Գրական

ՊԵՏՐՈՍ ՀԵՐԵԱՆ. «ՀՄԱՅՔԻ ՏՂԱՆ»

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Հմայքի տղան». այսպէս խորագրուած է յառաջաբանը վաղամեռիկ լիբանանահայ գրող Պետիկ Հերկելեանի (Պետրոս Հերեան) Երեւանի մէջ լոյս տեսած գիրքին: Հայրենի հանրածանօթ գրականագէտ Ալեքսանդր Թոփչեան Պետիկ Հերեանը նկատած է անոր մէկ քերթուածի վերնագրին նման եւ արժեւորած է 1987 թուականին կեանքէն հեռացած սփիւռքահայ գրողին գրական ուղին՝ քերթուածները, արձակը եւ մանաւանդ երգիծական գրութիւնները: Անոր «Եուհու» քաղաքական, երգիծական վիպակը գրականագէտը դասած է արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ այնպիսի գրողներու երգիծական գործերու կարգին, ինչպիսիք են՝ Պարոնեան, Օտեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, Օննիկ Չիֆթէ Սարաֆ եւ այլն: Պետիկ Հերեանի «Ընտրանի» խորագրով այս գիրքին շնորհահանդէսը նախատեսուած էր Երեւանի մէջ՝ 2021-ի սեպտեմբերին, սակայն գրականագէտ Ալեքսանդր Թոփչեան նոյն ամսուն կը մահանայ քորոնաժահրէն: Օրեր յետոյ նոյն հիւանդութենէն կը մահանայ նաեւ անոր կինը՝ նշանաւոր դերասանուհի Անահիտ Թոփչեան…
Պետիկ Հերեանի գիրքը կը սպասէ արժանաւայել ներկայացման՝ թէ՛ հայրենի ընթերցողին, թէ՛ ալ սփիւռքին, ուր ան թերեւս աւելի ճանչցուած էր, քան՝ Հայաստանի մէջ:
Պետրոս Հերեան ծնած է Լիբանանի Այնճար գիւղը՝ 1954 թուականին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ծննդավայրի Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ ստանալէն ետք, փոխադրուած է Պէյրութ եւ հետեւած՝ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն կաճառի դասընթացքներուն։
Լիբանանի պատերազմի հետեւանքով՝ ուսման ընթացքը ընդհատուած է, սակայն ան յետագային յաջողած է շարունակել իր մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւնը եւ վերոնշեալ կաճառէն շրջանաւարտ եղած է 1985 թուականին՝ իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» վէպին նուիրուած իր աշխատասիրութիւնը։
1976 թուականին գործուղղուած է Յունաստան եւ երկու տարի վարած՝ «Ազատ Օր» օրաթերթին խմբագիրի պաշտօնը։
1978 թուականին վերադարձած է Լիբանան եւ միացած՝ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան:
Պետիկ Հերկելեան իր բանաստեղծական նախափորձերը կատարած է դպրոցական գրասեղաններուն վրայ: 1973 թուականին լոյս ընծայած է իր առաջին գրքոյկը՝ «Պատուհանէն դուրս», որուն էջերուն մէջ ամփոփուած 23 բանաստեղծութիւնները կը բացայայտեն սկսնակ գրողին գրական շնորհները։
1983 թուականին կը յաջորդէ «Բառը» խորագրեալ քերթողագիրքը, 1985 թուականին, ան մամուլին կը յանձնէ «Եւ Երկիր պագանեմ» խորագրով իր երրորդ քերթողագիրքը։
1986 թուականին լոյս տեսած է իր կարապի երգը՝ «Եուհու» քաղաքական երգիծական վիպակը։ Նոյն տարին խմբագրած եւ մամուլին յանձնած է Ռազմիկ Դաւոյեանի «Հատընտիր» քերթողագիրքը եւ Մ. Լեռնցիի «Էջեր կեանքիս գիրքէն» ինքնակենսագրական հատորը։
Միաժամանակ իբրեւ ուսուցիչ սկսած է պաշտօնավարել Լիբանանի Ճիպէյլ շրջանի «Թռչնոց բոյն» որբանոցին մէջ, սակայն մահացու հիւանդութիւնը վրայ հասած է եւ քանի մը ամիս տեւած հիւանդանոցային մաքառումներէ ետք, մահացած է Մարտ 10, 1987-ին։
1992 թուականին, յետ մահու, բանաստեղծին հարազատները հրատարակած են անոր «Գրական վերլուծական էջեր» խորագիրը կրող հատորեակը, որ կ՚ամփոփէ Վազգէն Շուշանեանի ուսումնասիրութիւնը եւ մամուլին մէջ տպուած գրադատական յօդուածները։
«Ընտրանի» ժողովածոն ցայսօր լոյս տեսածներէն առաւել ամբողջականն է, կ՚ընդգրկէ հեղինակի կենդանութեան օրօք եւ մահուընէ ետք լոյս տեսած անոր բոլոր գիրքերը: Այս գիրքին մէջ Պետիկ Հերեան ընթեցողին կը ներկայանայ իբրեւ բանաստեղծ, արձակագիր եւ գրականագէտ: «Ընտրանի»ն լոյս տեսած է բանաստեղծի ընկերներուն մեկենասութեամբ։ Հատորի կողքին զետեղուած է լիբանանահայ նշանաւոր գեղանկարիչ Փօլ Կիրակոսեանի «Պետրոս Հերեան յանձնառու բանաստեղծը» դիմանկարը եւ հեղինակէն տասնաբանեայ խոհեր, իսկ հատորին մէջ ընթերցողը կը գտնէ Կիրակոսեանի «Բանաստեղծը» խորագրեալ իւղաներկի պատճէնը։
Խմբագիր Ալեքսանդր Թոփչեան իր նախաբանին մէջ կը գրէ, որ եթէ Պետրոս Հերեան իր երեք ժողովածուէն, մէկ վիպակէն եւ աւարտաճառէն յետոյ այլեւս ոչինչ գրէր եւ կամօքն Աստուծոյ այսօր մեր կողքին ըլլար, մենք դարձեալ մեր գնահատումի եւ երախտագիտութեան խօսքը կ՚ըսէինք այդ թէկուզ ծաւալով ոչ մեծ, բայց արժէքաւոր ժառանգութեան համար։
Սակայն, ցաւալի է, որ ինչպէս ժամանակին անողոք հիւանդութիւնը ընդհատեց Հերեանին կեանքը, այնպէս ալ անկանխատեսելի ժահրը ընդհատեց իր գիրքը լաւագոյնս արժեւորած եւ յառաջաբանը գրած գրականագէտին կեանքը: Շնորհահանդէսին կը սպասենք տակաւին…

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button