Ֆրանսացի Լրագրողները Հանդիպում Ունեցան Արցախի Իշխանութիւններուն Հետ

ԵՐԵՒԱՆ․- Մարտ 25-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիելեան Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան մէջ ընդունեց ֆրանսացի երաժիշտ, լրագրող եւ փիլիսոփայ դոկտ․ Իւլիս Մանէսը եւ «Լը Ֆիկարօ» թերթի լրագրող Ատրիէն Պրիանը։
Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Գագիկ Բաղունցը, խորհրդական Արա Պուլուզեանը, ինչպէս նաեւ Հանրային խորհուրդի անդամներ Հերմինէ Աւագեանը, Նարէ Սիմոնեանն ու Ալվարդ Զաքարեանը։
Հիւրերը Հայաստան ժամանած են Իւլիս Մանէսի եւ Հերմինէ Աւագեանի համահեղինակած «Նամակներ դրախտէն, ուր ոչ ոք կայ. Ստեփանակերտ–Փարիզ» գիրքին շնորհահանդէսի առիթով։
Քննարկուեցաւ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ միջազգային հանրութեան իրազեկութեան բարձրացման անհրաժեշտութիւնը։
Արցախի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնած են հիւրերուն՝ այս դժուար ժամանակաշրջանին Արցախի թեմային շուրջ ծաւալած գործունէութեան եւ ցուցաբերած հետեւողական ուշադրութեան համար։
Ընդգծուեցաւ, որ Արցախի հիմնախնդիրը կը շարունակէ մնալ չլուծուած, եւ կարեւոր է, որպէսզի միջազգային հարթակներուն վրայ շարունակաբար բարձրաձայնուի Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու հարցը։
Զրուցակիցները նաեւ նշեցին, որ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» պարբերականը արցախեան շարժումի սկզբնական փուլերէն անդրադարձած է թեմային եւ կը շարունակէ հնարաւորինս յաճախ ներկայացնել ճշմարտութիւնը։
Իր հերթին Իւլիս Մանէսը եւ Ատրիէն Պրիանը վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը շարունակելու լուսաբանել Արցախի շուրջ զարգացումները եւ ներկայացնել առկայ իրողութիւնները միջազգային հանրութեան։

