Արդեօք Ա՞յլ Երկրաշարժ Մը Թուրքիոյ Քաղաքական Բեմին Վրայ

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Քանի մը ժամ մնաց. 14 Մայիսին, Թուրքիոյ աւելի քան 85 միլիոն բնակիչներէն՝ մօտաւորապէս 60 միլիոն քուէարկելու իրաւունք ունեցող պիտի ընտրէ յառաջիկայ հինգ տարիներու նախագահը:
6 Փետրուարի երկրաշարժը ըստ երեւոյթին նետուած է «անցեալ»-ի տոպրակը: Անցեալ մը՝ որ տարբեր ձեւով կը յիշուի, կամ՝ պիտի յիշուի, յատկապէս ընտրութիւններուն արդիւնքէն ետք:
Աւելի քան յիսուն հազար զոհ խլած երկրաշարժի օրերուն, նկատի ունենալով փուլ եկած նորակառոյց շէնքերն ու Էրտողանը շրջապատող անձերու վրայ դրոշմուած կասկածները, վիճակագրութիւնները ցոյց կու տային, թէ նախագահը ծանր պարտութիւն պիտի կրէր:
Այսօր սակայն, աւելի քան երեք ամիս ետք, պատկերը նոյնը չէ. Էրտողանի անունը վերստին «ջուրին երեսը ելած է», եւ մրցակիցին՝ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու թեկնածու Քըլըճտարօղլուի համեմատած՝ քուէները հաւասար կը թուին:
Ի՞նչ պատահեցաւ այս քանի մը ամիսներուն: Փուլ եկած շէնքերն ու համալիրները մոգական գաւազանով մը վերակառուցուեցա՞ն, հետեւանքները դարմանուեցա՞ն, թէ՞…:
Էրտողանի ժողովրդականութեան վերաձեւաւորումը (եթէ ուզենք այսպէս բնութագրել եղածը) ունի բազմաթիւ պատճառներ: Առաջին հերթին ընդդիմադիր կուսակցութիւնները հեզասահօրէն չկրցան գործակցիլ եւ դեռ անոնց միջեւ տարակարծութիւններ կան, յատկապէս թեկնածուին առընչութեամբ: Մինչեւ իսկ արձանագրուեցան խզումներ եւ հրաժարումներ: Ընդդիմադիր այլ թեկնածուի մը՝ Մուհարէմ Ինճէի ընտրապայքարէն մետասաներորդ պահուն քաշուիլը ուշացած քայլ է եւ հաւանաբար մեծ ազդեցութիւն չունենայ երկու ախոյեաններուն դիրքերուն վրայ:
Այլ դէպք մըն ալ ոսկի առիթ մը ընծայեց Էրտողանի ժողովրդականութեան վերականգնումին: Պատահեցաւ, որ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճեֆրի Ֆլէյք պաշտօնական այցելութիւն մը տայ ծագումով ալեւի Քըլըճտարօղլուին (որուն համայնքային պատկանելիութիւնը այդքան չէր ծամծմուած սկզբնապէս). այդ հանդիպումը թեւեր տուաւ Էրտողանի ընտրարշաւի մեքենային, որպէսզի պատահածը օգտագործէ քուէարկողները համոզելու, թէ ընդդիմադիրներու թեկնածուն բնաւ ազգային ջիղ չունի, այլ ծախուած է Միացեալ Նահանգներուն: Մինչ այդ, չմտնենք այն մեկնաբանութիւններուն մէջ, թէ Ֆլէյքի քայլը որո՞ւն ջաղացքին ջուր բերելու կը ծառայէր…։

