ԱմերիկահայԼրահոս
ԹՐՈՅԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐՇԱՒԸ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

Չորեքշաբթի, 19 Օգոստոսին, Թրոյի (Նիւ Եորք) Սուրբ Խաչ եկեղեցին ուտելիքներու հաւաքման արշաւի մը ձեռնարկեց ի նպաստ քաղաքի կարիքաւորներու։ Եկեղեցւոյ անդամներու եւ բարեկամներու առատաձեռնութեան շնորհիւ հաւաքուած ուտելիքները յանձնուեցան Hope 7 Community-ին, որ ուտելիքով կ՚օժանդակէ շուրջ 250 ընտանիքներու։ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ալպընիի «Շուշի» մասնաճիւղն ալ իր մասնակցութիւնը բերաւ արշաւին։
Թրոյի քաղաքապետ Քարմելա Մանթելօ այցելեց արշաւին, նուիրատուութիւն մը ըրաւ եւ ծանօթացաւ եկեղեցւոյ կամաւորներուն։ Այցելութեան ընթացքին, քաղաքապետը աւելի մօտէն ծանօթացաւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ եւ անոր առաքելութեան։

