Լրահոս

Աւստրալիոյ Ներկայացուցիչներու Տունը Կոչ Ուղղեց Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ՔԱՆՊԵՌԱ․- Հ․Յ․Դ․ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Աւստրալիոյ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տունը միաձայնութեամբ թեր արտայայտուեցաւ կոչ ուղղելու կառավարութեան` ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-1923-ին հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնները:

Հ․Յ․Դ․ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Հայկ Քայսերեան ըսաւ, որ միաձայնութեան այս դիրքորոշումը կը բացառէ թրքական միջամտութիւնը Աւստրալիոյ արտաքին քաղաքականութեան եւ կը յորդորէ վարչապետն ու անոր ղեկավարած կառավարութիւնը` կանգնիլ ընտրուած ներկայացուցիչներու կողքին եւ ցեղասպանութիւնը կոչել ցեղասպանութիւն:

Երեսփոխան Թրենթ Զիմըրմանի ներկայացուցած բանաձեւը կը յորդորէ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը` հաւատարիմ մնալ 1948 թուականի` Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ դատապարտման վերաբերող ուխտին ու ճանչնալ «Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-1923 թուականներուն հայերու, յոյներու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը»:

Երեսփոխան Զիմըրմանի միացան երեսփոխաններ Ճոն Ալեքսանտր, Ճիւլիան Լիզըր, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր անդամներ, երեսփոխաններ Ճոշ Պըրնզ, Սթիւ Ճիորճանաս եւ Ժոէլ Ֆիցկիպոն:

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button