Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ՝ Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւնները Կրնան Վնասել Առաջատար Ընդդիմադիր Ուժին

Հայաստանի Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարանը (IODA) կը հաստատէ, թէ ընտրական օրէնսգիրքին մէջ վերջերս կատարուած փոփոխութիւնները, որոնք ընդունուած են Յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն անմիջապէս առաջ եւ կ՛արգիլեն անձնական անուններու գործածութիւնը, ըստ ամենայնի կրնան վնասել «Ուժեղ Հայաստան» ընդդիմադիր ուժին եւ տկարացնել ընտրական գործընթացի արդարութիւնն ու մրցակցութիւնը։ Կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ընէ իշխանութիւններուն՝ նման փոփոխութիւնները յետաձգելու կամ վերանայելու՝ առնուազն մինչեւ նոր կառավարութեան կազմաւորումը։
«Այս հապճեպ ընդունուած փոփոխութիւնները յստակօրէն ուղղուած են «Ուժեղ Հայաստան» ուժին դէմ՝ գործնականօրէն ստիպելով ընտրութիւններէն ընդամէնը ամիսներ առաջ փոխել իրենց արդէն ճանչցուած անունը: «Ասիկա ընտրական գործընթացը իշխանութեան օգտին շեղելու հերթական փորձ մըն է»,– կը նշէ Սառա Լի Ուիթսըն։
Ապրիլ 7-ին Ազգային ժողովը ընդունեց «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արուսեակ Ջուլհակեանի, Ալխաս Ղազարեանի եւ Արթուր Յովհաննիսեանի առաջարկած փոփոխութիւններու նախագիծը։ Անոնցմով կը սահմանափակուին ընտրական դաշինքներու անուանումները՝ արգիլելով անձնական անուններու գործածութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական կամ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու անուններուն նմանող ձեւակերպումները։ Օրինագիծը ընդունուեցաւ միայն իշխող խմբակցութեան ձայներով՝ 66 կողմ, 16 դէմ յարաբերակցութեամբ։ Թէեւ ան ներկայացուած էր որպէս թեքնիք փոփոխութիւն, անոր ժամանակացոյցն ու բովանդակութիւնը կրնան ուղղակի ազդեցութիւն ունենալ որոշ քաղաքական ուժերու վրայ, ներառեալ «Ուժեղ Հայաստան՝ Սամուէլ Կարապետեանի հետ» դաշինքը։ Նախընտրական այս փուլին նման փոփոխութիւնները կը պահանջեն առաւել զգօն մօտեցում։
Յունուար 24-ին ընդունուած մէկ այլ փոփոխութեամբ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին տրուեցաւ լիազօրութիւն՝ իր գնահատմամբ մերժելու կամ դադրեցնելու ընտրական դիտորդական առաքելութիւններու հաւատարմագրումը՝ անոնց «քաղաքական չէզոքութիւնը» խախտելու պատճառաբանութեամբ։ Թէեւ ընտրական դիտարկման անաչառութիւնը կարեւոր է, յստակ չափանիշներու բացակայութիւնը կրնայ հանգեցնել կամայական կիրարկման։
Յատկանշական է նաեւ, որ այս փոփոխութիւնները ընդունուած են արագացուած ընթացակարգով՝ առանց լայն քննարկումներու ընդդիմութեան, քաղաքացիական հասարակութեան եւ միջազգային գործընկերներու հետ։
«Այս փոփոխութիւններու ընդհանուր ազդեցութիւնը կը նուազեցնէ հանրութեան վստահութիւնը ընտրական գործընթացի արդարութեան նկատմամբ, յատկապէս այն պայմաններուն մէջ, երբ ընտրութիւններէն առաջ տեղի կ՚ունենան նաեւ այլ մտահոգիչ զարգացումներ՝ ներառեալ քաղաքական գործիչներու եւ հոգեւորականներու ձերբակալութիւնները: Իշխանութիւնը պէտք է դադրեցնէ ընտրական գործընթացին վրայ ազդեցութիւն գործադրելու փորձերը եւ վստահութիւն ներշնչէ, թէ ընտրութիւնները չեն ենթարկուիր մանիփուլացիայի»,– կը նշէ Քենեթ Ռոթ։
Փոփոխութիւնները կը հակասեն նաեւ Վենետիկի յանձնաժողովի «Ընտրական հարցերու լաւ գործելակերպի կանոնագրքին», որ կը շեշտէ ընտրական օրէնսդրութեան կայունութիւնը եւ կը յանձնարարէ նման փոփոխութիւններ իրականացնել ընտրութիւններէն առնուազն մէկ տարի առաջ։ Այս փուլին կատարուած փոփոխութիւնները կրնան ազդել թէ՛ ընտրութիւններու ընկալման, թէ՛ անոնց իրական որակի վրայ։ Հայաստանի Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարանը կոչ Կ՚ընէ կասեցնելու այս փոփոխութիւններու կիրարկումը մինչեւ ընտրութիւններէն ետք եւ ապահովելու անոնց շուրջ լիարժէք քննարկում։
Դիտարանը արդէն իսկ իր մտահոգութիւնները յայտնած էր Մարտ 12-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ընթացքին՝ անդրադառնալով քաղաքականացուած ձերբակալութիւններուն, ընդդիմութեան եւ հոգեւորականներու նկատմամբ ճնշումներուն, արտաքին միջամտութեան վերաբերեալ անհիմն մեղադրանքներուն եւ քրէական օրէնսգիրքի լայն ու անորոշ ձեւակերպումներու կիրարկման։
Կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ Մայիսին իրականացնել երկրորդ փաստահաւաք առաքելութիւն Հայաստան եւ ընտրութիւններէն առաջ հրապարակել իր վերջնական գնահատականներն ու առաջարկութիւնները։
Լրացուցիչ տեղեկութիւնների համար.-
Գործադիր խորհուրդի անդամներ՝
Ֆիլիփ Քալֆայեան | philippe.kalfayan@gmail.com
Քենեթ Ռոթ | ken@kenroth.org
Սառա Լի Ուիթսըն | sarahleahwhitson@yahoo.com
Քարտուղարութիւն՝
info@armeniaobservatory.org

