչպէս գիտէք, Հայաստանը գոյութիւն ունեցած է հազարաւոր տարիներէ ի վեր։ Վկա՛յ Հռոմի Գոլոսէոյի ցանկապատերուն վրայ գտնուող քարտէզին մէջ Հայաստանը իր սահմաններով: Հայ ժողովուրդը ունեցած է թագաւորութիւններ, պետական աւանդութիւն, մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն այն ժամանակ, երբ աշխարհի շատ մը ներկայ պետութիւններ դեռ գոյութիւն չունէին։ Սակայն վերջին երկու-երեք դարերուն աշխարհը խորապէս փոխուեցաւ։ Դարերով մարդկութիւնը կառավարուած էր մեծ կայսրութիւններու կողմէ՝ Օսմանեան, Աւստրո-Հունգարական, Ռուսական, Բրիտանական եւ այլ կայսրութիւններու, որոնք բազմաթիւ ժողովուրդներ կը ներառէին իրենց իշխանութեան տակ։ Բայց 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն սկսաւ տարածուիլ ազգային ինքնորոշման գաղափարը՝ այն համոզումը, թէ ամէն ժողովուրդ իրաւունք ունի ունենալու իր սեփական պետութիւնը։

Այդ պատճառով ալ, կայսրութիւնները սկսան կամաց-կամաց տեղի տալ ազգային պետութիւններուն։ Օրինակ՝ Իտալիան, որ երկար ժամանակ բաժնուած էր տարբեր իշխանութիւններու միջեւ, 19-րդ դարուն միացաւ եւ դարձաւ իտալական ազգային պետութիւն։ Նոյնպէս Գերմանիան միաւորուեցաւ եւ կազմաւորեց իր ազգային պետութիւնը։ Առաջին Աշխարհամարտէն ետք Աւստրո-Հունգարական կայսրութիւնը փլուզուեցաւ, եւ անոր տեղ ստեղծուեցան նոր ազգային պետութիւններ՝ ինչպէս Չեխոսլովաքիան եւ Հարաւսլաւիան։ Այսպիսով, ամբողջ աշխարհը կը շարժէր դէպի այն սկզբունքը, թէ ազգ մը պէտք է ունենայ իր քաղաքական ինքնիշխանութիւնը։
Հայերը որոնք ունէ՛ին ազգ-պետութիւն ըլլալու բոլոր տուեալները, իբրեւ իւրայատուկ ցեղային խումբ ու ժողովուրդ, կեդրոնացած մէկ աշխարհագրութեան ու պապենական հողերու վրայ եւ հայրենիքի մէջ, ունենալով մէկ լեզու, աւանդութիւններ ու սովորութիւններ, մշակոյթ, կրօնք ու եկեղեցի, մրցակից էին նոյն վայրին մէջ, տկարացած ու աւելի քան 100 տարիներ Յունաստանի անկախութեամբ, Պալքաններու անջատումով և այլուր կտրատուած Թուրք ցեղին համար, որ ինքնին կը փորձեր կայսրութենէ մը՝ ակամայ ձեւափոխուելու թուրք ազգ-պետութեան: Ուրեմն նոյն հողերուն վրայ Թուրքը չէր պատկերացներ որ մրցակից Հայաստան մը կրնար գոյութիւն ունենալ:

Այս իմաստով, Մայիս 28-ն հայ ժողովուրդի մուտքն էր արդի միջազգային համակարգ։ Անիկա հին Հայաստանի յիշատակին շարունակութիւնը չէ՛ր միայն, այլ ժամանակակից իմաստով հայկական nation-state-ի՝ մը, ազգային պետութեան մը ստեղծումը։ Ան էր մեր արդի հայ պետականութեան վերահաստատումը։: Հայ ժողովուրդը դարձաւ ո՛չ միայն պատմական կամ մշակութային ազգ մը, այլ նաեւ քաղաքական ազգ Մայիս 28-ով՝ իր կազմակերպուած պետութեամբ, կառավարութեամբ եւ միջազգային ինքնութեան պահանջով եւ ընկալումով։

Advertisement Subscribe Today

Աշխարհի վրայ կան շուրջ 4,000 լաւ ճանաչուած ցեղախումբեր, իրենց ժողովրդային յատկութիւններով, որոնք տարբեր պատճառներով առնուազն ցարդ չեն կայացած իբրեւ ազգ-պետութիւններ, եւ այսօր գոյութիւն ունին մի՛այն 200 երկիրներ աշխարհի քարտէզին վրայ, որոնցմէ մէկը Հայաստանն է: Այսպէս՝ Քիւրտերը, Քաթալանները, Թամիլները, Պասքերը, Պաղեստինցիք, Ույկուրները, Ասորիները մի քանի օրինակներ են միայն, ա՛յն բազմաթիւներէն, որոնք չեն կայացած իբրեւ nation-state, այսինքն մնացած են անհայրենիք ազգեր կամ ժողովուրդներ:

Մի քիչ պեղելով մեր ազգի վերջին հազարամեակը, հրաշալի քաղաքամայր Անիի 1045 թուականի եւ Կլիլիկիոյ թագաւորութեան 1375-ի անկումներէն ետք, Հայ ժողովուրդի քաղաքական ինքնորոշման եւ պետականութեան վերականգնման գաղափարը միայն Իսրայէլ Օրիէն կամ Դաւիթ Բէկէն չէին սկսած, սիրելիներ։ Դեռ 16-րդ եւ 17-րդ դարերուն, Պարսկաստանի հայ գաղութներուն մէջ, մասնաւորաբար Նոր Ջուղայի, գոյացած էին մտաւորական եւ վաճառական շրջանակներ, որոնք կը մտածէին հայկական ազատագրութեան եւ ազգային վերածնունդին մասին։

Այդ օրերուն, Նոր Ջուղայի հարուստ վաճառականները, իրենց միջազգային կապերուն շնորհիւ, կապ հաստատած էին եւրոպական պետութիւններու, եկեղեցական կեդրոններու եւ քաղաքական գործիչներու հետ՝ փորձելով շահագրգռել զանոնք հայ ժողովուրդի ազատագրական ձգտումներուն նկատմամբ։ Թէեւ այդ ջանքերը տակաւին կազմակերպուած ազգային-ազատագրական շարժումի չէին վերածուած, անոնք նախապատրաստեցին այն մտաւոր եւ քաղաքական միջավայրը, որուն վրայ յետագային պիտի հիմնուէին Իսրայէլ Օրիի, Յովսէփ Էմինի եւ Դաւիթ Բէկի նախաձեռնութիւնները։ Նոր Ջուղայի մէջ զարգացած ազգային գիտակցութիւնը, կրթական ու մշակութային գործունէութիւնը եւ հայրենիքի ազատագրութեան շուրջ ծաւալած մտածողութիւնը, որոնց մէջ նշանակալից դեր ունեցան Խաչատուր Կեսարացին, ինչպէս նաեւ Շահրիմանեան եւ Վելիճանեան ընտանիքներու ներկայացուցիչները, պահպանեցին հայկական պետականութեան գաղափարը եւ զայն փոխանցեցին յաջորդ սերունդներուն։

Թէեւ 17-րդ դարու Պարսկաստանի այս գործիչներն ու շրջանակները քաղաքական կուսակցութիւն չէին ժամանակակից իմաստով, անոնց ազգային մտածողութիւնը, ինքնորոշման ձգտումը, հայրենիքի ազատագրութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը եւ հայկական ուժերու համախմբման ջանքերը կարելի է նկատել ա՛յն գաղափարական աւանդութեան վաղ դրսեւորումներէն, որոնք յետագային իրենց աւելի կազմակերպուած արտայայտութիւնը գտան հայկական ազգային-ազատագրական շարժումներուն մէջ, ներառեալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Այս իմաստով, Նոր Ջուղայի այդ նախակարապետները կրնան դիտուիլ որպէս այն ազգային-քաղաքական մտածողութեան նախորդները, որ դարեր ետք մարմնաւորուեցաւ Դաշնակցութեան գործունէութեան մէջ։

Մայիս 28-ի այս մեծ պատմական շրջադարձին մէջ, անուրանալի էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջնորդող դերը։ Այն ճակատագրական օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը կանգնած էր բնաջնջման եզրին, Դաշնակցութիւնը ստանձնեց քաղաքական, ռազմական եւ ազգային կազմակերպման պատասխանատուութիւնը։ Դաշնակցական գործիչներ, կամաւորներ եւ հրամանատարներ ղեկը ստանձնեցին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերուն՝ կազմակերպելով ժողովուրդին դիմադրութիւնը եւ պահպանելով հայ պետականութեան վերջին յոյսը։ Առաջին Հանրապետութեան հռչակումն ալ մեծապէս կապուած էր Դաշնակցութեան տեսլականին հետ՝ ունենալ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստան, իբրեւ միացեալ Հայաստանին ենթահողը։ Այդ պատճառով Մայիս 28-ի պատմութիւնը անհնար է ամբողջացնել առանց յիշելու այն սերունդը, որ ազգային գաղափարն ու պետականութեան իտէալը վերածեց իրականութեան։ Մենք իբրեւ կուսակցութիւն բարդոյթը չունինք ընդգծելու ե՛ւ շեշտելու որ թէ՛ հայրենիք կերտած ենք եւ թէ սփիւռք: Ասի հոխորտանք չէ՛ սիրելիներ, այլ իրականութեան հաստատում:

Ահա՛ թէ ինչու Օսմանեան իշխանութիւններուն համար հայ ժողովուրդի գոյութիւնը ահազանգային վտանգ կը ներկայացնէր։ Թուրքերուն նպատակը միայն հայ բնակչութիւնը տեղահանելը կամ հարստահարելը չէ՛ր։ Անոնք կը ձգտէին վերջ տալ հայկական ազգային գոյութեա՛ն իսկ գաղափարին։ Որովհետեւ ազգ մը, որ ունի պատմութիւն, լեզու, եկեղեցի եւ ազգային յիշողութիւն, վաղ թէ ուշ պիտի պահանջէր իր քաղաքական իրաւունքը եւ իր պետութիւնը։

Հայկական պետութեան մը գոյութիւնը Անատոլեայի Արեւելքին՝ Օսմանեան Թուրքիոյ սահմաններուն մօտ, այսինքն հայկական բարձրավանդակին մէջ, կը հակասէր բանթուրքական եւ ազգայնական այն պատկերացումին, ուր անոնք կը ձգտէին ստեղծել միասնական թրքական աշխարհ՝ առանց հայկական ներկայութեան մը, Պոլիսէն մինչեւ Տաշքենթ ու Տուշանպէ երկարող։ Այդ պատճառով ալ, 1915-ի ցեղասպանութիւնը միայն մարդկային ողբերգութիւն չէր. ան քաղաքական ծրագիր էր՝ կանխելու, որ հայ ժողովուրդը չվերածուի լիարժէք ազգային պետութեան։

Բայց պատմութիւնը այլ ընթացք ունեցաւ Մայիս 28-ով։ Չնայած ցեղասպանութեան, գաղթի եւ աւերածութեան, հայ ժողովուրդը չվերացաւ։ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերը ապացուցեցին, թէ հայութիւնը տակաւին ունէր կամք, ունէր տեսլական, ներուժ եւ վճռական մարտունակութիւն, պաշտպանելու ո՛չ միայն իր ժողովուրդը, այլ նաեւ փրկելու եւ կերտելու իր ապագայ պետականութիւնը։

Սարդարապատը այդ պատճառով դարձաւ աւելի քան ճակատամարտ։ Անիկա հայ ազգային պետութեան ծննդավայրն էր։ Այնտեղ որոշուեցաւ, թէ արդեօք հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ՞ր գոյութիւն ունենալ որպէս քաղաքական ազգ, թէ պիտի դառնար միայն ցրուած ժողովուրդ մը առանց հայրենիքի եւ պետականութեան։

Մայիս 28-ը այդ յաղթանակին քաղաքական մարմնաւորումն էր։ Առաջին Հանրապետութիւնը կարճ կեանք ունեցաւ, բայց անոր խորհուրդը կը մնայ յաւերժական։ Անիկա հիմքը դրաւ այն գաղափարին, որ հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի՛ ինքնիշխան պետութեան, եւ որ այդ պետութիւնը մեր ազգային գոյութեան անբաժանելի բաղադրիչն է։

Այս պատմութիւնը նաեւ անմիջականօրէն կապուած է Արցախի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին հետ։ Արցախի պայքարը նոյնպէս ինքնորոշման եւ ազգային գոյութեան պայքար է։ Արցախի հայութիւնը մերժեց ապրիլ այնպիսի իշխանութեան տակ, ուր իր անվտանգութիւնն ու ինքնութիւնը ծանր հարուածի տակ էին։ Անոնք, ինչպէս Սարդարապատի մարտիկները, պայքարեցան իրենց հայրենի հողին վրայ ազատ ապրելու իրաւունքին համար։

Այսօր, երբ Արցախի հայութիւնը բռնի տեղահանուած է, մենք աւելի խոր կերպով կը հասկնանք, թէ ինչու պետականութիւնը կենսական էր եւ է մեր ազգի գոյութեան համար։ Առանց պետութեան՝ ազգը կը դառնայ խոցելի։ Առանց քաղաքական ուժի՝ պատմական իրաւունքները դժուա՛ր թէ պաշտպանուին։ Մայիս 28-ն մեզ կը յիշեցնէ, որ հայկական պետականութիւնը պարզ խորհրդանիշ չէ, այլ ան մեր գոյատեւման հիմնական երաշխիքն է։ Մեր պայքարը շարունակուելու է Արցախի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման հարցը միջազգային օրակարգի վրայ պահելու, իր դէմ կիրարկուած ցեղային զտումին ճանաչման ի խնդիր, եւ վասն Արցախահայութեան հաւաքական եւ ապահով վերադարձը իր բազմահազարամեայ բնօրրանը, Արցախ:

Եւ այդ պատճառով ալ մեր օրերուն ազգային ղեկավարութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի։ Ազգ մը, որ կ՚ուզէ պաշտպանել իր իրաւունքները, իր անվտանգութիւնը եւ իր արժանապատուութիւնը, պէտք ունի առաջնորդներու, որոնք ազգային իրաւունքները կը դնեն առաջնահերթութեան մէջ։ Յունիս 7-ի ընտրութիւններով Հայաստանի մէջ փաստօրէն առկայ իշխանութիւնները իրենք զիրենք վերարտադրեցին, կեղծիքներով եւ պետական միջոցներու շահարկումով: Այս ընտրութիւնները եղան ո՛չ ազատ, ոչ թափանցիկ, ոչ ալ արդար: Իշխող վարչախումբը որ ցերեկով դիմեց ամենակոպիտ ու անթոյլատրելի միջոցներու, զանգուածային ճնշումներու, սպառնալիքներու եւ ձերբակալութիւններու, քուէարկութեան նախորդող ժամանակաշրջանին, քուէարկութեան օրը, եւ ադկէ ի վեր:

Արեւմուտքի միջամուխ ըլլա՛լն ալ աննախադէպ էր, Ամերիկայի նախագահով, փոխ-նախագահով, արտգործնախարարով, եւ Եւրոպայի 48 ղեկավարներով, ընտրութիւններէն ամիս մը առաջ Երեւանի հրապարակներէն իսկ օրուայ իշխանութեանց վերընտրութեան սատարելով: Դժբախտաբար ամէն ինչ դիտելով Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ հետ կապուած պրիսմակներով, եւ Հայաստանը վտանգելով իբրեւ գերպետութեանց եւ շրջանային ուժերու մրցակցութեան անհեթեթ ու Հայաստանի Հանրապետութեան վտանգ հանդիսացող դաշտի: Լաւ՛ գիտեք որ այս իշխանութեանց քաղաքական ուղղութիւններն ու առաջնահերթութիւնները վաղուց ազգավնաս են, եւ աւելի կը թուին ծառայել մեր ցեղասպան ու իր յանցանքը չընդուած Թուրքիոյ, եւ Արցախի մէջ ցեղային զտում կատարած Ազրպէյճանին:

Սակայն, ազգի մնայուն շահերը կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ, եւ պետութիւնը կը զօրանայ, երբ անոր ղեկավարութիւնը յստակ կերպով կը պաշտպանէ ժողովուրդի պատմական իրաւունքները, անվտանգութիւնը եւ ազգային արժանապատուութիւնը։ Ազգային իրաւունքներու առողջ ու խոհեմ հետապնդման վրայ հիմնուած առաջնորդութիւն մը, նպաստելու է աւելի հաստատ, աւելի ինքնավստահ եւ աւելի ազգային շահերուն հաւատարիմ Հայաստանի մը կերտումին: Հետեւաբար, մեր պայքարը չի կրնար միայն պայմանաւորուիլ այս կամ այն կառավարութեան դիրքորոշումներով կամ ընթացիկ քաղաքական զարգացումներով, որքան ալ ազգավնաս ու կործանարար ըլլան մէ՛կ իշխանութեան ձեռամբ եկած վնասները։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաքելութիւնը շատ աւելի լայն է եւ շատ աւելի տեւական, քան որեւէ իշխանութեան կեանքը. ան կը բխի մեր ժողովուրդի պատմական իրաւունքներէն, ազգային արժէքներէն եւ ապագայի նկատմամբ մեր պատասխանատուութենէն։ Այդ պատճառով, որքան ալ խոր ըլլան մեր տարակարծութիւնները օրուան իշխանութիւններուն հետ, մենք չենք կրնար հրաժարիլ մեր ծառայութենէն, ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութեան, ո՛չ Սփիւռքի, ոչ Արցախի, եւ ո՛չ ալ ամբողջ հայ ժողովուրդին հանդէպ։ Եռանելի պիտի ըլլար եւ ըլլայ ունենալ լուրջ ներազգային մրցակիցներ, համահայկական դարպասին վրայ, որոնք նաեւ մեր ազգի քաղաքական իրաւունքները վերածած ըլլան իրենց կոչումին, գոյութեան իմաստին եւ առօրեայ գործին: Առողջ մրցակցութիւնը այստեղ օգտակար ըլլալու էր ու է՛ բոլորին համար:

Աւելի՛ն, պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, որ ազգային նպատակները կը յառաջանան ոչ թէ յուսախաբութեան կամ նահանջի, այլ կազմակերպուած աշխատանքի, հետեւողական պայքարի եւ սերունդներու նուիրումին շնորհիւ։ Այսօր ալ մեր պարտականութիւնն է պահպանել եւ զօրացնել այն կառոյցները, գաղափարներն ու մարդուժը, որոնք պիտի կարենան ծառայել ազգին՝ անկախ քաղաքական անցողիկ հանգամանքներէն։ Մեր հաւատարմութիւնը Հայաստանի, Արցախի, Հայ Դատի, ազգային յիշողութեան եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական իրաւունքներուն հանդէպ կը մնան անսասան, ի հեճուկս ներազգային եւ աշխարհաքաղաքական դժուարութիւններուն: Ընդհակառակը, դժուար ժամանակներն են, որ կ’ապացուցեն կազմակերպուած ազգային ուժի անհրաժեշտութիւնը եւ Դաշնակցութեան առաքելութեան արդիականութիւնը։ Եւ այստեղ, մենք Քրիստափորի բառերով, Յարատեւ Պայքարի խնդիր ունինք: Հոս կրկնեմ ա՛յնքան տեղին դիտարկումը որ Արցախեան պայքարի ազատամարտիկ մը ըրած էր 1988-ին, ըսելով՝ «Սուգը յաւերժ է, եթէ պայքար չկայ»:

Մայիս 28-ը անցեալի յիշատակ մը չէ միայն։ Ան կոչ է՝ պահպանելու մեր ազգային միասնութիւնը, մեր լեզուն, մեր մշակոյթը եւ բոլորէն գերիվեր՝ մե՛ր պետական մտածողութիւնն ու պետականութիւնը։ Ան մեզ կը սորվեցնէ, որ անկախ պետականութիւնը ամէ՛ն սերունդի կողմէ է որ կը պաշտպանուի, եւ մի՛շտ ամրապնդուելու կարի՛քը ունի ան։

Քիչ առաջ ըսինք որ մենք բարդոյթ չունինք ըսելու որ կերտած ենք հայրենիք եւ հաստատած սփիւռք:

Ինչպէս գիտէք, Հայ Սփիւռքը իր նոր ու ցայտուն դրուածքով ծնաւ պատմական ողբերգութենէ, սակայն գոյատեւեց եւ զարգացաւ ո՛չ միայն որպէս յիշողութեան համայնք, այլեւ որպէս ազգային կամքի, կազմակերպուածութեան եւ ստեղծագործ ուժի արտայայտութիւն։ Սփիւռքը տասնամեակներ շարունակ պահեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը, վառ պահեց Մայիս 28-ի խորհուրդը, քաղաքական եւ ցուցական պայքար տարաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անոր հատուցման համար, պաշտպանեց հայկական մշակոյթն ու լեզուն, աջակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի հայութեան, եւ կառուցեց համաշխարհային ցանց մը, որ եզակի արժէք կը ներկայացնէ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար։ Այսօր, երբ Հայաստանի մէջ աւելի քան երբեմն կը հնչեն մօտեցումներ կամ դիրքորոշումներ, որոնք Սփիւռքի համար խոցելի են, եւ զգայուն հարցերու կը վերաբերին՝ ինչպէս Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, ազգային յիշողութիւնը, Արարատի խորհրդանիշը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերը կամ Արցախի հայութեան ճակատագիրը եւ շարք մը բացայայտօրէն խորթ երեւոյթներ, որոնք եղած են մեր արիւնարբու թշնամիին թեզերը, բնական է, որ շատ սփիւռքահայեր զգան մտահոգ, երբեմն ալ՝ ինչու՞ չէ օտարացուած ազգային կեանքի ընդհանուր ընթացքէն։

Սակայն ներկայ գերզգայուն պահը ըլլալու է ո՛չ թէ նահանջի կամ ինքնամփոփման, այլ ըլլայ պարտաւորեցնող, վերահաւաքման եւ վերանորոգման առիթ։ Սփիւռքը ուշադիր ըլլալու է որ չիյնայ այն ծուղակին մէջ, որուն համաձայն իր առաքելութիւնը սահմանափակուի մի՛այն սեփական համայնքներու իր պահպանութեամբ եւ լոկ լինելութեամբ։ Ընդհակառակն, անհրաժեշտ է վերահաստատել, որ Սփիւռքն ու Հայաստանը մէկ ազգային ամբողջութեան երկու անբաժանելի բաղադրիչներն են։ Անհրաժեշտ է վերամիաւորել մարդկային, մտաւոր, տնտեսական եւ կազմակերպչական կարողութիւնները, խորացնելով երկխօսութիւնը, եւ ազգային առաջնահերթութիւնները, սահմանելով փոխադարձ յարգանքի եւ համատեղ պատասխանատուութեան ոգիին վրայ։ Միայն այդպէ՛ս կարելի կ’ըլլայ խուսափիլ փոխադարձ օտարումէն եւ ապահովել, որ համահայկական ներուժը շարունակէ ծառայել հայ ժողովուրդի երկարաժամկէտ ազգային նպատակներուն։

Այս ընդհանրական պատկերին մէջ, մենք, իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամներ ու ղեկավարներ, պարտաւոր ենք մեր շարքերը նոր ու թարմ ուժերով ընդլայնել, մեր գաղափարախօսութիւնը աւելի լայն շրջանակներու հասցնել, եւ մեր ազգային մտահոգութիւններն ու տեսլականը հանրայնացնել՝ զանոնք աւելի ներգործուն եւ համաժողովրդական դարձնելով։ Ա՛յս կերպ միայն, պիտի կարենանք աւելի մեծ նպաստ բերել մեր ազգային ինքնութեան շարունակականութեան եւ մեր հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան ու վերահաստատման գործին։ Մենք «Die Hard» կամ «The Last of the Mohicans» ըլլալու դատապարտուած չե՛նք։ Հետեւաբար սիրելիներ, Դաշնակցականի տեսակը պահպանելն ու բազմացնելը՝ ըլլայ ան շարքային, համակիր, թէ ընդհանրապէս ազգային ճակատագրով տոգորուած եւ մեր ժողովուրդի խնդիրներուն նուիրուած անհատ կամ հաւաքականութիւն, հոս թէ Հայաստանի մէջ, անկասկած որ ծառայելու է մեր ազգային իղձերու իրականացման սուրբ եւ արդար գործին։ Դաշնակցութեան գոյութեան իմաստը, raison-d’etreը մի՛այն երկու բան է՝ առաջին, հայ պետականութեան ամրապնդումը, եւ երկրորդ ամենուրեք հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութիւնը:

Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին ցուցաբերած է բացառիկ տոկունութիւն, ստեղծագործական կարողութիւն եւ վերածնուելու կամք։ Ան կրցած է գոյատեւել պատերազմներու, տեղահանութիւններու, հալածանքներու եւ պետականութեան կորուստի երկար ժամանակաշրջաններու մէջ՝ պահպանելով իր լեզուն, մշակոյթը, հաւատքը եւ ազգային ինքնութիւնը։ Հայը աշխատասէր է, կրթութեան եւ գիտելիքի արժէքը գիտցող, ձեռնարկող ու կազմակերպուելու ընդունակ։ Միեւնոյն ժամանակ, մեր ժողովուրդը բազմիցս ապացուցած է իր մարտունակութիւնն ու ազատասիրական ոգին՝ Աւարայրէն Սարդարապատէն ու Արցախ, երբ վտանգուած եղած են հայրենիքն ու ազգային արժանապատուութիւնը։ Հայը խաղաղարար ժողովուրդ է, բայց երբ հարկը պահանջած է, ցուցաբերած է խիզախութիւն, մարտունակութիւն, անձնազոհութիւն եւ պայքարելու վճռակամութիւն։ Սակայն մեր ազգային առաքինութիւններուն կողքին գոյութիւն ունին նաեւ որոշ տկարութիւններ, որոնցմէ գլխաւորներն են ներքին պառակտումները, անձնական կամ խմբակային շահերը ազգային շահերէն վեր դասելու հակումները եւ երբեմն չափազանց անհատապաշտ մօտեցումները։ Մեր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ երբ միաբան եղած ենք՝ յաջողած ենք յաղթահարել ամենածանր փորձութիւնները, իսկ երբ բաժնուած ենք՝ թուլացած են մեր դիրքերը։ Ուստի, մեր ժամանակի հրամայականն է պահպանել գաղափարներու բազմազանութիւնը, բայց միաժամանակ համախմբուիլ ազգային հիմնական նպատակներուն շուրջ։ Միասնութիւնը չի նշանակեր միակերպութիւն, այլ՝ ընդհանուր դատի եւ ճակատագրի գիտակցութեամբ գործակցութիւն։ Միայն այդպէս կրնանք լիարժէք կերպով ծառայել մեր ժողովուրդի անվտանգութեան, արժանապատուութեան եւ բարօր ապագային։

Մենք – ճաշակած ըլլալով ցեղասպանութիւն, եւ անկէ երեք տարիներ ետք կերտած ըլլալով Սարդարապատ – խաղաղութեան հակառակորդներ չենք սիրելիներ, այլ ընդհակառակը՝ կը ձգտինք այնպիսի խաղաղութեան, որ հիմնուած ըլլայ պատմական արդարութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ ժողովուրդներու հիմնարար իրաւունքներու ճանաչման վրայ։ Անարդարութեան, բռնութեան կամ ուժի պարտադրանքով հաստատուած կարգաւորումները կրնան ժամանակաւոր լռութիւն ստեղծել, բայց չեն կրնար մնայուն խաղաղութիւն ապահովել։ Իրական եւ կայուն խաղաղութիւնը ա՛յն է, որ կը ճանչնայ պատմական ճշմարտութիւնները, մեր պարագային մեր ազգին կ’ապահովէ իր պետականութեամբ ապրելու իր պապենական հողերուն վրայ, կը յարգէ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ կ’ապահովէ բոլոր կողմերու արդար ու անվտանգ ապագան։ Հայ ժողովուրդը, իր դարաւոր փորձառութեամբ, կը գիտակցի խաղաղութեան արժէքին, բայց նաեւ գիտէ, որ խաղաղութիւնը կը դառնայ ամուր եւ տեւական միայն ա՛յն ատեն, երբ ան կը հիմնուի արդարութեան, իրաւունքի եւ վստահութեան վրայ։ Ահա՛, այդպիսի խաղաղութիւնն է, որուն կը ձգտինք՝ ոչ միայն մեզի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանին համար։
Սիրելիներ, թող Սարդարապատի ոգին ապրի մեր մէջ։

Թող Մայիս 28-ը շարունակէ ներշնչել բոլոր հայերը՝ հաւատալու իրենց ուժին, կառչելու իրենց պետութեան եւ կերտելու իրենց փայլուն ու արժանի ապագան։

Կեցցէ՛ Մայիս 28-ը։

Կեցցէ՛ հայկական անկախ պետականութիւնը։

Կեցցէք դու՛ք, հայ ժողովուրդ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button