ԳլխաւորՅօդուածներ

ԱՆՄԱՀԻ ՄԸ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ծ․Խ.– «Հայկական Նեմեսիս»-ի յիշատակը յաւերժացնող (այլապէս ուշացած) յուշակոթողին բացումը՝ Երեւանի մէջ, այլանդակ բանակռիւի մը առիթ դարձաւ։ Թուրքիոյ պետական դէմքերը, ինչպէս սպասելի էր, սպառնալիքներով հակազդեցին, իսկ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հաճոյանալու տրամադիր՝ Երեւանի իշխանաւորները մրցումի ելան, իրենց ձեռքերը լուալու համար այդ քայլէն (ինչպէս ըրին ու կ’ընեն Արցախի պարագային)։ Մրցումն ի յայտ բերաւ նաեւ ՔՊ-ականներու միջեւ ներքին հակասութիւններ։ Ո՛չ ոք ըսաւ, որ Թուրքիա տարիներ առաջ ոճրային պատմութիւններու գերեզմանէն դուրս բերաւ Հայկական ցեղասպանութեան ոճրագործները, անոնց յուշակոթողները կանգնեցուց հոս-հոն, անոնց անուններով փողոցներ անուանեց, իսկ «Նեմեսիս»-ի յուշակոթողին բացման օրերուն, Ալիեւ ցեղասպաններուն անմիջական ժառանգորդին՝ Աթաթիւրքի անունով փողոց մը կը բանար տժգունութեան եւ դժբախտութեան մատնուած Շուշիի մէջ…։ Թուրքիոյ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ եւ անոր պէս մտածող հայանուններ մոռցա՞ծ են, որ իթթիհատական ոճրագործները՝ ցեղասպանները, օրին, նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ դատ-դատավարութեան ենթարկուած էին ու դատապարտուած էին իբրեւ ոճրագործ…

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button