Էրտողանի Համար Փայլան Դաւաճան է
ԱՆԳԱՐԱ․- Թուրքիոյ նախագահը դատապարտեց Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, վերջերս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ բանաձեւը խորհրդարանին ներկայացնելուն համար: Էրտողան այդ քայլը դաւաճանութիւն համարեց եւ շեշտեց, որ Փայլանի դէմ համապատասխան որոշումներ պիտի առնուին:
Պոլսոյ հայաշատ Քուրթուլուշ թաղամասին մէջ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած հայ մտաւորականներու յիշատակին։ 107 տարիներ առաջ, նոյն այս թաղամասին մէջ սկսաւ հայ մտաւորականութեան ձերբակալութիւններու արշաւը:
Յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ նաեւ «Ակօս» թերթի հիմնադիր խմբագիր Հրանդ Տինքին եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն մէջ պարտադիր ծառայութեան ընթացքին՝ 24 Ապրիլ 2011-ին, սպաննուած Սեւակ Պալըքճըին: Ձեռնարկին մասնակցեցաւ Կարօ Փայլան:

