Հինգ Քաղաքական Ուժերու Միացեալ Յայտարարութիւնը
շ
Այսօր Սահմանադրական դատարանը հրապարակեց անցեալ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող դիմումներուն վերաբերեալ իր որոշումը։
Սահմանադրական դատարանի այս որոշումը՝
• չի լուծեր կազմաւորուող իշխանութեան օրնաւորութեան հարցը. այս պայմաններուն մէջ եւ արձանագրուած արդիւնքներով կազմաւորուող իշխանութիւնը կը մնայ օրինաւորութենէ զուրկ։
• չի սրբագրեր ընտրական կեղծիքները, չի վերացնոր զանգուածային ընտրախախտումները եւ չի յաղթահարեր երկրին մէջ առկայ խորքային քաղաքական ու իրաւական ճգնաժամը։
Ընդհակառակը, իրաւական վերջին ատեանին կողմէ արձանագրուած խախտումները ընդունելէ ուղղակի հրաժարիլը աւելի կը խորացնէ երկրին մէջ տիրող ճգնաժամը, չի նպաստեր ազգային համերաշխութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ պայքարը կը տեղափոխէ քաղաքական դիմադրութեան դաշտ։ Հետեւաբար, ներկայ քաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու եւ սահմանադրական կարգը վերականգնելու նպատակով, ստորագրեալ քաղաքական ուժերը կը յայտարարեն հետեւեալ սկզբունքային ուղղութիւններուն շուրջ իրենց համախոհութիւնը եւ միասնական քաղաքական օրակարգ ձեւաւորելու պատրաստակամութիւնը։
1. Հայաստանի Սահմանադրութեան պարտադրուած փոփոխութիւններու կանխարգիլում
Գործող վարչախումբին կողմէ նախապատրաստուող սահմանադրական փոփոխութիւնները դիտելով որպէս արտաքին պարտադրանք՝ պիտի օգտագործենք օրէնսդրական, հանրային եւ քաղաքական բոլոր միջոցները՝ թոյլ չտալու համար Մայր Օրէնքի փոփոխութիւնը, որ ուղղակի եւ անդառնալի հարուած կը հասցնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան։
2. Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պաշտպանութիւն
Հաշուի առնելով Եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմ տարուող համակարգուած ապօրինի արշաւը՝ մեր քաղաքական օրակարգին անկիւնաքարը պիտի ըլլայ Սահմանադրութեան 18-րդ յօդուածով երաշխաւորուած՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բացառիկ առաքելութեան, անոր իրաւունքներուն, գոյքին եւ հեղինակութեան պաշտպանութիւնը՝ որեւէ ոտնձգութենէ։
3. Քաղաքական բանտարկեալներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն
Հետընտրական շրջանին սկսած է քաղաքական բռնաճնշումներու նոր ալիք մը։ Ընտրական եւ քաղաքական գործընթացներուն զուգահեռ երկրին մէջ ծաւալած ճնշիչ գործելակերպը յանգեցուցած է քաղաքական բանտարկեալներու թիւի զգալի աճին։ Մեր միացեալ քայլերը պիտի ուղղուին անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անյապաղ ազատ արձակման պահանջին։
4. Գործող իշխանութեան հեռացում
Սահմանադրական դատարանին մէջ ընդդիմադիր ուժերու բողոքներու քննութիւնը միայն վերահաստատեց, որ գործող վարչախումբին հեռացումը այլընտրանք չունեցող հրամայական է։ Հետեւաբար, իշխանափոխութիւնն ու ազգային նոր որակի իշխանութեան կազմաւորումը կը մնան երկրին մէջ սահմանադրական կարգի վերականգնման, համերաշխութեան հաստատման եւ անվտանգութեան ապահովման միակ նախապայմանը։
Մենք կը գիտակցինք, որ իրաւական հիմնարկներու կազմաքանդման պայմաններուն մէջ պետութեան եւ սահմանադրական կարգի պահպանման միակ երաշխաւորը կը մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին։
Ուստի, սիրելի՛ քաղաքացիներ,
Սահմանադրական դատարանի այս որոշումը պայքարի աւարտը չէ, այլ՝ նոր, աւելի համակարգուած, ինստիտուցիոնալ եւ լայնածաւալ քաղաքական դիմադրութեան փուլի սկիզբը։
Վերոյիշեալ կէտերուն շուրջ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն միջեւ ընելիքներուն վերաբերեալ քննարկումները կը շարունակուին։ Քննարկումներէն բխող յետագայ քայլերուն, ներառեալ հնարաւոր միացեալ ծրագիրներուն մասին, պիտի տեղեկացնենք մօտ ապագային։
4 Յուլիս 2026
Երեւան
- «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինք
- «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինք
- «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն
- «Հայ Ազգային Քոնկրէս» կուսակցութիւն
- «Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռ» համահայկական կուսակցութիւն

