«Հայաստանի ժողովուրդին ընտրելու կարելիութիւն տալ, Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցով», Կ՚առաջարկէ Փութին Փաշինեանին

ՊԻՇՔԷՔ.- Հայ-ռուսական լարուած յարաբերութիւններու ծիրէն ներս, վերընտրուելէն ետք առաջին անգամ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
«Հայաստանի ձգտումը դէպի Եւրոպական Միութիւն երկրի օրինական իրաւունքն է, սակայն ատիկա բարդութիւններ կը ստեղծէ՝ պայմանաւորուած, ի միջի այլոց, Հայաստանի ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալով»,– յայտարարեց Փութին՝ աւելցնելով. «Որքան շուտ Հայաստանը կողմնորոշուի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցին մէջ, այնքան լաւ։ Մոսկուայի մէջ պէտք է հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս զարգացնել հետագայ յարաբերութիւնները»։
«Հայաստանի այլ կազմակերպութեան մը անդամակցելու գործընթացը սկսելու մասին օրէնքի ընդունումը կը նշանակէ գործող կազմակերպութենէն դուրս գալու մասին յայտարարութիւն»,– ըսաւ Փութին Փաշինեանին՝ անդրադառնալով շուրջ մէկուկէս տարի առաջ Հայաստանի Ազգային Ժողովին կողմէ ընդունուած օրէնքին, որ կ՚ազդարարէ Երեւանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկը։
Ռուսիոյ նախագահը առաջարկեց «Հայաստանի ժողովուրդին ընտրելու կարելիութիւն տալ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցով, մարդոց հարցնել՝ ի՞նչ կ՚ուզեն»։
Վլատիմիր Փութին ընդգծեց, որ Ռուսիա Հայաստանի հիմնական տնտեսական գործընկերն է, իսկ տարեսկիզբէն ի վեր երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը հասած է 2.5 միլիառ տոլարի։
«Ռուսիան միշտ հանդէս կու գայ Հայաստանի հետ բարեկամական եւ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու զարգացման օգտին, ինչ որ կը համապատասխանէ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն հիմնարար շահերուն»,– ըսաւ ան։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ յայտարարեց. «ԵԱՏՄ-ի կանոնակարգերով ոեւէ երկիր կազմակերպութենէն դուրս ձգելու մեխանիզմ չկայ։ Այդ պատճառով պետութիւնը առնուազն վեց ամիս առաջ պէտք է ծանուցէ կազմակերպութիւնը։ Մենք նման ծանուցում չենք փոխանցած ԵԱՏՄ-ին։ Իրավիճակին պէտք է նայիլ այս ելակէտէն»։
«Մեզի համար կարեւոր է, որ մեր երկիրը այլընտրանքներ ունենայ։ Ատիկա մեր լեգիտիմ իրաւունքն է։ Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մենք դժգոհ ենք ԵԱՏՄ-էն, հակառակ անոր որ այնտեղ խնդիրներ կան»,– ընդգծեց Փաշինեան։
Վարչապետը պնդեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան օրէնքի ընդունումով Հայաստանը չէ խախտած ԵԱՏՄ-ի մէջ ստանձնած որեւէ պարտաւորութիւն. «Այդ հարցը այնքան չէ հասունցած, որ դրուի ժողովուրդի հանրաքուէի։ Մենք այդ օրէնքը ընդունած ենք, որպէսզի հանրաքուէ չանցընենք»։
Բանակցութիւններուն ընդառաջ Մոսկուան արդէն տարբեր խողովակներով դժգոհութիւն յայտնած էր Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներու կալանաւորման առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ կրկին բարձրացուցած էր Հայաստանի արտաքին կողմնորոշման վերաբերեալ հանրաքուէ կատարելու հարցը։
Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք օրեր առաջ արդէն ազդարարած էին, թէ յառաջիկային պիտի սկսին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմումի գործընթացը, այժմ հանրաքուէ կատարելու անհրաժեշտութիւն չեն տեսներ։
«Նախ՝ վերջնաժամկէտներուն վերաբերող խօսոյթը ընդհանրապէս անընդունելի է։ Մեր ինքնիշխան իրաւունքներուն վերաբերեալ մենք ինքներս կը կայացնենք որոշումները։ Մե՛նք պէտք է որոշենք, թէ ե՛րբ հանրաքուէ ընենք, ե՛րբ չընենք»,– յայտարարեց վարչապետ Փաշինեան։

