ԳլխաւորՅօդուածներ

Մ.Ա.Կ.-Ի ԴԻՄԵԼՈՒ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԷ ՕՐ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ՇԵՇՏՈՒԻ


Ա.Ա.

Արցախեան այսօրուան իրավիճակը եւ տագնապին հանգամանքները նկատի առնելով՝ կը ծագի գլխաւոր հարցում մը։ Միջազգային ընտանիքը ինչ ունի ընելիք եւ ինչ կ՛ընէ, որպէսզի Արցախահայութիւնը ինքզինք ապահով զգայ իր հայրենիքին մէջ։ Ատրպէյճանական պաշարումը հասած է իր գագաթնակէտին, Արցախ կը դիմագրաւէ ամբողջական եւ խիստ շրջափակում եւ կղզիացած ու մեկուսացուած է, իսկ միջազգային ընտանիքը կը շարունակէ անիմաստ եւ ապարդիւն կոչեր արձակել՝ ապաշրջափակելու համար Արցախը։ Լաչինի միջանցքը կը մնայ փակ եւ ատրպէյճանցիները նոյնիսկ մետասաներորդ պահուն, ակնյայտ շանթաժով մը, մերժեցին բանակցութիւններ կատարել Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներուն հետ, առանց պատճառները նշելու, թէ ինչու կը մերժեն Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ բանակցութիւնները, որոնք պէտք է կայանային քանի մը օր առաջ։Սակայն շատ յստակ է, որ ատրպէյճանցիք՝ նոյնիսկ անտեսելով Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի միջնորդութիւնները, կը շարունակեն հետապնդել Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ լաւապէս համակարգուած քաղաքական ծրագիրը, որ կը միտի Արցախը քարտէսէն ջնջել, Մեղրիով ստեղծել Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ցամաքային կապ մը եւ իրականացնել համաթուրանականութեան երազը, Եգէականէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիոյ խորերը թրքախօս եւ թրքացեղ ժողովուրդներու Աշխարհագրական միացում մը ստեղծելով։ Այս ծրագրին գործադրութիւնը ապահովելու նպատակով թուրքեւատրպէյճանական ամբողջական գործակցութիւնը գաղտնիք մը չէ եւ Անգարայէն ու Պաքուէն արձակուած յայտարարութիւնները ասիկա կ՛ապացուցեն։
Մինչ թուրք- ատրպէյճանական ճակատը կը հետապնդէ իր համաթուրանական ծրագիրը, միջազգային ընտանիքը կը շարունակէ կոչեր արձակել, ապարդիւն միջնորդութիւններ կատարել եւ ամբողջութեամբ անտեսել կամ մտահան ընել, որ օրերը կը սահին, Արցախի պաշարումը չափազանց վտանգաւոր եւ ծանր իրավիճակ մը կը ստեղծէ եւ արցախցիները ցեղասպանութեան մը զոհ երթալու իսկական վտանգին տակ կը գտնուին։ Ի տես Արցախցիներուն դիմագրաւած տագնապալի կացութեան, միջազգային ընտանիքին վարած քաղաքականութիւնը եթէ ջայլամի քաղաքականութիւն չէ, ապա ամէնէն մեղմ բնութագրմամբ, ամբողջական անտեսումն է Արցախահայութեան արդար եւ իրաւացի պահանջներուն, որոնք միջազգային քաղաքական շահերու զոհ կ՛երթան։ Արցախահայութեան դիմագրաւած սովը, որ իրական սպառնալիք մըն է, ոչինչ կը նշանակէ որոշումներու մայրաքաղաքներու եւ հարթակներու համար, որոնց միակ նպատակը իրենց սեփական շահերու հետապնդումն է։ Ասիկա հասկնալի է եւ անիրատեսական պիտի ըլլար ակնկալել, որ Արցախի պարագային արդարութիւնը աւելի ծանր պիտի կշռէր քարիւղէն, տնտեսական ծրագիրներէն, ռազմաքաղաքական շահերէն եւ այն ամէն ինչէն, զորս կը հետապնդուին միջազգային տարբեր դերակատարներու կողմէ։ Քաղաքական տհասութիւն պիտի ըլլայ խորհիլ, որ որոշումի մայրաքաղաքներ իրենց շահերուն հաշւոյն Արցախի ժողովուրդին արդար իրաւունքներու ձեռքբերման համար ճակատին Ատրպէյճանի դէմ։ Սակայն այս կացութեան մէջ Երեւանի իշխանութիւնները ընելիք ունին։ Առանց ձգձգման պէտք է դիմուի Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան Խորհուրդ,որպէսզի Արցախահայութեան բնաջնջման առաջքը առնուի։ Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա- Ատրպէյճան ճակատը կը շարունակէ իր Արցախաջինջ քաղաքականութիւնը, Ռուսիա ամբողջական լռութիւն կը պահէ եւ Արեւմուտքը մերթ ընդ մերթ կոչերով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կը դիմէ, Երեւանի իշխանութիւնները իրենց ամբողջական ուշադրութիւնը եւ աշխատանքը պէտք է կեդրոնացնեն Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան վրայ, որպէսզի իսկապէս կանխարգիլուի մերօրեայ ցեղասպանութիւն մը։ Արցախի ապագան անորոշ է եւ անոր ապագան կախեալ է դիւանագիտական խաղը ճիշդ կերպով խաղալու հայկական կողմին կարողութենէն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button