Լրահոս

Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածու Վալերի Փեքրէս Այցելեց Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ.- Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու տիկին Վալերի Փեքրէս, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը, Հայաստան ժամանած էր, Դեկտեմբեր  22-ին այցելեց Արցախ եւ հոն ալ բարձր մակարդակի տեսակցութիւններ ունեցաւ:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, նշելով, թէ.- «Նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու եւ այլոց ընկերակցութեամբ կատարուած այդ այցելութիւնը ուղղուած է Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան դէմ եւ կը հանդիսանայ երկրի ազգային օրէնսդրութեան խախտում»:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ աւելցուց, որ Վալերի Փեքրէս եւ անոր հետ Արցախ այցելած ներկայացուցիչները կը ներառուին Ատրպէյճանի «Սեւ ցանկ»-ին վրայ։

Երեւան կեցութեան ժամանակ Փեքրէս եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, այցելեցին Ցեղասպանութեան թանգարանը եւ Եռաբլուր պանթէոնը։

Les Republicains (LR) right-wing party’s candidate for the 2022 presidential election Valerie Pecresse visits the Yerablur Military Memorial Cemetery in Yerevan on December 21, 2021. (Photo by Karen MINASYAN / AFP)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button