Անցնող շաբաթավերջին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումը իր աշխատանքները շարունակեց Բիւրականի մէջ, Հայաստան։ Շաբաթ, 22 Յուլիսի յետմիջօրէին, բանակումի 750 մասնակիցները այցելեցին Երեւան եւ ծանօթացան մայրաքաղաքի տեսարժան վայրերուն։ Ապա, պատուիրակութիւններու պատասխանատուները մեկնեցան Արցախեան պատերազմներու նահատակաց պանթէոն՝ Եռաբլուր։








