Լրահոս

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆՇԷ ՀԱՅՐ ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ՎՐԴ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ 99-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Կիրակի, Մայիս 24-ին, Մխիթարեան Միաբանութիւնը Սուրբ Ղազարի Մայրավանքին մէջ նշեց իր աւագ միաբան՝ Արիստակէս Վրդ. Մանուկեանի 99-րդ տարեդարձը եւ իր ձեռնադրութեան 70-ամեակը, տօն մը, որ իր մէջ կ՚ընդգրկէր Եկեղեցւոյ եւ մեր ազգին նուիրումով իմաստաւորուած դար մը կեանք, որուն ընթացքին, իբրեւ քահանայ, դաստիարակ եւ իր ժողովուրդի հովիւ, խոր հոգեկան դրոշմ ու վառ յիշատակներ թողած է բոլոր գաղութներուն մէջ, ուր ծառայած է։

Հայր Արիստակէս ծնած է Ճարապլուս (Սուրիա), 1927-ին, ծագումով սասունցի եւ մարաշցի Մեծ Եղեռնի վերապրող ծնողքի զաւակ։ Սուրբ Ղազար մտաւ 1947-ին եւ 1956-ին ձեռնադրուեցաւ վարդապետ, երբ սկիզբ առաւ իր բեղուն կղերական գործունէութիւնը Վենետիկի մէջ եւ այլուր, ներառեալ Հայաստան, Սուրիա եւ Լիբանան, նոյն բացառիկ կենսունակութեամբ, որու ծանօթ են իր միաբան եղբայրները եւ Վենետիկի գաղութի հաւատացեալները եւ որու վրայ վկայ եղան անգամ մը եւս Հոգեգալստեան Կիրակին, երբ Հայր Արիստակէս Սուրբ Պատարագ մատուցեց։

«Խաչակիր ժողովուրդ եղած ենք», ըսաւ իր քարոզին մէջ։ «Եւ մենք հաւատացած ենք… Միշտ ջարդուած, միշտ հալածուած… բայց ուր ալ երթաս, օտար երկրի մէջ, հայերը ի՞նչ կ՚ընեն՝ եկեղեցին, դպրոց մը, տէր հայր մը, որ այդ պզտիկներուն հայերէն սորվեցնէ, խաչ հանել սորվեցնէ»։

Ու աւելցուց. «Այս է մեր պատմութիւնը, որուն համար օրհնուած ենք»։ Քարոզը եզրափակելով, ըսաւ. «Մի՛ վախնաք, հայերս օրհնուած ենք՝ այո՛, խաչուած, բայց յարութիւն կ՚առնեն»։

Սուրբ Պատարագէն վերջ, Մխիթարեան վարդապետները ներկաներուն հիւրընկալեցին սեղանատան մէջ, ուր սեղանի օրհնութենէն վերջ, յանուն իր միաբան եղբայրներուն, Հայր Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան շնորհաւորեց Հայր Արիստակէսը արեւշատութեամբ օժտուած իր նուիրեալ կեանքին համար, որ արդէն մտած է հարիւրամեակի շեմին։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button