«Յարատեւ Պայքար» Պատկերագիրքի Շնորհահանդէս

ԵՐԵՒԱՆ.- «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ նկարիչ, քանդակագործ եւ ազատամարտիկ Աշոտ Ավագեան-ի «Յարատեւ Պայքար» պատկերագիրքին շնորհահանդէսը։
Պատկերագիրքը լոյս տեսած է «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ երկլեզու է՝ հայերէն ու անգլերէն։
Շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի Աւ. Իսահակեանի անուան գրադարանին մէջ, ուր ներկայ էին համազգայնականներ, հասարակական գործիչներ եւ մտաւորականներ։
Միջոցառումը բացուեցաւ «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեանի ողջոյնի խօսքով։ Ան նշեց, թէ Աշոտ Աւագեանի արուեստը կը տարբերի իր ինքնատիպութեամբ ու խորհրդաւորութեամբ, եւ կարելի չէ զայն համեմատել կամ շփոթել այլ գեղանկարիչներու գործերուն հետ։ Արտաշէս Շահպազեան շեշտեց․ «Անոր արուեստը նպատակ ունի մեզ կապելու մեր արմատներուն, յիշեցնելու, թէ ով ենք մենք եւ ո՛րն է մեր սկիզբը։ Ան իր գործերով կարծես պատգամ կը փոխանցէ՝ ամուր պահել արմատները»։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Հ.Հ. Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան իր խօսքին մէջ Աշոտ Աւագեանը բնորոշեց որպէս ազգային մարդու եւ ազգային արուեստագէտի համաձոյլ՝ կարեւորելով մեր օրերուն նման մտաւորականներու անհրաժեշտութիւնը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ պատկերագիրքին խորագիրին՝ շեշտելով․ «Այո՛, յաւերժութեան երաշխիքը յարատեւ պայքարն է։ Արարումն ու պայքարը հոմանիշներ են։ Եթէ պայքար չըլլայ, ծիլը չի աճիր, ծառը չի ծաղկիր, արուեստի գործեր չեն ծնիր…»։
Շնորհահանդէսին խօսք առին նաեւ գեղանկարիչ Մովսէս Ծիրանի, քանդակագործ Գետիկ Պաղտասարեան, փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու Յակոբ Մատոյեան, հասարակական գործիչ Մասիս Պաղտասարեան եւ բեմադրիչ Յովհաննէս Իշխանեան։
Միջոցառումը փակուեցաւ «Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակին տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի խօսքով։ «Կը կարծեմ, թէ անոր գործերը կը տարբերին երկու բնորոշիչներով․ առաջինը՝ ժայռապատկերներու խորհուրդն է, որ պատահական չէ ընտրուած։ Ժայռապատկերները մեզի կը յուշեն գնահատել մեր անցեալը, արժեւորել ներկան եւ ուղիղ քայլել դէպի ապագան։ Երկրորդը՝ շարժումն է, զոր կը տեսնենք Աշոտի գործերուն մէջ։ Միայն վարպետ գեղանկարիչը կրնայ շարժումը պատկերի վերածել»,– շեշտեց Առաքելեան։
Շնորհահանդէսին աւարտին ցուցադրուեցաւ բեմադրիչ Յովհաննէս Իշխանեանի «Ալֆերաց․ Յաւերժ Կռիւը Կտաւի Վրայ» ժապաւէնէն կտորներ, որոնք նուիրուած են Աշոտ Աւագեանին։

