Ընտրութիւնը Առիթ Է Արժանապատիւ Խաղաղութեան
Տիգրան Ճինպաշեան
4 եւ 5 Մայիսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովը: Եւրոպական քաղաքական համայնքը կը համախմբէ Եւրոպական Միութեան անդամ եւ անոր գործընկեր (Եւրոպական խորհուրդի անդամ) պետութիւններ: Պարբերական ժողովները տեղի կ՛ունենան ամէն տարի տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ: Եւրոպական Միութեան եւ գործընկեր երկիրներու ղեկավարները կը հաւաքուին միասնաբար քննարկելու համար Եւրոպային եւ ամբողջ աշխարհին վերաբերող քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու այլ հարցեր: Գագաթաժողովին հրաւիրուած են նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները, որոնք յայտարարած են, որ պիտի չմասնակցին Երեւանի մէջ գումարուող ժողովին:
Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին այս հանգրուանին Երեւանի մէջ գումարումը տեղի տուաւ բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու: Արդարեւ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններէն ամիս մը առաջ, պաշտօնական ընտրարշաւի սկզբնաւորութեան նախօրեակին հարցականներ կը ստեղծէ: Իշխանութիւններուն համար այս գումարումը բարենիշ մըն է Հայաստանի ժողովրդավարութեան դիմաց: Ուրիշներ երեւոյթը մեկնաբանեցին իբրեւ բացայայտ միջամտութիւն Հայաստանի ընտրական գործընթացին: Բոլորը, թէ՛ գոհունակ կողմնակիցները եւ թէ՛ ընդդիմադիրները համաձայն են, որ Եւրոպայի երկիրներու ղեկավարներու ներկայութիւնը կը քաջալերէ ընտրողները քուէարկելու Նիկոլ Փաշինեանի եւ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան օգտին:
Հայաստանի ընդդիմադիր վեց կուսակցութիւններ, որոնք անդամ են կամ դիտող եւրոպական համապատասխան կառոյցներու, համատեղ նամակ մը յղած են Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան եւ Եւրոպական Միութեան նախագահներուն կամ վարչապետներուն: Նամակը կ՛անդրադառնայ Հայաստանի հակաժողովրդական զարգացումներուն, Ազրպէյճանի մէջ պատանդ պահուող հայրենակիցներուն եւ արցախահայութեան խնդիրներուն: Նամակը ժողովականներուն ուշադրութեան կը յանձնէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նահանջը, քաղաքական բանտարկեալներու գոյութիւնը եւ բազմացումը, ճնշումը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ, հոգեւորականներու կալանաւորումը, մետիայի (մամուլի) վրայ ճնշումները, սպառնալիքի տակ անուղղակի գրաքննութիւնը, հայ ռազմագերիներու գոյութիւնը Ազրպէյճանի մէջ, անյայտ կորած անձերու ճակատագրին նկատմամբ անտարբերութիւնը, Արցախի մէջ իրականացած ցեղային զտումը, Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան աւերումը: Բոլոր իրողութիւնները կը հակասեն եւրոպական հանրայայտ արժէքներուն: Ստորագիր կուսակցութիւնները կ՛առաջարկեն հանդիպում կազմակերպել իրենց հետ, լուսաբանութեան եւ յաւելեալ պարզաբանումներ ներկայացնելու առիթ ստեղծելու համար:
Նիկոլ Փաշինեան բաճկոնի լամբակին ամրացուցած է իր «իրական Հայաստանի» մանրանկարը, այն 29743 քառակուսի քիլոմեթրին, որ միաժամանակ երկիր է, պետութիւն եւ հայրենիք: Պետական նորայայտ գաղափարաբանութեան համաձայն, հայ մարդը պէտք է մոռնայ, թէ ուրկէ՛ եկած է ինք, կամ ուրկէ՛ եկած են իր նախնիները եւ դառնայ իրական Հայաստանի հպարտ քաղաքացի: Թէ ի՛նչ կը կատարուի օրինակ բռնագրաւուած Արցախի մէջ, մեզ չի հետաքրքրեր. եկեղեցիներու եւ մշակութային յուշակոթողներու աւերման առիթով նախարարներէն մէկը կ՛ըսէ, թէ իրենց երկիրն է, ինչ կ՛ուզեն` կ՛ընեն: Հետաքրքրուիլ նման հարցերով կը հակասէ խաղաղութեան քաղաքականութեան, սադրանք կը յառաջացնէ: Ցոյց տալու համար, որ անցեալը պէտք է մոռնալ, Փաշինեան ապրիլ 24-ի յաջորդ օրը քաղաքացիի օր կը հռչակէ եւ խորովածի վաճառք կը կազմակերպէ:
Ընտրութեան թուականէն եւ ընտրարշաւի պաշտօնական սկիզբէն շաբաթներ առաջ, ապահովական մարմինները ընտրակաշառքի պատրուակով ձերբակալութիւններ կը կատարեն: Ոեւէ քուէարկող, որ չի սատարեր Քաղաքացիական պայմանագիրին, ենթակայ է կաշառքի միջոցով ընդդիմադիր ուժերուն քուէարկելու կասկածանքի: Տարօրինակ օրէնք մը նուիրատուութիւնը կը հաւասարեցնէ ընտրակաշառքի եւ նուիրատուն կ՛առաջնորդէ բանտ: Նիկոլ Փաշինեանին չքուէարկել կը նշանակէ կողմնակից ըլլալ պատերազմի, ենթակայ օտարին, դէմ խաղաղութեան, խարդախ եւ կողմնակից անկախութեան վերացման:
Ահա այս թունոտ մթնոլորտին մէջ է, որ շուտով կը սկզբնաւորուի, 19 ցուցակներու մասնակցութեամբ ընտրարշաւը: Ճակատագրական շրջադարձի առիթը, արժանապատիւ խաղաղութեան հնարաւորութիւնը պէտք չէ փախցնեն ընտրողները:

